
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՆԿՈՒՄ ԿԱՅ, ՕԳՆԵՑԷ՛Ք

Շաբաթ մը առաջ, «սքանչելի» բառին գրական պատմութիւնը տեսանք: Հոգեկան վերելք մը չէ՞ր անիկա: Անոր դրական տրամադրութիւնը ներգործեց մեր մէջ: Անիկա ոգեւորիչ եւ բարձր էր: Ապա, մեկուսացած՝ կարդացի հայրենի մամուլի էջերը: Փափաքս էր՝ հասկնալ, թէ ի՛նչ է հայրենիքի տրամադրութիւնը նոր տարուան առաջին օրերուն: Ափսոսանքով կարդացի. «Հայաստանի ՏՏ (տեղեկատուական արհեստագիտութիւն) ոլորտը անկում է ապրում», «Տուրիզմի (զբօսաշրջութեան) անկում կայ», «5 նիշով անկում է ապրել հայկական ֆուտբոլը»: Մտածեցի, թէ «անկում» բառն է այդ ցաւալի վիճակին հիմնական պատճառը: Առ այդ, յարգելի ընթերցող, այս շաբաթ որոշեցի ուսումնասիրել «անկում» բառին գրական վերելքները եւ անկումները: Մտածեցի, որ եթէ մենք լաւ ուսումնասիրենք «անկում»ին արմատը՝ կարելի է կանխել յաջորդ անկումները՝ բարոյական, տնտեսական, յատկապէս՝ մարզական, որպէսզի հայկական ֆութպոլը այսուհետեւ հինգ աստիճան անկում չունենայ:
ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
Հայը առաջին անգամ ե՞րբ անկում ունեցաւ: Մեր հեթանոս նախահայրերու սովորութիւնները մեզի ծանօթ չեն, որովհետեւ այդ մասին գրական փաստեր չկան: Բայց յստակօրէն գիտենք, թէ 405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց, նախ ստեղծեց այբուբենը, ապա գրի առաւ ապաշխարութեան շարական մը, զոր մինչեւ այսօր կ՛երգենք պահոց օրերուն: Սուրբը խոնարհեցաւ եւ աղօթեց այսպէս՝ «Անկանիմ առաջի Քո եւ խնդրեմ զթողութիւն յանցանաց իմոց»: Հայոց առաջին գրական «անկումն» էր անիկա:
ԻՆԿԱԾ ՏԱՂԱՍԱՑԸ
Շարունակեցի թերթել հայկական միջնադարեան գրականութեան էջերը, եւ զարմանքով տեսայ, թէ բազմաթիւ տաղասացներու համար ներշնչում եղած են Մաշտոցի խօսքերը: Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ Աստուծոյ յայտնեց իր սրտի փափաքը. «Ի յոտս քո անկանիմ»: «Իմ տէր, առ քեզ խոնարհիմ / Եւ առաջի քո ես ծունկս անկանիմ», ըսաւ Ղազար Թոխաթցի: Վարդան Կաֆացի, որ ինքզինք կոչած էր «սրտաբեկ, անառակ, մոլորեալ», ծունկի եկաւ, աչքերը երկինք յառեց եւ աղօթեց՝ «Խոնարհեալ անկանիմ գարշապարիդ ես»:
ՄԵԾԱՄԵԾՆԵՐՈՒ ԱՆԿՈՒՄԸ
Յարգելի ընթերցող, կարդացէք հայկական հին մատենագրութեան էջերը եւ դուք կը տեսնէք, թէ հայ պատմիչները խօսեր են մեծ անկումներու մասին: Զգայացունց արտայայտութիւններ են անոնք: Սարսափեցնող: Ահաբեկող: Ոմանք ալ՝ տխրեցնող: Կազմեցի փոքրիկ համադրութիւն մը, որպէսզի մենք ճաշակենք հիներուն խօսքը. «Անկանիմք ի ձեռս անօրէն իշխանացդ»՝ Եղիշէ, «Անկանին բազումք ի պատերազմին»՝ Սեբէոս, «Անձամբ անկանիք դուք ի ծառայութիւն հեթանոս տէրանց»՝ Բիւզանդ, «Անկումն ամենայնի երկրի»՝ Ագաթանգեղոս: Ա՜խ, ինչպէ՞ս չյիշել Եդեսիա