
Երկուշաբթի, 20 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, 18 միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ՝ այցելեց նախագահական ապարանքը՝ յանուն Լիբանանի հայ առաքելական համայնքին իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնելու Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունին:
Կաթողիկոսին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ. Շահէ արք. Փանոսեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական խմբակի եւ ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Ողջունելով նախագահ Աունի ընտրութիւնը՝ վեհափառը ըսաւ, թէ անոր ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի կեանքին մէջ: «Ընտրութենէն անմիջապէս ետք ձեր արտասանած խօսքը յստակօրէն կը պարզէ ձեր տեսլականը եւ յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ. իմաստուն ու քաջ կեցուածք մը, որ յոյս կը ներշնչէ ժողովուրդին», շեշտեց Արամ Ա.՝ աւելցնելով, թէ «Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնը հարկ է դառնայ Լիբանանի փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն մը»: Կաթողիկոսը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը պատրաստ է գործնապէս մասնակիցը դառնալու այդ առաքելութեան:
Այս առիթով Արամ Ա. նախագահին ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ ներքին եւ թեմական կառոյցներով:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին եւ հայ համայնքին՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն եւ բարեմաղթութիւններուն համար: Ան մեծապէս կարեւոր նկատեց հայ համայնքին մասնակցութիւնը թէ՛ կազմուելիք կառավարութեան եւ թէ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն՝ շեշտելով բոլոր համայնքներուն միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի բարգաւաճում:
Հանդիպումին աւարտին, Արամ Ա. Բարձր Բերդի Աւետարանին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահ Աունին։ Հանդիպումէն ետք, վեհափառը եւ երեսփոխան Բագրատունի կազմութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր կառավարութեան գծով առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցան նախագահին հետ: