Ալմաթիի մէջ գումարուեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը`ԵԱՏՄի անդամ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի մասնակցութեամբ:
Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որ ելոյթ ունենալով՝ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանով անցնող բեռնափոխադրութիւններու ծաւալները կ՛աճին կայուն կշռոյթով, եւ Պաքու այդ կարելիութիւնները «հաճոյքով կ՛առաջարկէ Եւրասիական տնտեսական միութեան իր գործընկերներուն»: