Ատրպէյճան յայտնեց, որ բացայայտած է Ռուսիոյ շահերը ներկայացնող խումբ մը։ Այս մասին կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Այդ խումբը, ըստ թերթերուն, կը ղեկավարէ նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ռամիզ Մեխթիեւ, որ յայտնի է իբրեւ «Գորշ Կարտինալ»:
Խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախկին նախարար Ապուլֆազ Կարաեւ, Ատրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Ազատ Ռահիմով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Էլմար Մամետեարով: Կը հաղորդուի, որ Ազգային անվտանգութեան նախկին նախարար Էլտար Մախմուտով երբեմն մասնակցած է այս խումբի նիստերուն: