8 Յունուարին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ։
Սրբազանը Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց կաթողիկոսը՝ Նոր տարուան եւ Սուրբ ծնունդի տօներուն առիթով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ զեկուցեց Սուրիոյ իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին։
Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց թեմին եւ թեմի զաւակներուն։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՄԵՏԱՔՍԵԱՅ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԳՈՐԳ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
Սրբազան հայրը նաեւ կաթողիկոսին յանձնեց գորգագործութեամբ զբաղող՝ հալէպահայ Նանօր եւ Համբարձում Ինճէճիկեաններու՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանին նուիրած մետաքսեայ բարձրորակ գորգ մը՝ 268×192 սմ. մեծութեամբ։
Արուեստի եզակի գործ հանդիսացող մետաքսեայ նրբագեղ գորգը պատրաստուած է հայ վարպետներու ձեռքով եւ շուրջ 250 տարուան պատմական արժէք մը կը ներկայացնէ։
Սրբազանը յանձնեց նաեւ գորգին նկարագրականը եւ մասնագիտական բացատրութիւնները պարունակող թուղթը։