
«Համերգ յանուն Հայաստանի մէջ խաղաղութեան» միութիւնը Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ կազմակերպեց համաժողով մը՝ «Հայ ժողովուրդը եւ իր հողերը վերադառնալու իրաւունքը» նիւթով։
Նախորդ տարի, Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց միջկուսակցական բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը:
Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ, ծերակուտական Մարի-Տօ Էշլիման յայտարարեց, որ գաղափարը Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ) բանավէճի առարկայ դարձնելն է։
Համաժողովին ներկայ էր նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղ հայերու «ապահով վերադարձի իրաւունքը» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը», եւ թէ «Ծերակոյտը ինչպէ՞ս կրնայ հայերուն հետ միասին աջակցիլ այս շարժումին», յայտարարեց Էշլիման:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ «Ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ եւրոպական մակարդակով պատժամիջոցներու դրութիւն սահմանելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հետագայ յարձակումը եւ ոտնահարումը կանխելու մասին բանաձեւ մը ընդունեց` Հայաստանին պաշտպանական միջոցներ տրամադրելով»:
2022ի աշնան, Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց առաջարկուող բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի՝ «Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու սահմանման եւ Հայաստանի տարածքէն անոր անյապաղ դուրսբերման` 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի համաձայնագիրի կատարումը ապահովելու համար»: