
Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿի ներկայացուցիչները 14 Յունուարին անդրադարձան Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրին՝ նշելով, որ այդ մէկը Հայաստանի գերիշխան իրաւունքն է։
«Գլխաւորը այն չէ, թէ ի՛նչ կը ստորագրես կամ ի՛նչ կը կոչուի այդ փաստաթուղթը, այլ, թէ ի՛նչ կը բխի անկէ: Մենք ալ շարք մը արեւմտեան պետութիւններու հետ ստորագրած պայմանագիրներուն մէջ ռազմավարական գործընկերութիւն կը հռչակէինք։ Բայց այդ փաստաթուղթերուն մէջ մենք անոր մասնակցողներէն չէինք պահանջեր որեւէ երրորդ պետութեան դէմ հանդէս գալ: Ժամանակակից դարաշրջանին մէջ երբեք չէին գրեր, որ մենք ռազմավարական գործընկերներ ենք, ուրեմն դուն պէտք է միանաս պատժամիջոցներուն: Սակայն, այժմ, Սերպիոյ նմանող պահանջներ կը ներկայացուի: Հայաստանէն ալ պիտի պահանջեն», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, շեշտելով, որ Ռուսիա կ՛արժեւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ մտադիր է հետագային եւս զարգացնելու զանոնք՝ դիտել տուաւ, որ Հայաստան իրաւունք ունի իր յարաբերութիւնները զարգացնելու բոլոր երկիրներուն, որոնց կարգին նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ՝ տարբեր ուղղութիւններով։
Փեսքով նոյն ատեն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները երբեք առանձնապէս կայունացնող դեր չէ խաղացած Հարաւային Կովկասի մէջ: Ան յիշեցուց, թէ Հայաստան ի՛նչ շահեր ունի Ռուսիոյ հետ համագործակցութենէն, մասնաւորաբար համարկման գործընթացներու ծիրին մէջ։
Ըստ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովի՝ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացումը Երեւանի գերիշխան իրաւունքն է:
«Ընդհանուր առմամբ, Ուաշինկթընի հետ այսպիսի գործընկերութեան հաստատումը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան իրաւունքն է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ: Այդուհանդերձ, երկու կողմերուն համար հաւասար եւ անբաժանելի ապահովական սկզբունքէ մեկնիլը կարեւոր է. այսինքն` այս գործընկերութիւնը պէտք չէ ապահովական սպառնալիքներ ստեղծէ այլ պետութիւններու եւ միջազգային միութիւններու համար», շեշտեց Թասմաղամպեթով։