1988 Փետրուար 20ին, ամէնէն դժնդակ պայմաններու մէջ, ծայր առաւ Արցախեան ինքնորոշման պայքարը:
1988 Փետրուար 28ին, համաժողովրդական խաղաղ ցոյցերէն հազիւ քանի մը օր ետք, Սումկայիթի մէջ, Խորհրդային Ատրպէյճանը պատասխանեց ջարդերով եւ սպանդով։ Յաջորդեցին Պաքուի եւ Կիրովապատի ջարդերը, որոնց զոհ գացին անմեղ հայորդիներ եւ որոնց հետեւանքով բռնի հայաթափման ենթարկուեցան Ատրպէյճանի բոլոր հայկական բնակավայրերը:
Արցախի ինքնորոշման արդար պայքարը, հազարաւոր հայորդիներու անձնազոհութեան գնով եւ ամէն քայլափոխին պարտութեան մատնելով ատրպեճանական նախայարձակումները, հետզհետէ աւելի ծաւալեցաւ եւ ի վերջոյ հրաշակերտեց այն յաղթանակը, որուն կենդանի ապացոյցն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր:
Այսօր, Ատրպէյճան կը շարունակէ հակահայ իր ոճիրներն ու քաղաքականութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ս.Դ. հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած են Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ միասնաբար ոգեկոչել Արցախեան շարժման 20ամեակը, միասնաբար բողոքել Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայ ոճիրներուն եւ քաղաքականութեան դէմ եւ միասնաբար արծարծել Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը։
Քսան տարի առաջ այս օրերուն կը սկսէր արցախահայութեան պայքարը Հայաստանի հետ վերամիանալու համար. ան վճռած էր ամէն գնով վերամիանալ մայր հայրենիքին վերջ տալով ստալինեան բռնատիրութեան պարտադրած անարդարութեան։ Ինքնորոշման միջազգային իրաւունքէն բխող, Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած եւ խաղաղ միջոցներով արտայայտուած այդ պահանջը փորձ եղաւ խեղդել արեան մէջ։ Համահայկական ճիգերով տարուած այդ պայքարը յանգեցաւ Արցախի ազատագրումին. այս յաջող պայքարին առիւծի բաժինը ինկաւ Արցախի ժողովուրդի ուսերուն վրայ. իսկ Արցախի ժողովուրդին օգնութեան հասաւ համայն հայութիւնը իր բոլոր քաղաքական հոսանքներով։
Արցախեան շարժման սկիզբէն 20 տարի անց, կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։ Արցախի փաստացի ազատագրումին իրաւական ամրագրումը, Արցախի ներկայի սահմանները անխոցելի դարձնելը եւ ազատագրուած Արցախի վերաբնակեցումը այն առաջնահերթութիւններն են, որոնց շուրջ պէտք է համախմբուի համայն հայութիւնը։ Ապահով եւ ուժեղ Արցախը Հայաստանի գոյութեան համար կենսական է։ Միասնաբար նշելով Արցախեան շարժման 20ամեակը, մեր նպատակն է այս գիտակցութիւնը վառ պահել մեր ժողովուրդին մէջ եւ միջազգային համայնքին առջեւ։
Սումկայիթի սպանդէն 20 տարի անց, Ատրպէյճան ոչ միայն կը շարունակէ հայութեան եւ հայկական ամէն ինչի դէմ իր ոճիրները, այլ նաեւ կը սպառնայ Արցախի եւ Հայաստանի գոյութեան։ Ատրպէյճանի այս ոճիրներուն եւ սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ անցնող 20ամեակի իրադարձութիւններու խեղաթիւրումին դէմ մեր միասնական բողոքի նպատակն է միջազգային հասարակական կարծիքին առջեւ բացայայտել Ատրպէյճանի իսկական դէմքը։
Համահայկական համագործակցութեան ուրիշ յաջող մէկ օրինակն է Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը։ Արդարեւ՝ նախորդ դարու վաթսունական թուականներուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ գրեթէ ամբողջութեամբ մոռցուած ու պատմական արխիւներուն մէջ վերջնականօրէն դասաւորուած կը համարուէր։ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի օրերուն երեք ազգային կուսակցութիւններուն կողմէ միջազգային ճանաչման հարցը միասնական ճիգերով յառաջ տանելու համաձայնութիւնը նոր թափ տուաւ այդ աշխատանքին. նոյն օրերուն Սփիւռքի մէջ ծաւալող այդ շարժումին բոլորովին անկախ կերպով միացաւ նաեւ հայրենի հայութիւնը։ Շնորհիւ միասնական ուժերով տարուած աշխատանքին այսօր Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ մեծ նուաճումներ արձանագրուած են. կը մնայ կրկի՛ն համահայկական համախոհութեամբ կատարել Թուրքիայէն հայկական պահանջներու տարազումը եւ այդ ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի։
Առ այդ կոչ կ’ուղղենք համայն հայութեան.
2008ը հռչակել Արցախեան շարժման 20ամեակի տարի եւ միասնաբար նշել այն: Բոլոր միջոցներով շարունակել արցախեան գոյամարտի արդիւնքներու ամրապնդման գործը:
Միասնաբար շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքները՝ մինչեւ որ Ցեղասպանութեան պատասխանատու Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւս փոխէ հայութեան հանդէպ իր վերաբերմունքը՝ ճանչնալով հայութեան իրաւունքները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած այդ ոճիրին համապատասխան ամբողջական հատուցում կատարելով հայ ժողովուրդին:
Յետ այսու ամէն տարի Փետրուար 28ը յայտարարելով Սումկայիթի եւ Պաքուի հայութեան ոչնչացումը խորհրդանշող օր, համապատասխան ճիգով իրազեկ պահել միջազգային հանրային կարծիքն ու բոլոր պետութիւնները՝ մատնանշելով Ատրպէյճանի բոլոր տեսակի՝ անցեալ եւ ներկայ իշխանութիւններուն, հայութեան հանդէպ վարած ոճրային քաղաքականութիւնը:
Վերջապէս, ճիգ չխնայել՝ սատարելու համար Հայաստան-Արցախի պետական կառոյցին զարգացմանն ու ամրապնդմանը:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Երեւան, 6 Փետրուար 2008