«Հորիզոն» շաբաթաթերթի Դեկտեմբեր 10, 2007ի թիւով Յակոբ Պալեան իր սիւնակի ուշադրութեան առարկան դարձուցած էր հայերէն ընթերցանութեան նուազումը: Թէեւ գրութեան մտահոգութիւնը կը թուի ընդհանրական ըլլալ, սակայն յօդուածին մէջ տեղ գտած ակնարկութիւնները կը վերաբերին միայն սփիւռքեան իրավիճակին: Ամբողջովին կը բաժնեմ հոն տեղ գտած տեսակէտները՝ երեւոյթին մասին: Աւելի ուշ սակայն՝ պիտի անդրադառնամ առաջարկուած լուծումներուն:
Յստակ է, սկսելով անձնական փորձառութենէս՝ ընտանիք եւ միջավայր, որ հայերէն կարդացողներու թիւը Սփիւռքի մէջ նահանջ կ’արձանագրէ: Յակոբ Պալեան կը թուի ախտաճանաչում կատարած ըլլալ ու յանգած՝ եզրակացութիւններու. «Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն հայկական գրադարանները, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ: Տեղ մը ապակեդարաններ հաստատուեցան, բայց փեղկերը փակ մնացին մէկ հատ գիրք չելաւ այդտեղէն, եւ ոչ իսկ մէկ նոր գիրք գումարուեցաւ եղածներուն վրայ»: Ինչո՞ւ:
Յօդուածագիրը պատասխան չի տար, սակայն հետագայ տողերէն կը հետեւցնենք, թէ կարեւոր կը համարէ, ի շարս այլոց, ընթերցանական երեկոներու միջոցով հետաքրքրութիւն արթնցնել եւ վերականգնել ընթերցանութեան սովորութիւնը: Առաջին ակնարկով, որպէս լուծում՝ ընդունելի եւ տրամաբանական է:
Այլ տեղ մը յօդուածագիրը սնոպիզմ կը համարէ հայերէն չկարդալու սովորութիւնը. կ’առաջարկէ գիրքը, թերթը մատչելի դարձնել: Քիչ ետք զարմանալի կը նկատէ, որ երիտասարդ մը նախընտրած ըլլայ աղմուկ հանած գրքի մը ֆրանսերէնը կարդալ փոխանակ հայերէն թարգմանութեան, եւ կրկին անհրաժեշտ կը նկատէ հայերէն գիրքն ու թերթը մատչելի դարձնել բոլորին:
Անկասկած հայերէն ընթերցանութեան նուազումին մասին հնչող առաջին ահազանգը չէ ասիկա: Մարկ Նշանեան, իր «Age et usage de la langue armenienne» գրքի վերջաբանով, թարգմանաբար կ’արտատպէ Յարութիւն Քիւրքճեանի՝ «Ազդակ»ի ու ապա «Հայրենիք»ի մէջ տպուած մէկ յօդուածը, որմէ կը կատարեմ հետեւեալ երկարաշունչ մէջբերումը՝ նախքան Յակոբ Պալեանի գրութեան անդրադարձս: Աւելցնեմ, որ տրամադրութեանս տակ ունիմ միայն Նշանեանի թարգմանութիւնը, եւ հետեւաբար այս մէջբերումը կը հանդիսանայ ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն:
«Կէս դարէ աւելի է, որ արեւմտեան մեր Սփիւռքի համայնքները հայերէն չեն խօսիր այլեւս … եւ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ խօսուած հայերէնը անհամ ճաշի կը նմանի. հայագիտական մեր ամպիոնները ոչ նախանձելի վիճակ մը կը պարզեն: Աւելցուցէք ասոնց վրայ նուազագոյն ընդունելի մակարդակով հայ լեզուի եւ պատմութեան դասագրքերու գայթակղեցուցիչ բացակայութիւնը. նաեւ, արեւմտահայերէնի գրական թէ գիտական եզրերու զարգացման նպաստող պայմաններու բացակայութիւնը: Տակաւին չխօսելու համար ամբողջ Սփիւռքը դիմորոշող «պարզութեան պաշտամունքին» մասին, զոր պէտք է շրջանցել արեւմտահայերէնը նոր բառերով ու խորքով օժտելու իւրաքանչիւր փորձի ընթացքին: Փորձառական բանաստեղծութիւն գրել արեւմտահայերէնո՞վ. սրբապղծութի՛ւն: Հոգեբանական թէ ընկերաբանական երկեր ներկայացնել արեւմտահայերէնո՞վ. ցնորութի՛ւն: Փիլիսոփայական փորձ-գրութիւննե՞ր, խօսիլ գոյութենականութեան կամ կառուցողականութեան (structuralisme) մասի՞ն. չինարէն: Ըսուածին մէջ հիմնականը, կը կրկնեմ, արեւմտահայերէնի գրական թէ գիտական-բանասիրական զարգացման նպաստող առարկայական թէ ենթակայական պայմաններու բացակայութիւնն է»:
Քիւրքճեանի եւ Պալեանի մօտեցումները յստակօրէն կը տարբերին իրարմէ: Մինչ առաջինը կ’ափսոսայ լեզուի զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններու բացակայութիւնը եւ այդ զարգացման մէջ կը տեսնէ լուծումը, Պալեան՝ իր այս յօդուածով, շեշտը կը դնէ ընթերցողին վրայ ու որպէս լուծում կ’առաջարկէ ընթերցանութիւնը քաջալերող միջոցներու տրամադրութիւնը: Քիւրքճեանի համար արեւմտահայերէնի ճահճացումը եւ հետեւաբար՝ ընթերցանութեան նուազումը, հետեւանքն է գրական թէ գիտական բառամթերքի զարգացման պակասին ու համապատասխան գրականութեան բացակայութեան:
Ընդունինք սակայն, որ կացութիւնը այդքան ալ պարզ չէ: Քիւրքճեան Սփիւռքին վստահած է աւելի խոշոր դեր, քան այն, որ ան կարող է ստանձնել: Սփիւռքի իրավիճակը ընդհանրապէս հետեւեալն է. իւրաքանչիւր հայախօս, մայրենիին կողքին անպայման կը տիրապետէ ՄԱԿի մէջ գործածուող գլխաւոր լեզուներէն գոնէ մէկուն, այսինքն ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, արաբերէն թէ ռուսերէն լեզուներուն: Առաւել, Սփիւռքը պետութիւն չէ, ոչ միայն իր կարողականութեամբ՝ նիւթական, մարդուժ, այլեւ իր պէտքերով: Հայերէնով գիտական գործ արտադրելու համար, առնուազն պէտք է հայրենիքի մէջ աշխատագործել. հայերէնով հոգեբանական երկեր կամ համալսարանական ուսումնասիրութիւններ ու աւարտաճառեր գրելու համար՝ այդ լեզուով պէտք է ուսանիլ: Իսկ սփիւռքահայը, ընդհանրապէս օտար լեզուով է, որ կը զարգացնէ իր գիտական եւ բանասիրական բառապաշարը: Քիւրքճեանի ախտաճանաչումը ճշգրիտ է՝ երբ լեզուի զարգացումը նախապայման կը նկատէ ընթերցանութեան զարգացման, սակայն իր երազը դժուար իրականանալի է ճիշդ վերեւ նշուած պատճառներով:
Գալով Պալեանի յօդուածին, առհասարակ ընթերցանութեան սէրը զարգացնելու լաւագոյն միջոցը կանուխ տարիքէն այդ սէրը մշակելու մէջ կը կայանայ: Սա կ’ենթադրէ մանկապատանեկան աշխոյժ եւ բազմատեսակ գրականութեան մը գոյութիւնը, բան մը, որուն բացակայութենէն կը տառապի Սփիւռքը:
Աւելի ուշ՝ ի՞նչ գրքերով հետաքրքրել սփիւռքահայ բազմալեզու երիտասարդը եւ կամ ընթերցասէր անհատը, որուն խորունկ եւ բարդ լեզուամտածողական աշխարհը երբեք հայերէնը եղած չէ: Ինչո՞ւ զարմանալ, որ գիրք կարդացող չկայ, երբ Վահէ Օշականէն, Պըլտեանէն, Սարաֆեանէն ու Կարապենցէն դուրս հազիւ քանի մը գրող ունինք, որ իրենց գործերուն գլխաւոր առանցքը ցեղասպանութիւնը դարձուցած չըլլան, այսինքն՝ պատմած ըլլան իրենց դարը եւ ժամանակակիցները հետաքրքրող պատումներ: Ինչո՞ւ զարմանալ, որ ընթերցողը աղմուկ հանած գրքին թարգմանութեան փոխարէն ֆրանսերէն բնագիրը նախընտրէ, երբ ան կանուխ տարիքէն չէ տիրապետած մայրենիին եւ կամ երբ բնագրով կարդալը միշտ ալ աւելի հաճելի է:
Լաւապէս կը հասկնամ Յակոբ Պալեանի տուայտումները, սակայն առանց պարտուողական ըլլալու, ինծի կը թուի, թէ անել ոլորտի մը մէջ կը թաւալինք, սպասելով ընթերցողներու կամ ալ՝ այժմէական սփիւռքահայ գրականութեան: Երկուքը իրարու սերտօրէն առնչուած են անշուշտ եւ անհրաժեշտ է զանոնք զարգացնել զուգահեռաբար, ընթերցողը փոքր տարիքէն կապելով հայերէն գրքին, իսկ այժմէական ու բազմասեռ գրականութիւն մշակելու համար ստեղծել նախապայմաններն ու տրամադրել հարկ եղած վարկերը՝ ուժ տալով հայագիտական ամպիոններու եւ հայ վարժարանին:
Առաջինին գծով, ընդունիլ որ մանկական հարուստ գրականութենէն անդին, զորս դժբախտաբար կը ներկայացնենք ցաւալի եւ անհրապուրիչ տեսքով եւ որուն միջոցով՝ ամենալաւ պարագային մինչեւ 7-8 տարեկան փոքրերը կրնանք հայ գրքով հետաքրքրել, պատանեկան գրականութիւն չունինք եւ հարկ է 9-15 տարիքի պատանիները մեր ուշադրութեան առարկան դարձնել: Այս գծով, եւ մեկնելով անձնական փորձառութենէս, ջերմ հաւատացողն ու պաշտպանն եմ պատկերազարդ գիրքերու դրական ու բարերար ներգործութեան: Օտարալեզու համարժէք ինծի ծանօթ միակ հայկական գործը պարսկահայ հրատարակութեամբ «Սասնայ տուն» շարքի առաջին (վերջի՞ն) գիրքն է, տպուած 1982ին: Ասկէ անդին, ատենօք «Մկոն ու Չալոն» շարքով, իր ժամանակին համար հետաքրքրական փորձ մըն էր Համոյի ստեղծագործութիւնները, որ դժբախտաբար ընդհատուեցաւ եւ երբեք գրքոյկով չհրատարակուեցաւ: Հարկ է զարգացնել այս մարզը եւ նոյնիսկ, եթէ պէտք է, որակաւոր գործերու թարգմանութիւնները տրամադրել, ինչպէս օրինակ, բաւական ուշացած բայց եւ այնպէս խիստ օգտակար՝ «Tintin»ի հրատարակութիւնը:
Գալով արեւմտահայերէնի զարգացումին, աւելի կոթողային աշխատանք կ’ենթադրէ այս մէկը, որուն նախապայմաններէն է ընթերցող ունենալ. վերեւ յիշուածը, եւ Սփիւռքի վարժարաններուն ու համալսարաններուն մէջ հայագէտներ պատրաստել, որոնք պիտի ստեղծագործեն այդ լեզուով: Բաւական դժուար իրականանալի գրաւ մը, որուն մասին մտածելէ առաջ թերեւս հարկ է խորհիլ Հայաստանի եւ արեւելահայերէնի մասին, լեզուներու երկու ճիւղերուն վերամիացման քաղաքականութեան մասին: