
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Պատի՛ւ արժանաւորաց:
Հայ դպրութեան անմար փարոս:
Ազգային առաքելութեան եւ հայեցի կրթութեան վառ օրրան` 55ամեայ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային մեր վարժարան:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ հաստատուած եւ «Փոքրիկ Հայաստան»ի հայերէնաւանդ բաբախուն բազկերակ եւ ուսման կաճառ եւ հինգ տասնամեակներ ու աւելի հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան եւ կրթութեան բարձր մակարդակներու արդար ուղիի ջահակիրը դարձած՝ անկասելի «Փիլիպոս»ը ուխտած է տակաւ մնալ եւ գործել իր հայավայել եւ արժանավայել պատնէշին վրայ, ազգանուէր արդար իր երթով եւ աշխոյժ ու բարեբեր իր գալիք նոր տարիներով:
Ի դէպ, այսօր անկասելի «Փիլիպոս»ը, պատմական իր արդար աւիւնով երաշխաւորուած՝ անցեալի նուիրեալ իր հիմնադիրներու դպրոցաշինութեան սրբազան առաքելութեամբ՝ թափ առած ու գործած է յաջորդական փայլուն վերելքներով. անիկա անխափան տարիներով հայեցի կրթութեան ազգային առաքելութեան արդար ուղին պահպանած էր՝ անզուգական եւ յիշատակելի յաջորդական իր տնօրէններով, պաշտօնէութեամբ, նուիրեալ ուսուցչական կազմով, ինչպէս նաեւ իր առաքելութեան հաւատացած ազնիւ ու գիտակից ծնողներով, եւ իբրեւ արդիւնք, անթիւ եւ անհամար ամերիկահայ ինքնութեամբ կոփուած փայլուն շրջանաւարտներով, յաջորդաբար տողանցեցին՝ գիտական, ընկերային, ազգային եւ քաղաքական բեմերու վրայ եւ դարձան պարծանքը ամերիկահայ մեծ համայնքին:
Արդարեւ, 2024-2025 ուսումնակրթական այս տարեշրջանին, մեր նայուածքը սեւեռած ենք արդար հպարտութեամբ տօնելու 55ամեայ «Փիլիպոս»ի կրթական առաքելութեան պատմական եւ անզուգական երեկոյին վրայ, պանծացնելու մեր վարժարանի անցեալը եւ ներկան, շաղկապուած՝ ազգային եւ կրթական առաւել փայլուն նոր նուաճումներով:
Առ այդ, 15 Մարտ 2025ին The Landmark հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փիլիպոս»ի պատմական 55ամեակի տօնական երեկոն: Հասցէ՝ 10635 Woodman Ave․, CA 91345։
Միացէ՛ք մեզի, «Փիլիպոս»ի մեծ համայնքի նուիրեալներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ ծնողներ, որպէսզի ձեր ներկայութեամբ եւ միասնաբար արժանավայել հպարտութեամբ ողջունե՛նք եւ մեծարե՛նք Սփիւռքի հայկական մեծագոյն, մեծաթիւ աշակերտութեամբ եւ պաշտօնէութեամբ կէս դար եւ աւելի գոյատեւած ու յարատեւ ծաղկած, ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան առաքելութեան վառ փարոս՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային մեր վարժարանին 55ամեայ պատմական յոբելեանը:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ, Հայ Դպրոցի սրբազան առաքելութեան:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ արժանաւորաց: