

Հռոմի «Cinema delle Provincie» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկացի» ժապաւէնին՝ Հռոմի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ՝ բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերակատար Միքայէլ Կուրճեանի, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Իտալիա։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան եւ «Cineclub international» ընկերութեան նախագահ Փաօլօ Մինութօ:
Ցուցադրութեան աւարտին, բեմադրիչը պատասխանեց հայ եւ իտալացի հանդիսատեսներու հարցումներուն:
Նշենք, թէ Հռոմէն ետք ժապաւէնը պիտի ցուցադրուէր նաեւ Պոլոնիոյ, Փատովա Միլանոյի, Ֆլորանսի եւ Ճենովայի մէջ, ուր կան հայկական փոքր համայնքներ։
2022ին արտադրուած «Ամերիկացի» ժապաւէնը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդ Չարլիին մասին, որուն ընտանիքը այդ ոճրագործութեան զոհ գացած է: Պատմութիւնը կը սկսի 1947ին, երբ Չարլին, այլ հայրենադարձներու հետ կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի Խորհրդային Միութեան համայնավար վարչակարգի դաժան իրականութեան: