ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռ, Գագաթ, Սօսի, Նոճի… ահա հայոց լեզուի զարմանահրաշ բարձրութիւնները: Կը յիշեմ. անոնց մասին թերթիս մէջ անդրադարձած եմ: Իւրաքանչիւրին համար նուիրած եմ յօդուած մը, եւ մենք, յարգելի ընթերցող, վայելած ենք անոնց գրական եւ քնարական անցեալը: Սակայն, շուրջս նկատեցի այլ բառ մը: Անիկա ո՛չ նուազ բարձր էր քան միւսները. «աշտարակ» բառն է անիկա: Համոզուած էի, թէ ինչպէս քաղաքներու աշտարակները արտայայտիչ են եւ աչքառու՝ յաճախ անոնց իւրայատուկ խորհրդանշանը եւ հաւաքատեղին, վայելուչ յօրինուածք է նաեւ «աշտարակ» բառը: Առ այդ, յարգելի ընթերցող, կէսգիշերային այս խաղաղ ժամուն, դանդաղօրէն բացի «աշտարակ»ին դուռը: Մութ էր ներսը. կանթեղ մը վառեցի, ապա անոր ոլորապտոյտ աստիճաններէն վեր բարձրացայ յամրօրէն. Ոսկեդա՛ր… Աւելի վերը՝ Միջնադա՛ր… Սրբատաշ ներքին պատի մը վրայ նկատեցի փորագրութիւններ: Նախկին այցելուներու յիշատակարաններն էին անոնք: Կարդացի ստորագրութիւնները. Վարուժան, Ալիշան, Սիամանթօ, Էմին… Քանի մը հատը իրենց տարիքին բերումով գրեթէ անընթեռնլի դարձածէին: Մօտեցուցի լոյսը. յաջողեցայ զանոնք ճանչնալ. Դաւթակ Քերթող, Ներսէս Շնորհալի, Նարեկացի…։ Այժմ, պիտի ջանամ մինչեւ վերնայարկը ելլել, հասնիլ տանիքը եւ հայոց բանաւոր աշտարակի բարձր դիրքէն դիտել լուսաւոր համայնապատկեր մը՝ արեւելքէն արեւմուտք, ուրկէ անկասկած պիտի երեւին հայոց պատմութեան եւ գրականութեան բոլոր աշտարակները:
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
Աշտարակի Ա. յարկին վրայ ցուցանակ մը կար. «Նկուղ»: Մտածեցի, թէ ասիկա խարիսխ իջնող փապուղի մը ըլլալու էր: Բացի դուռը, մտաբերելով ճափոնական այն դարձուածքը, թէ՝ «Եօթը յարկանի աշտարակը կը սկսի գետնէն»: Ճռնչաց ան. խիստ ժանգոտած էր: Պարոն Աճառեան մը յայտնուեցաւ դէմս. «Վերադարձի՛ր,- ըսաւ ան,- բառին ծագումն անյայտ է»: Կարճատեւ զրոյց մը եղաւ: Հոս ու հոն ցրուած ձեռագիր մատեաններու մէջ գտայ «աշտարակ» բառի չորս հիմնաքարերը. Աշտարակագործ, Աշտարակաշէն, Աշտարակաձեւ եւ Աշտարակեալ: Առաջինը եւ երկրորդը աշտարակ շինողներն էին, երրորդը՝ աշտարակով զարդարուած, կամ՝ անոր ձեւը ունեցող, իսկ վերջինը՝ աշտարակով ամրացուած: Տեսայ նաեւ հին գրիչներու պատկանող ընտիր արտայայտութիւններ. «Աշտարակագործ կորուսիչ պաշտամանցն»՝ Ագաթանգեղոս, «Աշտարակաձեւ այգ»ջ՝ Մծբնացի, «Աշտարակաշէն ազգ»՝ Կաղանկատուեցի, «Հաւատս եկեղեցւոյ, որով աշտարակեալ գոյ եւ պարսպեալ»՝ Լամբրոնացի: Նոյն օրերուն «աշտարակ» բառը հասաւ իմաստի նոր բարձրութիւններու, նշանակելով՝ ամբարտակ, բուրգ, դիտանոց, մարտկոց, մահարձան եւ ամրութիւն: Աստուածաշունչ մատեանին մէջ հայը տեսաւ «Նետաձիգ աշտարակ», «Աշտարակ վաղափուլ», «Աշտարակ ամուր», «Աշտարակ փղոսկրեայ», «Բարեկամ հաւատարիմ՝ աշտարակ ամուր»: Դարեր անցան… Այժմ մեր շուրջը կան հեռատեսիլի, օդակայանի եւ ժամացոյցի աշտարակներ:
ՈՍԿԵՓԱՅԼ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
5րդ, 10րդ եւ 11րդ աստիճաններուն վրայ, այսինքն՝ Ոսկեդարուն եւ բարձր-միջնադարուն, աշտարականման այրեր յայտնուեցան: Անոնք մագաղաթի վրայ տառ առ տառ կառուցեցին «աշտարակ» բառի պատմութիւնը: Գրիգոր Նարեկացին խաչեալ Յիսուսի պատկերը գրի առաւ. «Պնդեցաւ միածինդ քո յաշտարակ խաչին»: Փաւստոս Բիւզանդ պատմեց, թէ ինչպէս Շապուհ թագաւորը զմայլած էր հայ նիզակաւորներու քաջութեան վրայ. «Յարձակէին, որպէս գլեառն մի բարձր եւ կամ որպէս զաշտարակ»: Ըստ Շապուհ թագաւորին, հայ զինուորը աշտարակ մըն էր «հաստաբեստ, հզօր եւ անշարժ»: Դաւթակ Քերթողի համար Աղուանքի հսկայ զօրավար Ջեւանշերն էր աշտարակ. «Վէմն կենդանի եւ հզօր…, Աշտարակն բանաւոր»: Ներսէս Շնորհալին եկեղեցին կոչեց «Աշտարակ ոսկեղէն»: Իսկ հայր Ղեւոնդ Ալիշանը հաւատացած էր, թէ Վարդանանց պատերազմի մասնակիցներէն Առանձար Ամատունին կը պատկանէր «աշտարակ» այրերու դասին՝ «Կանգուն իբր աշտարակ»: Ըստ «նահապետ» հօր՝ Սրբուհի Մարիամն ալ աշտարակ մըն էր. «Կուսանաց թագուհի, / Մեզ աշտարակ շողալոյս»:
ՎԻԶԴ ԱՇՏԱՐԱԿ ՄԸՆ Է
Աշտարակի 20րդ յարկն եմ՝ երազկոտ եւ սիրահար քերթողներու դարը: Սեբաստիա քաղաքի մէջ արդէն ծնած է աշտարակ մը, որ նշանակուած է ցեղին եւ հացին երգը երգելու: Մենք այդ լուսասփիւռ մարդուն՝ Դանիէլ Վարուժանին, պիտի պարտինք «Փողերն ահա կը հնչեն աշտարակէ աշտարակ» խօսքը: Վարուժանը նաեւ մտովի պիտի ճամբորդէ Անի եւ անոր խաչազարդ աշտարակներուն վրայ պիտի տեսնէ քնարական պատկեր մը. «Աշտարակի սլաքներ… Կարմիր դրօշակ մ՛հայկական»: Սիամանթօն պիտի գտնէ հայոց միտքի լոյսին փարոսը. «Սուրբ Մեսրոպ: Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած…, / Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ»: Իսկ հայը, երբ պիտի ընթերցէ Պարոյր Սեւակի «Երգ Երգոց»ը, պիտի զմայլի հողածին մէկ այլ աշտարակի վրայ. «Օ Սուլամի՜թա. / Քո պարանոցը՝ / Ազնիւ մարմարէ մի վե՜հ աշտարակ»:
ԱՂՄԿԱՐԱՐ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
Հայերս Զէյթունի եւ Պոլսոյ մէջ կառուցած ենք բազմաթիւ աշտարակներ. անկանոն, ահաւոր, աղմկարար: Խօսքս, յարգելի ընթերցող, խռովեալ ժողովներու մասին է: Համոզումիս պատճառն է այդ քաղաքներուն պատկանող արտայայտութիւն մը՝ «Գիտես թէ աշտարակ ենք»: Մեր հայրենակիցները այս դարձուածքը գործածած են, երբ հաւաքոյթի ժամանակ տիրած է խառնաշփոթութիւն, աղմուկ եւ աղաղակ: Ծանօ՞թ է այս պատկերը: Կը յիշեցնէ՞ Բաբելոն քաղաքը: Երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեան օր մը իր սուր գրիչը գործածեց այդպիսի հաւաքոյթ մը նկարագրելու համար: Կիրակի օր մըն է: Պատկառելի Տիւմպէլէքեան գերդաստանի տան մէջ հաւաքուած են բալորը՝ օտար փեսաներով եւ հարսերով՝ ֆրանսացի, իտալացի, սպանացի, զուիցերիացի, դանիացի. «Անաշտարակ ու ան Բէլ Բաբելոնի մը վերածուած էր սրահը, ուր կը լսուէին բազմաթիւ լեզուներ՝ յաճախ կարկտաններ ֆրանսերէնի, մերթ ալ բեկորներ հայերէնի»:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՒՐԱԲԵԿ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
2024 թուականին, «աշտարակ» գոյականը, որ քնարական էր եւ վիպական, դարձաւ նաեւ քաղաքական: Վերլուծաբան մը մեզի բացատրեց, թէ ռուսը վերէն՝ հիւսիսէն, ինչպիսի աչքով կը նայի հարաւ՝ Կովկասի փոքրագոյն հանրապետութեան. «Կրեմլի աշտարակից արհամարհանքով են մեզ նայում»: Վիրաւորուեցա՛նք: Չուշացաւ Փաշինեանի լուծում-առաջարկը: Ըստ այդ փոքրիկ հանրապետութեան վարչապետին՝ երկրի բնակիչները պէտք էր որ փոխէին իրենց ազգային հայեացքը. «Աշխարհին նայել ոչ թէ Վանի թագաւորութեան, այլ ՀՀ աշտարակից»: Յամենայնդէպս, հայը հպարտ կը մնայ իր մտաւոր աշտարակներով, ինչպէս՝ Մինաս Աւետիսեանով: Թող բոլորը դիտեն Մինասը եւ հիանան… «Մինասը մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր, հեռուներից տեսանելի ու հեռաստաններ բացող», ըսած է Յակոբ Յակոբեան:
85 ՄԵԹՐՆՈՑ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
Կ՛ուզէ՞ք աշտարակ մը կառուցել: Դժուար չէ՛: 1850էն մինչեւ 1900 հրատարակուած բոլոր հայկական գիրքերը դրէք վրայ վրայի: Ընդամէնը՝ 8535 հատոր: Եթէ ընդունինք, որ իւրաքանչիւր գիրք 1 սանթիմեթր է, ապա դուք կ՛ունենաք 85 մ. բարձրութեամբ կառոյց մը: Բայց լոկ թուղթի բարձրութեամբ չչափենք գիրքի յաջողութիւնը: Հապա անունին վրայ «աշտարակ» բառը ունեցող գիրքե՞րը: Անոնք առաւել փայլ եւ վեհութիւն մը չտուի՞ն հայկական տպագրութեան: Ահա չորս հատ օրինակ. «Ոսկիների աշտարակը- Ողբերգական տրամա»՝ առանց տպագրատեղի եւ թուականի, «Դրօշակներն աշտարակների վրայ»՝ Երեւան, 1959, «Աշտարակի ուռուցը: Սրբազան ծառերի հնագոյն պաշտամունքի հետքերը»՝ Մուղնի, 2005, «Աշտարակի ժամացոյցը»՝ Երեւան, 1946: Իսկ եթէ դուք կ՛ուզէք բոլոր աշտարակցիներուն հեռաձայնել եւ հայրենակցական բարեւ մը տալ անոնց, ապա պէտք է որ ունենաք հետեւեալ գիրքը. «Աբոնենտների ցուցակ Աշտարակի քաղաքային հեռախօսային ցանցի»՝ Աշտարակ:
ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՄԷՋ
Աշտարակ քաղաքը գեղեցկուհի մըն է աշտարակի մէջ: Հազիւ քանի մը անգամ տեսած ենք իր երեսը եւ հազիւ քանի մը անգամ լսած ենք իր անունը: «Աշտարակ» տեղանունը համեմատուած է հազուագիւտ գեղեցիկի հետ, ընտիր բերքի հետ: Նոյնիսկ հայը փափաքեցաւ, որ աշխարհի բոլոր հայածին ծիծեռնակները հաւաքուին Աշտարակի մէջ եւ հոն շինեն իրենց բոյնը: Քնարական այդ յօրինուածքներուն մէջ նախ կը փափաքիմ յիշել աշուղական երգ մը. «Աղջի՛ արի…, / Ոսկով լիքը ծով ես, աւազիդ մատաղ, / Աշտարակի խաղող ես, վազիդ մատաղ»: Այս երգի հեղինակն է Միսկին-Բուրջի, աշուղ մը, որ ծնած է Նախիջեւան, ապրած է Գանձակ եւ մահացած է Ասկերան: Ան կը շրջէր գիւղերը, թէ՛ կ՛երգէր եւ թէ տիկնիկներ կը խաղցնէր: Աշտարակ քաղաքի մէկ այլ երկրպագու է Գէորգ Էմին: Դուք կ՛ուզէ՞ք գիտնալ թէ ինչպիսի տեղ մըն է Աշտարակը եւ ինչպիսի մարդ է աշտարակցին: Կարդանք «Ծնած Տեղս՝ Աշտարակ» բանաստեղծութենէն պատառիկներ. «Աշտարակցի՛ եմ ես, / Լա՜ւ իմացէք…, / Աշտարակն ա՛յն է, / Ինչ բա՜րձր է ու սէ՜գ… / Իմ նախնիք / Այնքան գինի՜ են խմել, / Որ… Ոգելի՜ց է ամբողջ արիւնս… / Իմ տունն ի՛մը չէ, / Տունս նրա՛նն է, / Ով պատի՜ւ կ՛անի՝ դուռը կը բացի»:
ԲՈՅՆ ՄԸ ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՄԷՋ
Այն օրերուն, երբ բազմաթիւ հայածին ծիծեռնակներ գաղթած էին ջերմ երկիրներ, բանաստեղծ Թոթոխեան առաջարկեց, որ բոլորը թռչին դէպի Աշտարակ. «Ա՜խ, թռի՛ր, ծիծեռնակ, / Ծնած տեղս՝ Աշտարակ, / Անդ շինիր քո բոյնը / Հայրենի կտուրի տակ»: Այժմ, յարգելի ընթերցող, ես կը մաղթեմ, որ մեր փոքրիկ հանրապետութեան աշտարակը մնայ անսասան, եւ ինչո՞ւ կասկածիլ, երբ անոր խարիսխը մխրճուած է ամուր ժայռի մէջ, իսկ դուք ձեր աշտարակէն շարունակեցէք վայելել հայկական ընտիր գրականութեան եւ արուեստի լուսաւոր համայնապատկերը: Իսկ օր մը, երբ տեսնէք, թէ վայելուչ պարոն մը կամ օրիորդիկ մը փունջ մը ծաղիկ բռնած՝ քաղաքի ժամացոյցի աշտարակին տակ անհամբեր կը սպասէ իր սիրածին, յիշեցէք այս յօդուածը եւ ծիծաղով մը ըսէք, թէ աշտարակը քնարակա՜ն է: