Կիրակի, 26 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին 2025ի հայրապետական հռչակագիրը, որմով ընթացիկ տարին կը բնորոշուի իբրեւ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:
Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նոյն օրը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ յընթացս արարողութեան ընթերցեց հայրապետական հռչակագիրը: Պատարագիչը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանն էր: Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Յետ հռչակագիրի ընթերցման, սրբազան հայրը բացատրութիւն տուաւ հայ ազգային աւանդութիւններու քրիստոնէական ըմբռնումին եւ բարեպաշտական նկարագիրին մասին՝ դիտել տալով, որ հայ հին աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները հայելին են մեր դարաւոր ազգի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային էութեան, ապրելաձեւին ու կենցաղին եւ թէ առաւելաբար անոնք են, որ մեր ազգը կը զատորոշեն ուրիշ ժողովուրդներէ, որոնք եւս ունին իրենց աւանդութիւնները:
Իր խօսքին մէջ ան նաեւ շեշտեց, որ աւանդութիւն եւ սովորութիւն վեր են բոլոր ժամանակներէն իրենց յարատեւութեամբ եւ սերունդէ սերունդ շարունակական բնոյթով՝ աւելցնելով. «Ա՛յս է նաեւ ուժը մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարեպաշտական, ազգային, հայրենասիրական կորովին ու միասնականութեան ոգիին եւ ա՛յս է, որ ազգի մը հաւաքական կեանքին կու տայ իմաստ, բովանդակութիւն, պատմական հենք, նիստ ու կաց, կը ստեղծէ արուեստներ ու մշակոյթ»:
Արամ Ա. վեհափառին թելադրանքին ականջալուր՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ յայտնեց հետեւեալը. «Մենք եւս՝ որպէս Ազգային Արեւմտեան թեմ, առաջնորդ, Ազգային վարչութիւն, հոգեւորական դաս, ծուխեր ու եկեղեցիներ, մեր կարգին, պիտի փորձենք մեր հոգեւոր, ազգային, ժողովրդային ու մշակութային աւանդութիւնները մեր կեանքին մէջ վերակենսաւորել, ինչպէս նաեւ հին բայց ոչ հինցած մեր բարի սովորութիւնները վերակենդանացնել եւ մեր օրերուն մէջ բերել, այլեւ զանոնք սորվեցնել մեր նոր սերունդի զաւակներուն՝ թելադրելով, որ իրենք եւս տէր կանգնին մեր աւանդութիւններուն, բարեպաշտական ու ազգային սովորութիւններուն եւ սիրով կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ՝ իբրեւ նախնիներէն իրենց հասած հոգեւոր, ազգային, մշակութային ինքնուրոյն ժառանգութիւն, ապա զանոնք փոխանցեն իրենց զաւակներուն ու գալիք սերունդներուն»:
Հուսկ, առաջնորդը յորդորեց իր հօտի զաւակները, որ հետեւին վեհափառ հօր ուղենշային մտածումներուն ու թելադրանքներուն՝ ըսելով. «Մեր աւանդութիւնները մեզ կը պահեն աշխարհի վրայ մեծաքայլ յառաջացող համաշխարհային, յարձակունակ մշակոյթէն ու globalization-ի վտանգներէն»: Առաջնորդը լուսարձակի տակ առաւ հռչակագիրին մէջ արձանագրուած չորս կէտեր, որոնց ընդմէջէն հայրապետը շեշտը կը դնէ աւանդութիւններու կարեւորութեան վրայ՝ իբրեւ զօրեղ ու ազդու գործօններ եւ կը թելադրէ, անհրաժեշտութեան կարգով, անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկել, զանոնք դարձնել աւելի գրաւիչ ու մատչելի եւ տանիլ ժողովուրդին՝ յիշեցնելով անոնց կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով, միաժամանակ կարեւորելով՝ աւանդութիւններու մշակումը նոր օրերու շունչով ու յատկապէս սփիւռքեան պայմաններու լոյսին տակ, որպէսզի նոր սերունդի զաւակներ եւս ներգրաւուին մեր կեանքին մէջ եւ իրենց կարգին ապահով պահեն ու հարստացնեն հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները, որոնք կ՛իմաստաւորեն մեր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքը: