
Գեղամ Արք. Խաչերեան Քարոզեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Յունուար 17էն 19, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկասի համայնքին եւ Կիրակի առաւօտեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով. ներկայ էին եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամները եւ շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը: Պատարագիչը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանն էր:
Յընթացս Ս. պատարագի, սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ առիթ մը եւս ընձեռուեցաւ իրեն՝ այցելելու Լաս Վեկասի համայնքին եւ իր խնդութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ապա ան շնորհաւորեց տաճարին անդամները եւ շրջանի հայութիւնը, որոնք իրենց ճիգերը թափած էին՝ ի նպաստ իրենց Հոգեւոր տան հզօրացման եւ տեղւոյն հայութեան կեանքին առաւել կազմակերպման ու բարգաւաճման:
Իր քարոզին մէջ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը վեր առաւ Յովհաննու Մկրտիչին դերը Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին ընդմէջէն եւ բացատրեց, որ ան մկրտութիւն կատարեց Յորդանան գետին մէջ, միշտ ժողովուրդին յայտնելով, որ ինք Քրիստոսը չէ, այլ Ան է, որ պիտի գայ իրմէ ետք եւ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Իրեն:


Լուսաբանելով աստուածաշնչեան այս պատումի միտք բանին՝ առաջնորդը նշեց, որ թէեւ Յովհաննէս Մկրտիչ իր ժամանակի ամէնէն համբաւաւոր դէմքերէն մէկն էր եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, բայց երբեք չշլացաւ իրեն ընծայուած ժողովրդային փառքով, ամբարտաւան չդարձաւ, ոչ ալ մեծամտութիւն ցուցաբերեց, այլ՝ գիտակից իր սահմաններուն եւ Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած իր դերին, ան միշտ իրմէ մեծ ու հզօր դաւանեցաւ Յիսուս Քրիստոսը, որուն համար ան յաճախակիօրէն կրկնեց, որ Ան ինձմէ մեծ պիտի ըլլայ եւ ինձմէ ետք պիտի գայ եւ Քրիստոսի գալստեան պատրաստեց իր հօտը, ժողովուրդը դէպի Քրիստոս առաջնորդելով:
Այս եղելութիւնը բերելով մարդկային կեանք, առաջնորդը յորդորեց ներկաները՝ ըսելով. «Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակով ճանչնանք Քրիստոսի ճշմարտութիւնն ու մեր դերը այս կեանքին մէջ եւ իմանանք մեր սահմանները, ապրինք ու գործենք յանուն ճշմարտութեան եւ մեր շրջապատը առաջնորդենք Յիսուս Քրիստոսի»:
Քիչ մը եւս ընդարձակելով իր յորդորը՝ սրբազանը շեշտեց հայ նոր սերունդները Աստուծոյ ճամբուն մէջ պահելու կարեւորութիւնը՝ անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատք, սէր եւ նուիրուածութեան ոգի սերմանելով ընդմիշտ, որպէսզի փոքր հասակէն սկսեալ անոնք իրենց քայլերը նետեն դէպի ճշմարիտ կեանք եւ իրենց բոլոր օրերուն մէջ քալեն Քրիստոսի բացած ուղիէն:


Քարոզէն ետք, ՀՄԸՄական արծուիկ-գայլիկներ, որոնք ՀՕՄի «Վերժին Քուճաքեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն են, երգեցին Տէրունական «Հայր Մեր»ը, իսկ Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդը կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։ Այնուհետեւ, սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով մատաղի հովանաւոր տէր եւ տիկին Ատուր եւ Արշալոյս Աղճեաններն ու իրենց զաւակը՝ Նարեկը, ինչպէս նաեւ անդամները, վաստակաւոր ծառայողները եւ երիտասարդները ու շնորհաւորեց բոլորը, իր հայրական բարի մաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցելով ներկաներուն:
Յետ արարողութեան, առաջնորդը գլխաւորեց ի պատիւ իրեն կազմակերպուած սիրոյ սեղանը, ապա աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ նորընտիր Հոգաբարձութեան կազմին հետ եւ գնահատեց փոխատենապետի պաշտօնը զբաղեցնող Ատրուշան Արմէնեանի վաստակը եւ գործունէութիւնը՝ յատկապէս երիտասարդ նորընտիր անդամները դէպի Հայ եկեղեցի ու համայնքային կեանքի պատասխանատուութիւններ առաջնորդելու գիտակից կեցուածքին եւ ողջունելի գործունէութեան համար:

Լաւատեսութեամբ տոգորուած՝ սրբազանը նաեւ խրախուսեց փորձառու եւ երիտասարդ տարրերուն միացեալ աշխատանքը եւ միասնականութեան ոգին, ապա պայծառ ու լուսառատ օրեր մաղթեց Լաս Վեկասի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն եւ շնորհաւորեց Յովհաննէս ու Կարապետ անունները կրող բոլոր հայորդիները:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀՕՄԻ «ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
18 Յունուարին, առաջնորդը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան՝ այցելեց ՀՕՄի «Վերժին Քուճաքեան» շաբաթօրեայ վարժարանը, ուր զրուցեց շրջանի միակ հայկական օճախի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ եւ գնահատեց բոլորին անձնդիր աշխատանքը, ապա ան շրջեցաւ կառոյցի բոլոր բաժինները եւ հաճելի երկխօսութիւն մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ:


Սրբազանը նաեւ հայրաբար օրհնեց բոլորը, ուժ եւ կորով մաղթեց վարժարանի վարչական ու կրթական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ համայնքի հայ ընտանիքներուն, անոնց մանուկ զաւակներուն եւ շաբաթօրեայ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն՝ ի սրտէ մաղթելով, որ համերաշխութեամբ աճի եւ բարգաւաճի համայնքային կեանքը բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հայկական ներկայութիւնը կը փայլի աստղի պէս:
Նոյն օրը երեկոյեան, առաջնորդը համայնքի զաւակներուն հետ մտերմիկ ընթրիք մը ունեցաւ եւ իր հայրական ներկայութեամբ հսկեց յաջորդ օրը, յետ Ս. պատարագի օրհնուելիք եւ ժողովուրդին բաժնուելիք մատաղի (հարիսա) պատրաստութեան աշխատանքներուն: