Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 21 Յունուարին պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ, կը յայտնէ Alpha News-ը:
Աւելի կանուխ, Լաւրով յայտնած էր, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրուած է Ռուսիա, եւ որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ շուտով։