Յունական ոստիկանութիւնը Աթէնքի արուարձաններէն Քալիվիա շրջանին մէջ գտնուող դղեակի մը մէջ ձերբակալեց 28 անձեր, որոնք զանազան թմրեցուցիչներ եւ ոգելից ըմպելիներ կը գործածէին եւ սեռային անկարգութիւններ կը կատարէին։
Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց նաեւ հաւաքոյթը կազմակերպողը, որ ըստ յունական մամուլին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի զարմուհին է։ Ըստ տրամադրելի տեղեկութիւններուն՝ ան կ՛ապրի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ եւ 2021ին իր ամուսինին հետ ամբաստանուած էր կասկածելի հաշիւներու ճամբով 13․9 միլիոն անգլիական ոսկի «լուալ»ու յանցանքով։
Ալիեւի զարմուհին կ՛ամբաստանուի ապօրինի հաւաքոյթ կազմակերպած ըլլալու մեղադրանքով։ Ոստիկաններուն դղեակը մտնելու պահուն, 28 անձեր մերկ վիճակի մէջ գտնուեցան տան զանազան մասերուն մէջ, մինչ յայտնի դարձաւ, թէ երկու օր տեւած հաւաքին ընթացքին մեծ թիւով այլ հրաւիրեալներ մասնակցած են անոր։
Ալիեւի զարմուհիին մօտ գտնուեցան 14 զանազան տեսակի ծանր թմրեցուցիչներ․ դրամարկղի մը մէջ ոստիկանները գտան շուրջ 44 հազար եուրօ գումար մը։
Ոստիկանութեան յարձակումին ընթացքին նաեւ ձերբակալուեցան երեք ոստիկաններ, որոնք ապօրինի կերպով պահակութիւն կը կատարէին դղեակին առջեւ։
Ըստ ոստիկանական հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութեան՝ 10 անձերու մօտ գտնուեցան թմրեցուցիչներ։ Ձերբակալուած անձերէն մաս մը անցեալին եւս ամբաստանուած էր այսպիսի ապօրինութիւններով։ Անոնք արդէն առաջնորդուեցան դատախազութեան առջեւ. անոնց հասցէին մեղադրանք առաջարկուեցաւ։
Յունական մամուլը որոշ բացայայտումներ կատարեց Ատրպէյճանի նախագահի զարմուհիի ապօրինի գործառնութիւններուն մասին։ 2021ին, Անգլիոյ պետութեան հետ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ, ան եւ անոր ամուսինը 4 միլիոն ոսկիի հատուցում կատարած են, խուսափելու համար իրենց հարստութեան բռնագանձումէն: Ըստ անգլիական transparency.org.uk կայքէջին, ձերբակալուած ամոլը ընդունեց, թէ գումարները Մեծն Բրիտանիա հասան ատրպէյճանական դրամի լուացման մութ ճամբաներով, որ ծանօթ է Azerbaijan Laundromat անունով եւ առնչութիւն ունէր Ատրպէյճանի քաղաքական վերնախաւին կողմէ կատարուած գումարներու լուացման ապօրինութիւններու հետ։ Ըստ կատարուած հետախուզութեան՝ 2012էն 2014, ատրպէյճանական գումարներու լուացման ընթացքին, առաւել քան 2․2 միլիառ ոսկի հայթայթուեցաւ բրիտանական զանազան կասկածելի հաշիւներու։