
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան այցելող Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Իրան իրարու կապուած են բնական շահերով, ինչ որ անսասան երաշխիք է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։
Փաշինեան ընդգծեց Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոր բնոյթը՝ շեշտելով իր կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը` հետեւողականօրէն զարգացնելու եւ ընդլայնելու երկկողմ փոխգործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:
Զրուցակիցները, ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութեան, քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման վերաբերող հարցեր եւ յայտնեցին, որ կողմերը ունին համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ, որոնց կարգին՝ արհեստագիտութիւններու, արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Կարեւոր նկատուեցաւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ուղղութեամբ իրանեան կողմին հետ փոխգործակցութեան զարգացումը: Կողմերը վստահութիւն յայտնեցին, որ մայրուղիի կառուցումը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ նաեւ երկկողմ առեւտուրի շրջանառութեան եւ բեռնափոխադրումներու ծաւալներու յաւելումին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
Ահմատիան նշեց, որ Իրան կ՛աջակցի նախագիծի իրականացման` անոր մէջ ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ:
Ահմատիան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։
Ըստ հայկական կողմին` Գրիգորեան ընդգծեց բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը` հիմնուած Հայաստան-Իրան երկկողմ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ահմատիան իր կարգին նշեց, որ երկկողմ յարաբերութիւնները ունին ամուր հիմքեր եւ որեւէ բան չի կրնար փոխել կամ խարխլել զանոնք:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ այդ պարունակին մէջ Հայաստան-Իրան գործակցութեան հեռանկարներուն եւ նախանշեցին համագործակցութեան նոր ուղիները:
Ըստ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան՝ Ահմատիան վերահաստատեց Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու տարածաշրջանային երկիրներուն միջեւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին՝ հանդիպումին ընթացքին երկու պաշտօնատարները քննարկեցին տարածաշրջանային հարցեր եւ ընդգծեցին Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը: «Ահմատիան ուրուագծեց Իրանի տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը` ընդգծելով Թեհրանի` տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան սկզբունքային կերպով դէմ ըլլալը»: