
Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Հայկական արուեստներու կեդրոնին մէջ (250 N. Orange St, Glendale, CA 91203) տեղի պիտի ունենայ Տիանա Մարկոսեանի լուսանկարներու նոր հատորին ներկայացումը, Արա Օշականի եւ Մարկոսեանի միջեւ հանրային զրոյցի մը ընդմէջէն։
Անցեալ տարի, «Էփըրչըր»ի կողմէ հրատարակուած Մարկոսեանի Father («Հայր») հատորին լուսանկարները տասնամեակի մը ընթացքին առնուած են Տիանայի հօր Հայաստանի բնակարանին կամ անոր տարածքին մէջ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Էփըրչըր» հրատարակչատան, «Ապրիլ» գրատան եւ Հայկական արուեստներու կեդրոնին համագործակցութեամբ։