1 Փետրուարէն սկսեալ, Եւրոպական յանձնաժողովին մէջ կը գործէ Ընդլայնման եւ Արեւելեան հարեւանութեան հարցերու գլխաւոր տնօրինութիւնը, որ պատասխանատու է թեկնածու երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկիրներուն հետ ընդլայնման եւ անդամակցութեան բանակցութիւններուն:
Եւրոպական յանձնաժողովէն յայտնեցին, որ ասիկա կը ներառէ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ հաղորդակցութիւն, ինչպէս նաեւ ընդլայնման առաւելութիւններուն մասին գործընկերները տեղեակ պահելը:
Գլխաւոր տնօրինութիւնը կը զբաղի Եւրոպական Միութեան ֆինանսական եւ արհեստագիտական աջակցութեան ընդլայնումով՝ գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան հարեւանութեան երկիրներուն, ինչպէս՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Պելոռուս: Բացի այդ, այս կառոյցը Ուքրանիոյ մնայուն եւ կայուն աջակցութիւն պիտի տրամադրէ: