ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հայրենի հայութեան համար Արեւմտեան Հայաստան այցելելը, հասկնալիօրէն, անկարելիութիւն էր՝ երկաթեայ վարագոյրին պատճառով:
Սփիւռքահայութեան պարագային այդպիսի արգելքներ չկային, սակայն, մինչեւ հիմա չէի այցելած, պարզապէս որովհետեւ ուղղակի եւ երբեմն՝ անուղղակի, կար հակաքարոզչութիւն մը՝ այդ երկիրը չայցելելու: Այո, շատոնց կ՛ուզէի տեսնել եւ միայն նոր անդրադարձայ ու իրականութիւն դարձուցի զսպուած այդ փափաքս եւ գտայ որ ամէն ձեւով պէտք է քաջալերուին դէպի Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնները: Ամէն մարդ պէտք է այցելէ եւ ի՛ր աչքերով տեսնէ այդ հրաշք երկիրը, զոր մենք կը կոչենք «երկիր դրախտավայր», առերեսուինք դառն իրականութեան հետ, գիտակցինք այդ կորուստին պատճառներուն եւ դասեր քաղենք անցեալի մեր սխալներէն, որովհետեւ անոնք միայն արտաքին պատճառներ չեն. կա՛ն նաեւ մեր սխալները: Արցախեան վերջին աղէտի պատճառներէն են նաեւ մե՛ր սխալները, զորս թուելու կարիքը չկայ այստեղ. բոլորը գիտեն այդ մասին:
18 հոգինոց խումբով մը Ջաւախքի ճանապարհով թրքական սահմանը կտրելով՝ մտանք Արտահան մարզը: Բնութիւնը շարունակութիւնն էր Ջաւախքի եւ Շիրակի դաշտի՝ Ամասիոյ եւ Աշոցքի տարածքներու բնութեան: Ալփեան բարձր լեռնային արօտավայրեր, ընդհանուր դատարկութիւն, քիչ բնակավայրեր, շատ արածող կենդանիներ, մեծ մասամբ գետնախնձորի (կարտոֆիլի) մշակութիւններ, մաքուր, ցուրտ եւ առողջարար կլիմայ:
Առաջին կանգառը Ծովակն հիւսիսի լիճի ափն էր (թրքերէն անունը՝ Չիլտըր), ուր կար ծովահայեաց փոքրիկ ճաշարան մը: Նախաճաշը տաք թէյի հետ սքանչելի էր, մանաւանդ որ մեր միտքերը շրջապատին եւ լիճին հին հայկական անունին շուրջ կը թափառէին: Մեր առաջին շփումները ճաշարանին մէջ աշխատող քիւրտերուն հետ էին: Յաջորդող օրերուն պիտի հասկնայինք (թէեւ սկիզբէն գիտէինք), որ ամբողջ Հայկական բարձրավանդակի այսօրուան բնակիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քիւրտերն էին: Քիւրտերը բաղդատած թուրքերուն հետ շատ բարձր ժողովրդագրական աճ ունին: Վեցէն տասը-տասներկու զաւակներ ունեցող ընտանիքները սովորական երեւոյթ են, հետեւաբար, Թուրքիոյ մէջ միջին տարիքը 34 է, իսկ քիւրտերուն պարագային՝ 24-25: Բանակը մեծ տոկոսով կը բաղկանայ քիւրտերէ:
Մէկ ժամ ետք, Անիի աւերակներուն մօտ էինք… Ախուրեանի միւս ափէն՝ Հայաստանէն ընդամէնը մէկ կամուրջի վրայով անցնելու փոխարէն մեզի պէտք եղաւ քշել ութ երկար ժամեր՝ հասնելու հայոց պատմութեան անցեալի հպարտութիւնը ներկայացնող անգնահատելի մէկ գոհարին՝ Անի քաղաքին: Ախուրեանի միւս ափէն տեսնուող աւերակ քանի մը պատերու եւ գետի ափին կիսափուլ մատուռի մը փոխարէն մեր աչքերուն առջեւ էր միջին դարերու megapolis եղող քաղաքի մը մնացորդը, որ 200,000 բնակչութիւն ունէր, եւ Մետաքսի ճամբուն վրայ կարեւոր մշակութային եւ առեւտրական ոստան մըն էր: Աւա՜ղ, մենք զայն կորսնցուցած էինք մեր անմիաբանութեան եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին եւ Վեստ Սարգիսի դաւաճանութեան պատճառով: Ներկայիս Անիի տաճարները կը վերանորոգուին UNESCO-ի հովանաւորութեամբ, անշուշտ, նորոգողները թուրք շինարարներն են: Ծանր ազդեց վրաս Անին բացայայտելս: Չէի երեւակայեր տեսնել այդ աստիճանի փառաւոր քաղաքի մը տակաւին կանգուն մնացորդը:

Շարունակեցինք ճամբան դէպի Արարատեան դաշտի, Սուրմալու գաւառի Իգտիր քաղաքը: Ինչպէ՞ս միտքով չթռչիս դէպի մեր անցեալը ու չմտաբերես հայկական կամաւորական գունդերու պատմութիւնը եւ մանաւանդ Իգտիր քաղաքին մէջ ծնած եւ մեծցած Դրաստամատ Կանայեանը՝ մեր Դրօն: Քաղաքը փռուած է Մեծ Մասիսի արեւմտեան փէշերուն եւ ունի շուրջ 100,000 բնակչութիւն, իսկ շրջանը՝ 200,000, որուն մեծամասնութիւնը քիւրտեր են, քիչ մըն ալ վերջերս Նախիջեւանէն այստեղ հաստատուած ատրպէյճանցիներ:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս թուրքեր չկան: Ցնցող էր սահմանակից Արմաւիր մարզի Նալպանտեան գիւղի այդ աստիճանի մօտիկութիւնը՝ ընդամէնը մայրուղիի ձախ թեւին: Առիթը ունեցայ խօսելու երկու երիտասարդներու հետ, որոնցմէ մէկը քիւրտ էր, միւսը՝ ատրպէյճանցի: Առաջինը ըսաւ, որ իր հայրը կէս հայ էր:
Ճանապարհը դէպի յաջորդ քաղաքը, ուր պիտի իջեւանէինք, ուղղակի Մասիսի փէշերով կը բարձրանար, ուրկէ կ՛երեւէր Երեւանը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ:
Հասկցայ, որ մենք մեր թիւով եւ թուրքերուն ռազմագիտական անհամեմատելի դիրքային առաւելութիւններով, տնտեսութեամբ ու ամէն ինչով, ներառեալ, հաւանաբար, հայրենասիրութեամբ, ոչ մէկ ձեւով կրնանք չափուիլ անոնց հետ, բացի իրական խաղաղութեան ամրապնդումով, լաւ դաշնակիցներով, տնտեսական հզօրացումով եւ մանաւանդ գիտական ոլորտներու զարգացումով, որուն համար կրթութիւնը առաջնահերթ է:
Գիշերեցինք Տոկու-Պայազիտ քաղաքին մէջ: Առաւօտուն, մեր աչքին առջեւ բացուեցաւ մեծ Մասիսը՝ իր ամբողջ հզօրութեամբ: Ուղղակի մեր գլխուն վերեւն էր: Այստեղէն է որ լեռնագնացները՝ քիւրտ զբօսավարներու աջակցութեամբ, կը բարձրանան գագաթը, ուր տասը տարի առաջ զաւակս բարձրացած էր: Այս քաղաքին հետ կապ ունի Րաֆֆիի «Խենթը» վէպին պատմութիւնը:
Նախաճաշէն ետք հրաժեշտ տուինք Տոկու-Պայազիտին՝ ինչպէս թուրքերը կը կոչեն զայն: Դարձեալ անվերջանալի ամայութիւն: Կը զարմանաս, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր տեղաւորուած են առաւել քան 20 միլիոն քիւրտերը… պատասխանը պարզ է. երկիրը ընդարձակ է, իսկ գիւղերը՝ բազմամարդ եւ բազմանդամ ընտանիքներով: Այդ ամայութեան մէջ, ահա՛ Թոնդրակ լեռը, որուն շուրջը՝ սեւ լաւայի տարածքները:
Թոնդրակի տարածքը պատմութեան յայտնի թոնդրակեցիներուն ապրած շրջանն է, ուրկէ անոնք հալածուեցան հայ եկեղեցւոյ դրդումով, օրուան իշխանութիւններուն կողմէ, եկեղեցւոյ դէմ իրենց կեցուածքին պատճառով, եւ որոնք իրենց յեղափոխական գաղափարները տարին նոր հայրենիքները՝ Եւրոպայի զանազան շրջաններ: Այդ տարածքին մէջ էր նաեւ պատմական Արշակաւանը, որուն հետքը արդէն չկայ:
Քանի մը ոլորաններ անցնելէ ետք, մեր աչքին առջեւ պիտի բացուէին Վասպուրական նահանգի դաշտերը եւ սարերը՝ իրենց ամբողջ հմայքով: Պատմական Հայաստանի եւ Բարձր Հայքի սիրտն էր Վասպուրականը:
Խումբէն ոչ մէկ ձայն, ծպտուն չկար. բոլորը իրենց լուռ եւ խոնաւ աչքերը սառեցուցած էին շրջապատին ուղղութեամբ… Կը կարծեմ որ առաջինը ես նկատեցի շատ հեռու հորիզոնէն առաջ՝ Վանայ լիճը…։ Երեւի մէկ ժամ ետք, մեր աջին կապուտակ Վանայ լիճի միւս ափին երեւցաւ Արճէշը, որում անունը դարձած էր Էրճէշ: Հակառակ բոլոր գիւղերուն անունները փոխուած ըլլալուն՝ տեղացիները գիտեն անոնց բուն հայկական անունը:
Քիչ ետք մտանք քաղաքը… Խանութներու եւ զանազան տեսակի վաճառատուներու եւ սրճարաններու կարգ մը ցուցանակներու վրայ կարդացինք «Տոսպ», «Տուշպա» («Արգիշտի», թէեւ չտեսայ) անունները. Վան քաղաքն էր:
Ճամբուն վրայ կէս ժամի չափ վայելելէ ետք Բերկրիի հրաշագեղ ջրվէժը՝ հասանք Վան:
Վանի հին անունը՝ ինչպէս անուանուած է սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ, Տուշպա եւ Վան-Տոսպ, Բիայնիլի երկրանուան հնչիւնափոխուած ձեւերն են: Անիկա հիմնադրուած է Ն. Ք. 825ին, Վանայ լիճի հարաւ-արեւելեան ափին: Մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը, անիկա կը բաղկանար երկու մասերէ: Քաղաքամէջը կամ բուն քաղաքը, եւ արեւելեան կողմը՝ Այգեստան, որ ուռենիներով եւ այգիներով հարուստ թաղեր էին: Հայերուն մեծ մասը մինչեւ 1915 կ՛ապրէր Այգեստանի մէջ եւ մաս մը՝ բուն քաղաքամէջին, ուր կը գտնուէր շուկան: Վանը արեւմուտքէն եւ հարաւէն պաշտպանուած է Տաւրոսեան լեռնաշղթայի մէկ հատուածով, իսկ բուն քաղաքը՝ իր ամրակուռ ամրոց բերդով, որ իր նշանակութիւնը պահած էր մինչեւ 1915, երբ անոր վրայ զետեղուած թնդանօթներով ռմբակոծուած էր իր ստորոտին գտնուող 2500 հայերէ բաղկացած քաղաքամէջը, որ կը պաշտպանուէր Այգեստանէն անջատ հայութեան կողմէ: Այգեստանը որ կը գտնուի Վարագայ լերան ստորոտին, ինքնապաշտպանական կռիւներ մղած էր օսմանեան բանակին դէմ եւ դիմացած ամբողջ 40 օրեր, Արամ Մանուկեանի հրամանատարութեամբ, մինչեւ որ ազատագրուած էր ռուսական բանակին միացած հայ կամաւորական ջոկատներու կողմէ: Ափսոս, մէկ ամիս ետք ռուսական բանակը նահանջած էր՝ ստիպելով կամաւորական ջոկատներուն իրեն հետ նահանջել:

Ամբողջ Վասպուրականի հայ ազգաբնակչութիւնը ստիպուած հեռացած էր նահանջող բանակին հետ եւ տեղափոխուած արեւելեան Հայաստանի գիւղերուն եւ Երեւանի մէջ: Երեւանի այսօրուան Այգեստան թաղամասը այդ վանեցիները հիմնած են:
Վանի բերդը՝ չորս կողմէն պարսպապատ է եւ անառիկ: Մեր խումբէն ոմանց համար իսկապէս դժուար էր բարձրանալ վերեւը՝ մինչեւ Արգիշտիի դամբարանը: Վերէն դիտած՝ հրաշագեղ համայնապատկեր է. Վանայ լիճը իր անդիմադրելի հրապոյրով, Այգեստանը, քաղաքամէջը, ուր հին հայկական թաղամասի միայն քանի մը տուներու յատակագիծերու հետքերը կ՛երեւին, նոր թաղամասերը, Վարագայ լեռը, որուն վրայ կար Վարագայ վանքը, որ ներկայիս գետնին հաւասարեցուած է, կ՛ըսեն, եւ Տաւրոսեան լեռնաշղթան եւ այլ լեռներ, որոնց մէջ իւրայատուկը ձիւնածածկ Սիփանն է: Չեմ կրնար նկարագրել Վանի թողած տպաւորութիւնները մեր վրայ: Պէտք է անձամբ այցելել հոն, որպէսզի անձամբ ապրիք այն բոլորը, զորս իւրաքանչիւրս ապրեցանք:
Պէտք է ուղղուէինք դէպի Վասպուրականի այլ գոհար մը՝ Աղթամար կղզին, որմէ առաջ այցելեցինք Վանայ կատուի տունը, ապա՝ Մհերի դուռը:
Յիշատակութեան արժանի է, որ քիւրտերն ալ զայն կը կոչեն Մհերի դուռ (Mher Kapisi):
Պատմեմ ծիծաղաշարժ դրուագ մը. երբ վարէն կը դիտէինք Մհերի դուռը անոր քովը գտնուող տունէ մը դուրս եկաւ քիւրտ ծերունի մը: Մօտեցայ անոր եւ հարցուցի, թէ ի՛նչ է այս դրան պատմութիւնը՝ ան պատասխանեց՝ ըսելով, թէ ինք չի գիտեր, բայց կ՛ըսեն թէ Մհեր անունով մէկը ներս մտած է եւ դուռը վրան փակուած է. անոր ըսի, թէ ամէն տարի Վարդավառի օրը դուռը կը բացուի եւ Մհերը դուրս կու գայ. ան միամիտ պատասխանեց, որ այդպէս կ՛ըսեն, բայց այսքան տարիներէ ի վեր, այդ օրը ամբողջ օրը արթուն՝ կը նայիմ դրան, բայց ոչ ոքի դուրս գալը տեսած եմ…
Կ՛ուղղուինք դէպի Աղթամար կղզին, որ լիճին չորս կղզիներէն երկրորդ մեծագոյնն է, բայց կարեւորութեամբ՝ առաջինը: Անդին կ՛երեւան Լիմ եւ Կտուց կղզիները: Վարագայ սարը արդէն մնաց մեր ետեւը, իսկ Սիփանը՝ դիմացը:
Լիճը բոլոր կողմերով շրջապատուած է լեռներով. կ՛երեւի մշուշապատ Նեմրութը: Աղթամարը մեր դիմացն է: Նաւամատոյցին, կը տեղաւորուինք նաւու մը վրայ: Ծովը փոթորկոտ է այսօր եւ նաւը ճեղքելով բարձր ալիքները, երբեմն երկու երեք մեթր վեր կը թռչէր: Կղզիին վրայ արդէն կ՛երեւէր Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, անշուշտ առանց խաչի: Տարիներ առաջ, ուզած էին պայթեցնել եկեղեցին, սակայն քիւրտ մը, նկատելով ականապատելու գաղտագողի գործողութիւնը՝ լուր կու տայ թերթերուն եւ Պոլսոյ պատրիարքին եւ այդպէսով քանդումին առաջքը կ՛առնուի: Այսօր, անիկա UNESCO-ի ցանկին վրայ է եւ՝ ապահով:
Նաւը կղզիին շուրջ շրջան ընելով՝ մեզի առիթ կու տայ տեսնելու կղզին՝ բոլոր կողմերէն: Եկեղեցիին եւ անոր վրայ գտնուող զարդաքանդակներու նկարագրութիւնը լսելէ ետք, ազատ ճեմելու պահն էր:
Բարձրացայ ներքեւէն երեւացող դէպի այն ժայռը, ուր Գէորգ Չաւուշ իր մոսինով նկարուած էր եւ անոր միակ նկարն էր: Սակայն, կարելի չէր աւելի մօտենալ, ճաղերով փակած էին ճամբան՝ զգուշացման ցուցանակով մը (Girmek Yasak): Մէկ ժամ ետք, արդէն ծովափին մօտիկ ճաշարանի մը մէջ Վանայ նշանաւոր տառեխը մեզի կը սպասէր: Լսած էի թէ տառեխը աղի է եւ անհամ: Այդպէս չէր, եւ ըստ Տարուինեան օրէնքին (Survival of the fittest), ծովուն միակ բնակիչը՝ չկան ուրիշ տեսակի ձուկեր այնտեղ, որովհետեւ ծովերու ջուրերէն կրկնակի աղի է այստեղ: Լաւ, ուրիշ կենդանի ալ կայ, որ կրցած է լողալ այդ ջրերուն մէջ: Վանայ կատուն իր թաթերուն բադերու պէս ունի մաշկեր, որոնք իրեն թոյլ կու տան լողալ:
Մութը կոխած էր: Կը շարունակենք ճամբան դէպի արեւմուտք: Հեռուն՝ ծովուն աջ կողմը կը փայլփլին Պիթլիս նահանգի Խլաթ (Խլաթ՝ քրտերէն, Ահլաթ թրքերէն) քաղաքի լոյսերը: Կ՛անցնինք Կէվաշ քաղաքէն (թրքերէն անունն է իսկ քրտերէն՝ Վեստան, մեր հայոց Ոստանը): Յետոյ Դատուան քաղաքէն՝ Տարօն-Տուրուբերան նահանգը:
«Էրթանք մըր էրգիրը Մուշ,
Քաղինք բանջար, նուռ ու նուշ,
Ուտինք քաղցր մանանայ,
Խմինք պաղ ջրերն անուշ:
Մուշ, Մուշ, քաղցր Մուշ,
Մուշն է բոլորից անուշ
Ելնինք սարեր իմ Սասուն
Ուր քաջեր կան դիւցազուն»:
Միտքէս կ՛երգէինք թերեւս, գոնէ ես: Հասած էինք Մուշ: Հիւրանոցը քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ էր. անիկա լայն էր, լուսաւոր վաճառատուներով լեցուն: Դէմը՝ քաղաքի ամէնէն մեծ մզկիթը կը բարձրանար:

Առաւօտեան դուրս կու գանք՝ քաղաքը բացայայտելու: Հիւրանոցը եւ փողոցը կը գտնուին գրեթէ քիչ անդին բարձրացող բլուրի փէշերուն. զարմացայ, երբ իմացայ, որ այդ բլուրը Սասնայ լեռներուն սկիզբն է: Անկէ անդին անվերջանալի լեռներ եւ ձորեր կան եւ ամէնէն բարձրները Տալուորիկը եւ Մարաթուկն են. անոնք, դժբախտաբար, այս շրջապտոյտին մաս չէին կազմեր:
Երբեմնի հայկական թաղամասէն շատ բան չէր մնացած, միայն քանի մը խարխլած տուներ եւ հայկական կիսաւեր եկեղեցին, զոր թուրքերը տակաւին այդ ժամանակ բանտի վերածած էին: Հոն է որ բանտարկուած էին հայ յեղափոխականներէն շատեր, ինչպէս՝ Հրայր Դժողք եւ Գէորգ Չաւուշ, որ 101 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, բայց յաջողած էր փախուստ տալ անկէ: Թաղամասին հանդիպակած կողմի բլուրին վրայ կ՛երեւէին սպիտակ քանի մը քարեր, որոնք դամբարաններ էին: Անոնցմէ մին Գէորգ Չաւուշինն է:
Մուշի հայութիւնը 1915ին չկրցաւ փրկուիլ ինչպէս Վասպուրականի եւ Վանի հայութիւնը, որովհետեւ ռուսերը յանկարծ նահանջեցին, երբ Տարօնի դռներուն հասած էին: Այդ պատճառով է որ Վանի մէջ հայկական ծագումով մարդիկ չկան: Սասունի եւ այլ վայրերու մէջ նոյնը կարելի չէ ըսել եւ տրամաբանականօրէն պէտք է այդ ժամանակ առիթը ներկայացած պարագային՝ ներառեալ հաւատափոխ ըլլալով, փրկուած ըլլային: Նոյնն էր Մուշի մէջ, ուր հայերու թիւը 10,000 էր: Մաս մը անոնցմէ, հաւանաբար հարուստները, նկատի ունենալով որ քաղաքի առեւտուրի խանութներուն կէսէն աւելին հայերուն կը պատկանէր, հաւատափոխ ըլլալով՝ փրկուած էին: Կ՛ըսուի, թէ այսօր քաղաքի 100,000 հաշուող բնակչութեան թերեւս 5էն 6 հազարը քրտացած հայեր են: Յատկանշական է, որ այդ հայերուն անպաշտօն առաջնորդը Արմէնն է, որ յաճախ կ՛այցելէ Երեւան: Տեղացիները զինք Արմէն անունով կը ճանչնան:
Կէսօրին, շարժեցանք դէպի Մշոյ դաշտը:
Ճի՛շդ կարդացած գիրքերուս միջոցաւ իմ պատկերացուցած դաշտն է Մշոյ դաշտը՝ շրջապատուած Սասնոյ լեռներով եւ հայկական Տաւրոսով: Մէկ ծայրէն միւսը անիկա 65 քիլոմեթր է: Արարատեան դաշտէն աւելի փոքր է, սակայն, աւելի բարեբեր, աւելի ջրառատ ըլլալուն (անկէ կ՛անցնին Մեղրագետը եւ Արածանին) պատճառով: Թէ առաջ եւ թէ ներկայիս, բնակչութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ: Այժմու բնակչութիւնը կը բաղկանայ բացառապէս քիւրտերէ: Արածանիի վրայ է Սուլուխի հոյակապ կամուրջը, որ նշանաւոր է շատ մը պատմական իրադարձութիւններով: Այս գետին մօտակայքին տեղի ունեցած են բազմաթիւ պատերազմներ, որոնցմէ է նաեւ Մեծն Տիգրանի յաղթանակը Լուկուլոսի հռոմէական բանակին դէմ: Այստեղ, Գէորգ Չաւուշի խումբը, որ Սուլուխ գիւղին մէջ ժողովուրդին հետ հանդիպումէ մը ետք, տեղւոյն դաւաճան հայերու կողմէ մատնութեան պատճառով, պաշարուած էր թրքական բանակին կողմէ եւ կռիւ տուած, երբ Գէորգ Չաւուշ ծունկէն եւ ուսէն վիրաւորուած էր: Խումբը կռուելով պաշարումէն ազատած էր եւ նահանջած կամուրջէն, որմէ ետք պիտի փորձէր ապաստանիլ սարերը: Գէորգը արիւնաքամ ըլլալուն պատճառով չէր կրնար շարունակել քալել, առ այդ, գետի եզերքին եղէգնուտի մը մէջ կը ձգուի: Յաջորդ օրը, խումբը արդէն փրկուած էր, սակայն առանց Գէորգին: Պատահական քիւրտ անցորդ մը ջուրի ափին տնքոց մը լսելով՝ կը գտնէ Գէորգը եւ կը հարցնէ անոր ով ըլլալը, – Գէորգ Չաւուշն եմ- կ՛ըսէ ան, – եւ այդպէս քիւրտի մը թեւերուն մէջ իր վերջին շունչը կը փչէ Տարօն աշխարհի առասպելը դարձած մեր դիւցազունը: Թրքական տեղական իշխանութիւնները, ի պատիւ Գէորգին՝ յուղարկաւորութիւնը զինուորական նուագախումբով կը կատարեն եւ դիակը կը յանձնեն հայ եկեղեցւոյ: Նոյն գետի կամուրջէն բազմաթիւ հայ աղջիկներ, Ցեղասպանութեան օրերուն իրենք զիրենք նետած են Արածանիի մէջ:
Ճամբան կը շարունակենք դէպի Խնուսի դաշտը (թրքերէն՝ Hinis), որմէ առաջ մեր ձախին կը տեսնենք Տարօն աշխարհի վերջին գիւղը՝ Վարդոն (թրքերէն Varto):
Իր զբաղեցուցած տարածքի չափէն դատելով՝ գիւղը մեր Լիբանանի հայաբնակ Այնճար գիւղէն ալ փոքր է, սակայն հոն կ՛ապրին 31,000 անձեր: Ըստ գիւղի գիւղապետին հաւաստի տեղեկութեան՝ բնակչութեան քառորդը՝ շուրջ 5000 անձեր, հայկական ծագում ունին եւ քրտացած են: Յատկանշական է, որ Ցեղասպանութեան օրերուն, Վարդոյի բնակչութիւնը տեղահանուած էր եւ բռնած Տէր Զօրի ճամբան: Ճամբուն վրայ, տեղ մը, գիշերուան մութէն օգտուելով, հինգ ընտանիքներ փախուստ կու տան եւ կ՛ապաստանին Ճուտ լերան անտառներուն մէջ: Անոնք երկար տարիներ կ՛ապրին պահուըտած եւ կ՛որդեգրեն քրտական հագ ու կապը, կենցաղը եւ նոյնիսկ լեզուն, սակայն կը բազմանան ամուսնանալով իրարու միջեւ եւ երբեք օտարի հետ ամուսնութիւններ չեն կնքեր: Կ՛անցնին 31 տարիներ: Աւարտին հասած էին Համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմները. համայնքը 500 հոգի կը հաշուէր եւ կը կոչուէր «Վարդոյի հայ աշիրէթ»: Այս տեղեկութիւնը կը հանի Պոլսոյ պատրիարքարանը: Շնորհք պատրիարքը անձամբ կու գայ այցելութեան եւ դժուարութեամբ կը համոզէ, որ համայնքը իրեն վստահի մանուկները քաղաքը փոխադրելը՝ գոնէ հայեցի կրթութիւն ջամբելու եւ քաղաքակրթելու համար: Պատրիարքը վերջապէս կը յաջողի հետը տանիլ 20 մանուկներ, որոնք որբանոցի մը մէջ կը տեղաւորուին: Հոն, պոլսեցի հայ երիտասարդ մը կը սիրահարի վարդոցի հայ աղջկայ մը եւ անոր ձեռքը կը խնդրէ, սակայն, աղջկան ծնողքը չի համաձայնիր, որովհետեւ իրենք միայն իրարու միջեւ կ՛ամուսնանային: Պատրիարքը անձամբ կը միջամտէ եւ վերջապէս կը կատարուի առաջին «խառն ամուսնութիւն»ը պոլսեցի հայ երիտասարդ Հրանդ Տինքի եւ Ռաքէլի միջեւ: Տարիներ ետք, Վարդոյի բոլոր հայ աշիրէթը կու գայ Պոլիս եւ անկէ կը գաղթէ Պելճիքա:
Ճամբան մեզ կը տանի Խնուս գաւառի գոգաւորութիւնը: Գաւառը մաս կը կազմէ Էրզրումի վիլայէթին՝ Ալփեան մարգագետիներ, բերրի հողեր եւ ջրառատ տարածք: Արեւմտեան կողմը Բիւրակնի (Պինկէօլի) բարձրունքն է, ուրկէ կը բխին Արաքսը եւ Արածանին: Խնուսէն ետք մեզ կը սպասէ Բասէնի դաշտը եւ Հովիւի կամուրջը:
Հովիւի կամուրջը կը գտնուի Բասէնի դաշտի վերջաւորութեան: Անիկա կառուցուած է Վաղարշակ Բ. Արշակունի թագաւորի օրէրուն՝ 183-190 թուականներուն: Կ՛ըսուի, թէ բազմաթիւ շինարար մասնագէտներու ձախողութենէն ետք, զայն յաջողած է կառուցել հովիւ մը: Անոր թրքերէն անունն ալ նոյն իմաստը ունի՝ «Չոպան տէտէ քէօփրուսու»: Անիկա լայն է եւ երկար՝ քանի մը թռիչքներով, որոնց լայն ամրութիւններուն մէջ կան թաքստոց սենեակներ, ուր անհրաժեշտութեան պարագային կարելի էր զետեղել քանի մը տասնեակ մարտիկներ, որոնք թշնամիին դէմ դուրս գալով՝ պիտի խոչընդոտէին անոնց ընթացքը: Կամուրջը Արաքս եւ Մնձուր գետերու միացման կէտին վրայ է:
Քանի մը քիւրտ ձկնորսներու հետ խօսելէ ետք, շարունակեցինք ճամբան դէպի Սարիղամիշի անտառները: Հայկական բարձրավանդակի անտառապատ քիչ վայրերէն է Սարիղամիշի այս տարածքը: Շրջանը յայտնի եղած է իր փայտի մշակման ձեռնարկութիւններով: Սարիղամիշը յայտնի է Համաշխարհային Ա. պատերազմին հոն տեղի ունեցած ռուս-թրքական ճակատամարտով, որուն կը մասնակցէին նաեւ հայկական կամաւորական ջոկատներէն մին՝ Քեռիի հրամանատարութեամբ: Թրքական բանակին սկզբնական յաջողութիւններուն կը յաջորդէ ռուսական վերջնական յաղթանակը: Թուրքերը ամէն ինչ նկատի առած էին բացի Հայկական Բարձրաւանդակին խստաշունչ ձմեռը: Դեկտեմբեր 1914էն մինչեւ Յունուար 1915 երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին, 90,000 զինուորներ հաշուող թրքական բանակին 80,000 զինուորները բառին իսկական իմաստով, ուղղակի ցրտահարելով՝ մահացած էին:

Ոլորապտոյտ ճամբայով, խիտ անտառներու մէջէն կ՛իջնենք դէպի Կարսի սարահարթը: 30 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք Կարս քաղաքն է:
Վերջապէս, մտնելով քաղաքը, նախ կանգ առինք Չարենցի տան մօտ: Տան տեղ կայ միայն ծառ մը, որ նախապէս ալ աճած էր այդ տան բակին մէջ: Նախկին քաղաքապետը իր վերընտրութիւնը ապահովելու համար, տեղւոյն ատրպէյճանցիներուն ձայները շահելու նպատակով, տունը քանդել տուած էր՝ պատճառաբանելով, թէ անիկա թմրամոլներու որջ մը եղած էր:
Յաջորդ վայրը Վարդանի կամուրջն էր, որ քաղաքի Կարս գետին վրայ կառուցուած չորսէն մէկն է: Հայերս շուտով պիտի մտածէինք, թէ կամուրջին անունը ինչ որ կապ ունեցած պէտք է ըլլայ Մամիկոնեաններուն հետ, այլապէս ուրկէ՞ Վարդան… Իրականութեան մէջ անիկա կապ ունի Վարդան անունով խենթ երիտասարդի մը հետ, որ ամբողջ օրը կամուրջին մէկ ծայրէն միւսը կ՛երթեւեկէր: Օր մը, երկու երիտասարդներ ժամադրուած էին այդ կամուրջին վրայ եւ ի՞նչ անուն տային անոր, եթէ ոչ՝ «Վարդանի կամուրջ»: Այդ օրուընէ քաղաքին բնակչութեան համար անիկա կը կոչուի այդ անունով:
Քաղաքը առաջին նայուածքով մեզի կը յիշեցնէ Գիւմրին՝ իր ճարտարապետութեամբ: Տիրական է Կարսի բերդին տեսքը քաղաքին վրայ: Քաղաքի բնակչութեան թիւը շուրջ 100,000 է, որուն մեծամասնութիւնը քիւրտեր են. կան նաեւ թուրքեր, գարափափախներ եւ վերջին երեսուն տարիներուն՝ Ատրպէյճանի Նախիջեւանի մարզէն տեղափոխուած ատրպէյճանցներ: Մնացեալը՝ իրենք զիրենք տեղացիներ յորջորջող փոքրամասնութիւն մը է, որ շատ հաւանաբար հայկական ծագումը քօղարկողներէ կազմուած է:
Բերդը կարելի չէ դիտել առանց անձկութեան եւ յուզումի: Անիկա յայտնի է պատմական տխուր իրադարձութիւններով: Անառիկ է անիկա՝ բարձր եւ ամրակուռ պարիսպներով, իսկ արեւելեան կողմը խոր կիրճի մը վրայ կը նայի, սակայն, անիկա ինկած էր առանց փամփուշտ մը կրակելու թրքական բանակին վրայ, Արցախի երկրորդ պատերազմէն ճիշդ հարիւր տարի առաջ՝ 1920ին եւ ի՜նչ զարմանալի զուգադիպութեամբ 42 օրեր շրջապատման մէջ մնալէ ետք: Կը բարձրանանք վեր, ուր կը բացուի քաղաքին համայնապատկերը, իր գետով եւ չորս կամուրջներով: Բերդին դրացնութեամբ՝ ճիշդ վարը, Կարսի Առաքելոց եկեղեցին է, որ վերածուած է մզկիթի, թէեւ առանց մինարէթի: Ներս պէտք է մտնել առանց կօշիկներու: Մզկիթը կը կոչուի Kumbet Jami, այսինքն գմբէթաւոր մզկիթ:
Կարսը խոր ազդեցութիւն ձգեց մեր վրայ: Անոր անկումը այնքան կը նմանէր Արցախի եւ Շուշիի անկման եւ նոյնքան տարբեր էր: Կարսը ինկած էր առանց դիմադրութեան, համայնավար գործակալներու դերակատարութեամբ, երբ դիմադրող հայ զինուորներուն դիմադրականութիւնը ջլատած էին քարոզելով, թէ համայնավար կարգեր հաստատելով՝ մենք պիտի փրկուէինք: Վերջապէս բերդը պաշտպանողները զէնքերը վար դրած էին՝ հակառակ հրամանատար Մազմանեանի կռուելու թախանձագին յորդորներուն, թէ մենք աւելի ուժեղ էինք թրքական բանակէն թէ՛ դիրքային առաւելութեամբ, թէ՛ թիւով եւ զէնքի առաւելութեամբ: Հրամանատարը, տեսնելով զինուորներուն անձնատրութեան պատրաստակամութիւնը, տեղւոյն վրայ անձնասպան եղած էր: Անիկա տարբեր էր Արցախի անկումէն, որովհետեւ ճիշդ հարիւր տարի ետք, 44 օրերու թէժ մարտերէ ետք, թշնամիին թիւի եւ զէնքի անհամեմատ առաւելութիւններուն, նաեւ որոշ դաւաճանական քարոզչութիւններու (թէ հողերը ծախուած են ու կռուիլը անիմաստ) պատճառով, ճակատի շատ մը դիրքեր փուլ եկած էին:
Ընթրելու ժամն էր: Քաղաքին կեդրոնը գտնուող ճաշարան մը մտանք: Դէմի բոլոր տուները հին հայկական էին: Վերջին պահուն, ճաշարանին տիրոջ հետ խօսքի բռնուեցայ: Անոր հարցուցի դիմացի տուներուն մասին. Ժպիտով մը ան ըսաւ, թէ շատ հին էին: «Գիտես՝ այդ ժամանակ ռուսերը հոս էին», ըսաւ ան: Կարծես երկուքս ալ մեր սահմանները չէինք անցներ, թէեւ գիտէինք ինչի մասին կը խօսէինք, ապա նոյն ժպիտով, քիչ մը կարծես յանցաւոր զգալով, կամ ինծի այդպէս թուեցաւ՝ ան ըսաւ. «Գիտես, ճարտարապետները հայեր էին…»:
Առաւօտեան ժամը 3ին Երեւան հասած էինք: