ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 7 Յունուարին հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մասրուր Պարզանին, որ տեսակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։
Մինչ Միջին Արեւելքի մէջ անցումային նոր իրադարձութիւններ խնդրոյ առարկայ են եւ Թուրքիոյ կշիռքը այս գործընթացին մէջ աւելցած է անհամեմատօրէն, թրքական կողմը տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներուն հետ անմիջական շփման մէջ է։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Պարզանիի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաբերեալ հարցերը։
Էրտողան մատնանշեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կու տայ Իրաքի կայունութեան եւ ապահովութեան։ Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները տարածաշրջանին մէջ դուռ պէտք չէ բանան նոր անկայունութիւններու։ Ըստ Էրտողանի՝ նոր Սուրիոյ մէջ, ապագային տեղ պիտի չունենան «ահաբեկչական» կազմակերպութիւնները։
Էրտողան այլ հաւաքի մը ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիա իր սահմաններէն ներս ապաստան գտած սուրիացիներու վերադարձը ամէն ձեւով պիտի խրախուսէ, սակայն, ոեւէ մէկը վերադառնալ պարտադրելու սխալին մէջ ալ պիտի չիյնայ։
Իր կարգին, Ֆիտան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւնը երկրէն «պիտի մաքրագործէ» Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը։