«Ասպարէզ»ի յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու թուականէն մէկ օր յետոյ, Փետրուարի 20ին։ Այդ օրը մենք անպաշտօն կամ պաշտօնական, մասնակի կամ ամբողջական տուեալներով պիտի ներկայացնենք Հայաստանի անկախութենէն ի վեր նախագահական հինգերորդ ընտրութիւններու արդիւնքները։
Կասկածէ վեր է, որ մեր երիտասարդ հանրապետութեան համար այս ընտրութիւնները քաղաքական հերթական իրադարձութիւն մը ըլլալէ շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունին։
Արդարեւ, ժողովրդավարութեան զարգացման ու կատարելագործման գործընթացին մէջ միայն իր մարդկային ու ազգային իղձերու իրականացման երաշխիքը տեսնող մեր ժողովուրդը պէտք է հաւատայ, որ քայլ մը եւս պիտի կարենայ նուաճել այդ ուղղութեամբ, որ ի համեմատութիւն անցեալի բոլոր ընտրութիւններուն, այս անգամ աւելի արժանահաւատ պիտի ըլլան հրապարակուած արդիւնքները, որ քաղաքական բոլոր ուժերու համագործակցութեամբ առաւել վճռականութեամբ պայքար պիտի տարուի ընտրական կեղծիքին ու խարդախութեանց դէմ, ինչ նենգ միջոցներով կամ որոնց կողմէ ալ փորձուին անոնք։
Նախագահական այս ընտրութիւնները նաեւ կը նշանաւորուին այն պարզ իրողութեամբ, որ այս ընտրութիւնները կրնան իսկապէս դառնալ ճամբաբաժան անցեալէն, անկախութեան հիմնադրութեան օրերէն իսկ առաջին իշխանաւորներուն կողմէ հաստատուած ու անոնց յաջորդներուն կողմէ էապէս որդեգրուած կառավարման սնանկ ու փտած համակարգը հիմնովին փոխելու ուղի հարթելով ազատ ու արդար հասարակարգ ստեղծելու կարգախօսով պայքարողներուն առջեւ։
Անցնող շաբաթներուն հանրապետութեան ամբողջ տարածքով մէկ ձեռնարկուած քարոզարշաւի ընթացքին թեկնածուներու կատարած արժեւորումներէն, անոնց յայտարարած խոստումներէն ու հրապարակած ծրագիրներէն անդին, Հայաստանի քաղաքացիները ականատես եղան պետական-վարչական լծակները պաշտօնատար թեկնածուի կողմէ սեփական ընտրապայքարին ծառայեցնելու հակաժողովրդավարական թէ նախկին բարձրագոյն պաշտօնատարի ազգը պառակտելու փողոցային մակարդակի քարոզչութիւն տանելու այնպիսի անընդունելի երեւոյթներու, որոնք հիմք ծառայեցին անդրադառնալու, որ նախկինի ներկայացուցիչները, հիներն ու նորերը, իրենց վարքագիծով կը մնան ամէն գնով իշխանութեան հասնելու ու իշխանութիւն պահելու մարմաջին գերի, չերկնչելով նոյնիսկ անչափ զոհաբերութիւններով ու ջանքերով ապահովուած արցախեան նուաճումներն ու ազգային ամէնէն սուրբ արժէքներն ու նուիրական ձեռքբերումները վտանգի ենթարկելու քայլերէն, որ ազգայնական բառակոյտերու ետին թաքնուած, ազգային մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու դաւանանքը յայտարարող նորելուկ գործիչները սոսկ անձնական փառասիրական հաշուարկներով է, որ կը ղեկավարուին այնքան, որ նոյնիսկ չեն խորշիր ազգային գաղափարախօսութիւնը մերժող ու վարկաբեկող մարդոց գիրկը նետուելէ, կորսնցնելով իրենց խօսքին հաւատացած հաւաքականութեան ուղղութիւն տալու բարոյական իրաւունքը, որ կայ ազգային ուժ մը, յանձինս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ իր թեկնածուի հաւասարակշռուած վարքով ու կեցուածքով, համատարած այլանդակութիւնները մերժելու, ընտրապայքարի մեր մշակոյթի մակարդակը բարձրացնելու, քաղաքակիրթ ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան մթնոլորտ ստեղծելու վճռականութիւնը ունի եւ երբեք պիտի չդիմէ իրավիճակը շիկացնող կիրքեր հրահրելու, սեւ քարոզչութեամբ եւ ատելութիւն սերմանելու ճամբով քուէներ ապահովելու դիւրին միջոցներուն, որ իրենք այլեւս պարտաւորուած չեն երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրած ըլլալու մխիթարանքով բաւարարուելու, եւ որ կրնան իրենց ապագան վստահիլ ծառայութեան ու ինքնանուիրումի ամբողջ պատմութիւն մը կերտած եւ այսօր աւելի քան երբեք իբրեւ միակ, կենսունակ ու հզօր այլընտրանք ներկայացող կուսակցութեան մը առաջադրած թեկնածուին՝ Վահան Յովհաննիսեանին, որ այդ պատմութեան տրամաբանութեամբ հաստատուած չափանիշներով ու պարտադրած պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ միայն կրնայ շարժիլ, աշխատիլ ու ղեկավարել։
Քարոզարշաւը շուտով կը հասնի իր աւարտին ու կարծես ամէն ինչ պարզ պէտք է ըլլայ բոլոր քուէարկողներուն։ Մեր կողմէ, կրնանք արդարօրէն յայտարարել, որ Դաշնակցութեան քարոզարշաւի հիմքը զինք իբրեւ իսկական ու միակ այլընտրանք դարձուցած յանձնառութիւններու պարզ թուարկումն էր միայն ու այդ յանձնառութիւններուն մինչեւ վերջ տէր կանգնելու քաղաքացի-թեկնածու ուղղակի, չմիջնորդաւորուած ուխտ-համաձայնագրի կնքումը։ Այդ համաձայնագիրը կնքող կողմերը յառաջիկայ Երեքշաբթի վերջնական ու օրինական վաւերացում պիտի տան իրենց ուխտին. քաղաքացին իր քուէով, իսկ Վահան Յովհաննիսեանը իր սկզբունքները կենսագործելու կամքը վերահաստատելով։
Հայաստանի քաղաքացիի ազատ ու անկաշկանդ ապրելու իրաւունքի ապահովումը, տնտեսական մենաշնորհներուն վերջ տալով երկրի զարգացման գործընթացն ու անոր ստեղծած բարիքները ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հասանելի դարձնելը, դատական համակարգի հանդէպ ժողովուրդի վստահութիւնը շահիլը, ուսանող թէ աշխատող երիտասարդութեան սեփական երկրի մէջ փայլուն ապագայ կերտելու յոյսն ու հաւատը ամրապնդելը իբրեւ նպատակ յայտարարած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դրական լիցքով յագեցած ընտրապայքար մը տարած ըլլալու հանգիստ խղճով, ճակատաբաց պիտի դիմաւորէ Փետրուար 19ը։ Հանգիստ՝ որովհետեւ յաջորդ օրն իսկ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոյն այդ նպատակի իրագործման համար պիտի շարունակէ իր աշխատանքն ու պայքարը, անկախ ընտրութիւններու արդիւնքէն, անկախ այն իրողութենէն, որ այդ օրուան արդիւնքները զինք կը բերեն իշխանութեան գլուխ թէ ոչ, ձեռք ձեռքի տալով երկրի բոլոր առողջ ուժերուն։