քաղաքը, որ 1144 թուականին ինկաւ նենգ թշնամիի ոտքին տակ: Ներսէս Շնորհալին «Ողբ Եդեսիոյ» երկին մէջ շունչ տուաւ քաղաքին, եւ Եդեսիան պատմեց այդ ողբալի օրը. «Ի բարձրութեանցն վայր անկայ / Պէսպէս ցաւօք հիւանդացայ, յախտս մահու ծիւրեալ անկայ»: Ոսկեդարու վերջին վկայութիւնն է Խորենացիի պատմութեան այն հատուածը, ուր թէպէտ Տրդատ թագաւորը յաղթանակած կը վերադառնայ ճակատէն, սակայն տեղի ունեցած է՝ «անկումն մեծամեծաց», ինչպէս Արտաւազդ Մանդակունի սպարապետինը: Նկատեցի՞ք. «անկում» բառը արդէն իսկ ընդունած է փոխաբերական իմաստ՝ «մահ կամ նահատակութիւն»:
ԱԶԱՏ ԱՆԿՈՒՄ
«Անկանիմ» բայը եւ «-ումն» մասնիկը քով քովի եկան եւ յառաջացաւ «անկում» գոյականը: Ապա, գոյացան անկումի տեսակները, ինչպէս՝ «Ազատ անկում», մարմինի շարժումը անօդ տարածութեան մէջ՝ ծանրութեան ուժի ազդեցութեամբ: Ժամանակի ընթացքին բառս ունեցաւ զանազան փոխաբերական իմաստներ: Երբ Աւետիք Իսահակեանը հաւատաց, թէ «Մարդկութեան փրկութիւնը կապիտալիզմի անկման մէջն է», բանաստեղծը նկատի ունէր դրամատիրութեան ոչնչացումը, կամ՝ կործանումը: «Անկում» բառը նաեւ քաղաքի մը՝ թշնամիի կողմէ գրաւումն է, ինչպէս Եդեսիոյ անկումը, Անի քաղաքի անկումը: Եղան օրեր, երբ թագաւորներ եւ իշխաններ ունեցան «անկում»: Այս մէկը յարմար եկաւ վիպագիր Դերենիկ Դեմիրճեանին, որպէսզի «Վարդանանք» պատմավէպին մէջ ան գրէ. «Վասակը ընկաւ թէ չէ՝ Վարազվաղանին կը բարձրացնեն»: Մերօրեայ զրոյցներուն մէջ կը գործածենք բազմաթիւ այլ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «տրամադրութեան անկում», «առողջական վիճակի անկում» եւ ընկերութեան մեծագոյն թշնամին՝ «բարոյական անկում»:
ԿՆՈՋ ԱՆԿՈՒՄԸ
«Անկում» բառը 20րդ դարուն վերելք մը ապրեցաւ: Փայլուն շրջան մըն էր անիկա՝ պայմանաւորուած գրատպութեան հետ: Բազմաթիւ հեղինակներ իրենց երկասիրութեան անուան մէջ ցանկացան «անկում» բառը տեսնել, զայն ընթերցողին համար գրաւիչ եւ ցնցիչ դարձնելու նպատակով: Պատմական եւ քաղաքական այդ գիրքերը կը կազմեն կոկիկ հաւաքածոյ մը: Ահա 1904էն մինչեւ 2017 լոյս տեսած քանի մը խորագիրներ. «Տաճիկները Կովկասում եւ Բագուի անկումը»՝ Պաքու, «Հաճընի Անկումը Կամ Ցեղին Յարութիւնը»՝ Աթէնք, «Կարսի Անկումը»՝ Երեւան, «Անկում Արտաշիսեան Հարստութեան»՝ Պէյրութ, «Թալաաթի Անկումը»՝ Պէյրութ, «Իզմիրի Անկումը»՝ Նիւ Ճըրզի, «Օսմանեան Կայսրութեան Անկումը»՝ Երեւան…։ Մենք կարդացինք նաեւ կատակերգութիւն մը՝ «Ազգայինճի-ն Կամ Մեծութիւն, Եւ Անկում Պարոն Իգնատիոս Ռուբինեանի»: Կարդացինք նաեւ ընկերային ողբերգական հարցեր քննարկող երկու գիրքեր. «Անկումը Հարստութեան Ճամբուն Վրայ»՝ Պուքրէշ, «Կնոջ Անկումը Անօթութեան Պատճառով»՝ Պոլիս:
ՊԱՅՔԱՐ, ԱՆԿՈՒՄ, ՅԱՂԹԱՆԱԿ
20րդ դարու սկիզբին «անկում»ը փաստեց, որ ինք քնարական բառ ըլլալու տաղանդ ունի: Հայ բանաստեղծը անոր մէջ տեսաւ սիրոյ, հայրենիքի, կեանքի խոր իմաստի գրական պատկերներ: Այդ իմաստասէր այրերէն մէկը Պարոյր Սեւակն էր: Բանաստեղծը երկտողի մէջ նկարագրեց իր կեանքի թռիչքները. «Ես թուրման կոչուած աղաւնու նման / Անկումներով եմ բարձրանում վերեւ»: Չարենցը գիր մը ձօնեց իր սիրելի ընկեր Ակսել Բակունցին. «Երբ առար գրիչ: Եւ այդպէս՝ այդ օրը սկսուեց անկումդ»: Ռուբէն Սեւակը «անկում» բառին մէջ գտաւ սէր: Ան մեզի բացատրեց, թէ իր սրտին մէջ կային խաւարներ, վիհեր, որոնք իր սիրածին տրտում եւ դիւթական նայուածքով կ՛ոսկեզօծուէին եւ կ՛օրհնուէին: Այդ տողերուն մէջ մենք տեսանք կեանքի նպատակը. «Իմ կեանքս թող մո՜ւթ ջրվէժին պէս ըլլայ, / Ու դէպի քեզ անկում մ՛ըլլայ գահավէ՜ժ»: Համօ Սահեան խոր յուզումով դիտեց իր քարքարոտ երկիրը: Այդ օր ծնունդ առաւ «Ուր որ նայում եմ» քերթուածը. «…Ուր որ նայում եմ, քարէ բարձունք է… / Քարէ թռիչք է, քարէ անկում»: Իսկ Դանիէլ Վարուժանը բացատրեց իր դարաշրջանի մեծ ոգին. «Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, դե՛հ անցիր, եւ թող քու մէջ միշտ ապրին / Ջղաձիգ մարտ, ողջակէզ, պայքար, անկում, յաղթանակ»: Այդ սերունդը համոզուած էր, որ անկումին պիտի հետեւէր յաղթանակ մը անպայմա՛ն: Նոյն Վարուժանն էր, որ 12 Մարտ 1912 թուականին, Թոգաթ քաղաքէն ուղարկած նամակի մէջ գրեց. «Ո՜վ Ցեխաքաղաք, ո՞վ պիտի ողբայ քու անկումդ»: Ես, յարգելի ընթերցող, ձեր իմաստութեան եւ մեկնաբանութեան կը թողում, թէ ո՛ր քաղաքի մասին կը խօսէր Վարուժան:
Ո՞Վ ՀՐԵՑ ԶԻՍ
Հայը, կը յիշէ՞ք, «անկում» բառը առաջին անգամ տեսեր էր հոգեւոր երգի մէջ: 1500 տարի առաջ էր անիկա: Իսկ այսօր, գեղեցիկ է տեսնել, թէ բառս կը յայտնուի նաեւ սիրոյ մեղեդիներու մէջ: Տասնամեակ մը առաջ, երգիչ, երգահան, պատմաբան, հնագէտ, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Արմինէ Հայրապետեանը ապրեցաւ կեանքի թռիչք եւ անկում: Ան հիւսեց սիրային երգ մը, որ հարուստ էր բանաստեղծական պատկերներով. «Հորիզոնի բարակ լարին, / Ես կը կախեմ երազը իմ… / Բաց մնացած պատուհանից, / Դուրս եմ թռչում նորից, / Ու լինի թող ինչ լինում է… / Մի թռիչք ու մի անկում ազատ»: Իսկ հայրենի մէկ այլ երգահան եւ երգչուհի Սիւզի Սիրակը վերջերս հրապարակեց իր նորագոյն ստեղծագործութիւնը: Սիրոյ դառն պատմութիւն էր այդ երգը: Սիւզին զայն կոչեց՝ «Անկում»: Այդ երգի խօսքերը լսելէ առաջ, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ՝ մաղթելով, որ ձեր կեանքին մէջ դուք ունենաք բազմաթիւ անկումներ՝ դէպի ձեր սիրածի թեւերը, ինչպէս երազած էր Ռուբէն Սեւակ:
«Թողեցիր ձեռքս
Ու ես ընկայ:
Ո՞վ հրեց ինձ ներքեւ,
Ու քո պատկերը
Սկսեց փոքրանալ:
Ճիչդ խլացաւ,
Մնաց մառախուղը վերեւում»: