
Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի օր ելոյթ մը ունեցաւ Ուաշինկթընի Atlantic Council-ին մէջ, ուր Պաքուի պատերազմական ոճիրներուն միջազգային հետապնդումը կասեցնելու նախանշանը տուաւ։
Անցեալ ամիս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար տակաւին քննարկուող հարցերէն մէկը Պաքուի դէմ միջազգային ատեաններու մէջ բացուած դատերէն հրաժարիլն է։
Փաշինեան Երեքշաբթի օր հաստատեց, թէ համաձայնագրին 17 կէտերուն 15ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, իսկ մնացեալ երկու կէտերն են՝ միջազգային ատեաններուն ներկայացուած դատերէն ձերբազատելու եւ Հայաստան գտնուող եւրոպացի դէտերը հեռացնելու Պաքուի պահանջը։
«Կէտերից մէկը վերաբերում է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանի երկայնքով երրորդ կողմի ուժերի տեղակայմանը։ (…) Միւս կէտը վերաբերում է մէկը միւսի դէմ իրաւական կառոյցներում ներկայացրած բողոքներին։ Գաղափարն այն է, որ բոլոր այդ բողոքները չեղարկուեն։ Ընդհանուր առմամբ, մենք այս գաղափարին եւս դէմ չենք, բայց մեր առաջարկը կայանում է ոչ միայն այդ բողոքները չեղարկելու մէջ, այլ նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններում այդ հարցերը եւս չբարձրացնելու մէջ», ըսաւ Փաշինեան։
Ատրպէյճանի դէմ դատերը ետ քաշելու՝ Փաշինեանի կեցուածքը խոտոր կը համեմատի Պաքուն իր պատերազմական ոճիրներուն համար պատասխանատուութեան կանչելու անցեալի կեցուածքներուն։ Դատերը բացուած են Արդարութեան միջազգային ատեանին եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ եւ հոն մատնանշուած են Ատրպէյճանի բազմաթիւ մարդկային իրաւանց խախտումները, ներառեալ՝ հայ գերիներու շարունակուող բանտարկութիւնը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան բնաջնջումը եւ Արցախի հայաթափումը։
Այսպիսի կեցուածք մը վտանգի տակ կը դնէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն համար Քոնկրեսի եւ այլ երկիրներու մէջ շարունակուող պայքարը, որուն մաս կը կազմէ ատրպէյճանցի ղեկավարներու դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը, Պաքուին տրամադրուող աջակցութիւններու կասեցումը, հայ գերիներուն ազատ արձակման եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին ապահովումը։
«Մենք առաջարկում ենք վերջ դնել կոնֆլիկտային (հակընդդիմական) հարցերի շուրջ յետագայ քննարկումներին եւ բացել երկկողմ յարաբերութիւնների նոր դարաշրջան՝ սկսելով նոր ու մաքուր էջից», աւելցուց Փաշինեան, տեղի տալով անպատիժ մնալու Պաքուի պահանջին եւ վտանգի տակ դնելով հայ գերիներուն եւ Արցախէն տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքները։
Միջազգային ատեաններու մօտ Հայաստանի գլխաւոր ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, պատասխանելով անցեալ ամսուան Ալիեւի պնդումին՝ յայտնեց, թէ Պաքուի դէմ բացուած դատերը խոչնդոտ չեն խաղաղութեան համաձայնագրին առջեւ, այլ ընդհակառակը, անոնց լուծումը համաձայնութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ կը դնէ։ Իրականութեան մէջ, Ատրպէյճանի շարունակուող սպառնալիքները, Հայաստանէն հողերու բռնագրաւումը եւ գերիներ պահելով դիւանագիտութիւն խաղալու քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանէն յաւելեալ հողային զիջումներու եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջներն են, որոնք վտանգ կը սպառնան խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։