Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի հետ փոխադարձութեան սկզբունքով միջազգային դատական հաստատութիւններէն դատերու հաւանական յետս կոչելու մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը՝ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կողմէ այդպիսի քայլ մը պատճառ պիտի դառնայ միջազգային ասպարէզին մէջ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ իրաւական գործիքակազմի մը կորուստին:
«Արմինֆօ»ի թղթակիցին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին, Ստեփանեան շեշտեց, որ այդ որոշումը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն արցախցիներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, այլ նաեւ էապէս ազդել Հայաստանի դիմագիծին վրայ ` վտանգելով երկրին՝ իբրեւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքով առաջնորդուող պետութեան կարգավիճակը: Ան շեշտեց, որ այդ մտահոգութիւնները կը կիսեն ոչ միայն Հայաստանի իրաւապաշտպան հանրութեան, այլ նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչները:
Ստեփանեան լուսարձակի տակ առաւ այն փաստը, թէ իր կարծիքը կը կիսեն նաեւ յայտնի հայ իրաւապաշտպաններ, ինչպէս՝ Սիրանոյշ Սահակեան, Արման Թաթոյեան, Արա Ղազարեան եւ Արտակ Բեգլարեան:
«Եթէ հայցերը հետ կանչուեն, դա անդառնալի վնաս կը հասցնի 150,000 արցախցիների իրաւունքներին: Դա կը նշանակի հերթական դաւաճանական գործողութիւն, որն արցախցիների իրաւունքները վերածում է քաղաքական առեւտրի առարկայի` Ադրբեջանի հետ ինչ-ինչ պայմանաւորուածութիւնների հիման վրայ։ Հայաստանի կողմից դա ազդանշան կը լինի, որ միջազգային ասպարէզում քաղաքական, տնտեսական եւ այլ շահերն ունեն գերակայութիւն մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան նկատմամբ: Բացի այդ, դա բացասաբար կ՛անդրադառնայ Հայաստանի` որպէս իրաւունքի գերակայութեանը հաւատարիմ պետութեան հեղինակութեան եւ կարգավիճակի վրայ, որը պատրաստ է սակարկել 150,000 արցախցիների իրաւունքների շուրջ` հրաժարուելով իր իրաւական առաջնահերթութիւններից», բացատրեց Ստեփանեան։
Խօսելով դատերը յետս կոչելու պարագային արցախցիներու հնարաւոր գործողութիւններուն մասին՝ Ստեփանեան ըսաւ, որ անոնք պիտի կարենան միայն գանգատներ ներկայացնել ՄԻԵԴին` իրենց գոյքին վերաբերեալ: Սակայն, ան աւելցուց, որ այդպիսի դիմումներ այլեւս այդքան արդիւնաւէտ չեն ըլլար։ «Եթէ հայցերի յետկանչն, այնուամենայնիւ, տեղի ունենայ, ապա միջազգային կազմակերպութիւնների եւ Հայկական Սփիւռքի աջակցութեան հրատապ անհրաժեշտութիւն կ՛առաջանայ, որպէսզի գոնէ մասամբ փոխհատուցի արցախցիների իրաւունքների պաշտպանութեան կորցրած հնարաւորութիւնները»:
Ստեփանեան յայտնեց, որ այդպիսի իրավիճակի մը մէջ յայտնուելով՝ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ սկսիլ զանգուածաբար անհատական գանգատներ ներկայացնելու դատարան` գոյքային պահանջներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով: Ան ընդգծեց, որ ասիկա լուրջ իրավիճակ մը պիտի ստեղծէ, երբ սահմանափակ ժամկէտներու ընթացքին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կարելի եղածին չափ շատ անհատական կամ հաւաքական բողոքներ ներկայացնել: «Սակայն նման գործողութիւնները չեն կարող փոխհատուցել եւ չեն ունենայ նոյն կարեւորութիւնը, ինչ պետութեան կողմից ներկայացուած միջպետական բողոքները», ըսաւ Ստեփանեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հայցերը փոխադարձութեան սկզբունքով յետս կոչելու Հայաստանի իշխանութիւններուն պայմանը կարեւորութիւն չի ներկայացներ: Ան դիտել տուաւ, որ իրական սպառնալիքը Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած պահանջն է:
Անդրադառնալով Փաշինեանի կողմէ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ (ՄՔԴ) հետաքննութենէն հրաժարելու հաւանականութեան եւ այդ քայլին ունենալիք հետեւանքներուն՝ Ստեփանեան վստահեցուց, որ Հայաստանի վարչապետը այդպիսի լիազօրութիւններ չունի, բացի այդ, ըստ Ստեփանեանի, ներկայիս ՄՔԴի մէջ միայն դիմումներ կան, օրինակ` Արտակ Բեգլարեանի կողմէ ներկայացուած, բայց այդ գործերը տակաւին վարոյթ չեն ընդունուած, առ այդ, անհանգստութիւն կայ, որ այդ հաստատութենէն որեւէ բան մը վաղաժամ յետս կոչուի: «Բեգլարեանի ներկայացրած հայցերը կը քննուեն միայն այն դէպքում, եթէ դատարանը լրջօրէն զբաղուի այդ հարցերով: Այս պահին այնտեղ չկան գործեր, որոնք կարող են որեւէ երաշխիք ունենալ: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը չի կարող հայցերը յետ վերցնել, քանի որ պետական մակարդակով նա դրանք, ըստ էութեան, դատարան չի ներկայացրել», վստահեցուց Ստեփանեան, ըստ որուն, տարբեր բան է Հայաստանի կողմէ ՄԻԵԴին ներկայացուած հայցերը:
«Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից Ադրբեջանի ճնշման ներքոյ միջազգային դատարաններից հայցերի յետկանչը կանխելու միակ ճանապարհը հանրային բողոքն է եւ մասնագիտական հանրութեան աջակցութիւնը, որոնց ճնշման ներքոյ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հրաժարուեն այդ կործանարար քայլից», ըսաւ Ստեփանեան:
Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ Ատլանտեան խորհուրդի Եւրասիական կեդրոնի աւագ տնօրէնին հետ հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով միջազգային դատական ատեաններէն փոխադարձ հայցերու յետս կոչման՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ մէկը ընել երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ այդ հարցէն հրաժարելու պայմանով։