
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 23 Փետրուարի երեկոյեան ժամը ճիշդ 5էն սկսեալ, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» նորաբաց կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ ոճի եւ ձեւի հաճելի եւ հետաքրքրական «Սիրոյ Մեղեդի» կոչուած երեկոն, երբ հայ գրականութեան քնարերգութեան գլուխ գործոցներ՝ ասմունք, երգ, երաժշտութիւն եւ պար, պիտի ներկայացուին, ինչպէս նաեւ կենդանի պատկերով մը պիտի ներկայացուի «Ադամն ու Լիլիթը» ներկայացնող իւրայատուկ «ընթերցարար» մը:
Մեծ ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր գաղութի գրականասէր եւ արուեստասէր բարեկամները՝ ներկայ գտնուելու եւ վայելելու Գրական միաւորիս իւրայատուկ սոյն հանդիսութիւնը:
Ձեզի հետ կրնաք բերել ձեր նախասիրած՝ սիրոյ նուիրուած գրական գործեր եւ միանալ մեզի:
Մուտքը ազատ է. պիտի կատարուի համեստ հիւրասիրութիւն մը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