Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն։ Նոյնինքն Անկախութեան հանրաքուէին հետեւած Հոկտեմբեր 1991ի ՀՀ նախագահական առաջին ընտրութիւններէն սկսեալ, Դաշնակցութիւնը իր գործուն մասնակցութիւնը ունեցած է իրերայաջորդ բոլոր ընտրութիւններուն, որոնց շարքին հինգերորդը պիտի վճռահատուի 19 Փետրուար 2008ի քուէարկութեամբ։
Նոյնպէս առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութիւնը սեփական թեկնածուով կը մասնակցի ՀՀ նախագահի ընտրութիւններուն։ Փաստօրէն 1991ի նախագահական ընտրութիւններուն եւս Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր սեփական թեկնածուով՝ ատենի օրէնքով նախատեսուած ՀՀ նախագահի եւ ՀՀ փոխնախագահի պաշտօններուն համար առաջադրելով, յաջորդաբար, դաշնակցականներ Սօս Սարգսեանն ու Վահան Յովհաննիսեանը։
Բայց նաեւ ծանօթ իրողութիւն է, որ ՀՀ նախագահի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ ընտրութիւններուն, յաջորդաբար 1996ին, 1998ին եւ 2003ին, Դաշնակցութիւնը չառաջադրեց նախագահութեան սեփական՝ դաշնակցակա՛ն թեկնածու։ Թէ՛ նախագահական առաջին ընտրութեանց անփառունակ արդիւնքը եւ թէ նորանկախ Հայաստանի մանուկ ժողովրդավարութիւնը ազգային ուժերու համախմբումով ամրապնդելու հրամայականը ռազմավարական ընտրանքի վերածեցին միացեալ ճակատով գործելու վարքագիծը։ Այսուհանդերձ, երեք ընտրապայքարներուն ալ, Դաշնակցութիւնը բերաւ շատ աշխոյժ մասնակցութիւն եւ, իր պաշտպանած թեկնածուին (Վազգէն Մանուկեան ըլլայ ան թէ Ռոպերթ Քոչարեան) ընտրական յաղթանակին համար, իր ուժերէն եւ հնարաւորութիւններէն ոչինչ խնայեց։
Հետեւաբար, թէեւ հնարաւոր է բացատրութիւններ գտնել, բայց ըստ ամենայնի հասկնալի չէ, որ քաղաքական որոշ շրջանակներ եւ անոնց հետեւող ընտրազանգուածը ինչո՛ւ համար զարմանքով կամ թերահաւատութեամբ դիմաւորեցին, նախագահական ներկայ ընտրութիւններուն, սեփական թեկնածուով ընտրապայքարի մրցադաշտ մուտք գործելու Դաշնակցութեան որոշումը։
Զարմանքը առաջացաւ իշխանամէտ ճամբարի շրջանակներուն մօտ, որոնք ըստ երեւոյթին կա՛մ պատրաստ եւ կամ ալ տրամադիր չէին ընդունելու, որ Դաշնակցութիւնը ինքնուրոյն գործող եւ անկախ կողմնորոշուող կուսակցութիւն է. այդպիսի՛ն եղած է աւելի քան 117ամեայ իր պատմութեան ընթացքին։ Անոնք դժուարութիւն ունեցան ընդունելու, որ 1998ի իշխանափոխութենէն ի վեր հետեւողականօրէն Ռոբերտ Քոչարեանով ղեկավարուող իշխանութեան կողքին կանգնած Դաշնակցութիւնը կրնայ, երբ քաղաքական պահը հարկադրէ, այսպէ՛ս, առանձին քալելու եւ սեփական թեկնածուով նախագահական ընտրապայքար մղելու քաղաքականութիւն որդեգրել։ Կարծէք չէին հասկնար, որ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՜ս կրնայ մտածել սեփական թեկնածու առաջադրելու մասին, երբ իշխանութիւնը արդէն ունի ՀՀ վաղուան նախագահի ի՛ր թեկնածուն… Մանաւանդ որ այդ թեկնածուն նոյնինքն վարչապետն է, որուն գլխաւորած կառավարութեան գործակից է Դաշնակցութիւնը՝ իր նախարարներով եւ առաջին կարգի գործադիր պաշտօնատարներով…
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր ճամբարին մաս կազմող կամ համակրող շրջանակներ թերահաւատութեամբ հակազդեցին Դաշնակցութեան քայլին։ Այս շրջանակները ամբողջ տասը տարի չուզեցին կամ չկրցան ըմբռնել, որ Դաշնակցութիւնը ինքնուրոյն որդեգրեց եւ իր ազատ կամքով շարունակեց այժմու իշխանութեանց հետ սերտ գործակցութեամբ յատկանշուած իր վարքագիծը։ Այդ պատճառով ալ անոնք այսօր թերահաւատութեամբ կը նային ազգային-քաղաքական իր երթը ինքնուրոյն շարունակելու Հ.Յ.Դ. հաստատակամութեան։ Ոմանք նոյնիսկ ժողովուրդին մէջ կը տարածեն այն տարակուսանքը, թէ եղածը ի նպաստ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան կատարուած նախընտրական խաղ է եւ թէ, ուր որ է, կու գայ պահը, երբ Դաշնակցութիւնը վերադարձ կը կատարէ դէպի իշխանաւոր ճամբարը։
Նախընտրական ժամանակաշրջանը եւ Դաշնակցութեան իրերայաջորդ նախաձեռնութիւնները, անշո՛ւշտ, շատ բան յստակացուցին եւ անհրաժեշտ հիմքը տուին, որպէսզի փարատի թէ՛ իշխանամէտներու զարմանքը, թէ՛ ընդդիմադիրներու թերահաւատութիւնը։
Մայիսի խորհրդարանական ընտրութեանց աւարտին եւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տակ յայտնուած Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական յաղթանակին հետ, փաստօրէն, իր գոյութեան իմաստը կորսնցուց կոալիցիոն կառավարման համակարգը։ Իր ժամանակը սպառեց, նաեւ ու մանաւանդ, ազգային-քաղաքական ուժերու համախմբումով եւ համապատասխան դիմագծով կառավարական մեծամասնութիւն գոյացնելու Քոչարեան-Սարգսեան իշխանաւոր երկեակին ընձեռուած հնարաւորութիւնը։ Իսկ ընդդիմադրութեան դաշտէն ներս առաջացաւ մէկ կողմէ «աւանդական» ընդդիմադիրներու լուսանցքայնացումը, իսկ միւս կողմէ դէպի իշխանամէտ ճամբար որոշ ընդդիմադիրներու դիմաշրջումը։ Նման պայմաններու մէջ ընդդիմադիր դաշտէն ներս ուշագրաւ վերադարձ կատարելու պատեհութիւնը ստեղծուեցաւ ՀՀՇական վարկաբեկ խմբաւորման համար, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահական թեկնածու առաջադրումով՝ անցեալին եւ ներկային միջեւ կեղծ երկընտրանքի ծանօթ բեւեռացումը շիկացուց։
Հայաստանի ներքաղաքական դաշտէն ներս փաստօրէն ստեղծուեցաւ անհաւասարակշռութեան մտահոգիչ վիճակ։ Ընդդիմադրութիւնը յայտնապէս «փոշիացաւ», իսկ իշխանաւոր ճամբարը կորսնցուց անցեալի արատաւոր ժառանգութեան դէմ միացեալ ուժերով պայքարող համախմբումի իր յուսադրիչ դէմքը։
Իսկ իշխանական առանձնաշնորհումներու, քաղաքական ու տնտեսական ստուերային ուժերու կուտակման եւ հակիրճ՝ կոռուպցիայի դէմ յանուն ազատութեան եւ արդարութեան մղուած պայքարը դեռ աւարտած չէր։
Ահա՛ այս ընդհանուր զարգացումէն մեկնելով էր, որ աշնանամուտին, Շուշիի մէջ իր Գերագոյն ժողովը գումարելով, Դաշնակցութիւնը կատարեց ռազմավարական իր ընտրանքը։
Նախագահական ընտրութեանց սեմին, Դաշնակցութիւնը իր ռազմավարութիւնը խտացուց երեք հիմնական առաջադրանքներով.
Առաջին. իր արձանագրած բոլոր բարեկարգումներով եւ ընկերատնտեսական ընդհանուր աճի հաշուեկշռով հանդերձ՝ ազատ քաղաքացիի եւ արդար հասարակարգի ստեղծման համար ծաւալած պայքարը տակաւին կը դիմագրաւէ արմատական բարեփոխումներու մարտահրաւէրը։ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է երթը շարունակելու յանձնառութեան։
Երկրորդ. Հայաստանի վաղուան բարօր օրը կերտելու հաստատակամութեամբ զինուած է մեր ժողովուրդին լայն մեծամասնութիւնը։ Արհամարհելի չէ ազդեցութեան կշիռը քաղաքական եւ հասարակական այն ուժերուն, որոնք լեցուած են երթը շարունակելու վճռականութեամբ։ Համապատասխան ուժերու լարում առաջացնելու եւ կեդրոնացնելու նպատակով՝ Դաշնակցութիւնը կ՚որոշէ իր սեփական՝ դաշնակցական թեկնածուով մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն։
Երրորդ. Հայաստանի ապագան նուաճելու պայքարը, ամէն բանէ վեր, կը պայմանաւորուի մեր ժողովուրդի լայն ընտրազանգուածին ուժական մասնակցութեամբ՝ ընտրապայքարի բոլոր փուլերուն։ Ժողովրդավարական գործընթացի հունաւորումն ու ընդլայնումն են համընդհանուր մեր յառաջխաղացքի բանալին։ Մինչեւ անգամ ու մանաւանդ նախագահական թեկնածուներու առաջադրման մէջ իր խօսքը պէտք է ունենայ ընտրազանգուածը. առ այդ՝ նախագահական իր սեփական թեկնածուին ճշդորոշման համար, Դաշնակցութիւնը կ՚առաջադրէ Վահան Յովհաննիսեանի եւ Արմէն Ռուսատամեանի անունները, որոնց միջեւ նախնական ընտրանք կատարելու դիմումով ալ ներկայացաւ իր ընկերներուն եւ համակիրներուն։
Ռազմավարական այս մեկնակէտով Դաշնակցութիւնը սեփական թեկնածուով մտաւ նախագահական ընտրապայքարի մրցադաշտ։