
ՄԱՐԻ ՔԱՐԲԱՆԵԱՆ
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի «Սիրոյ Մեղեդի» գրական արուեստի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Փետրուարին, Համազգայինի նորաբաց «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան եւ անդամներէն Մարալ Թուլումեան եւ Թալին Աբանեան։
Ներկայ էին Նաեւ մեծ թիւով համազգայնականներ, համազգայինի համակիրներ, բարեկամներ, գաղութիս մշակութասէր անհատներ եւ մեծ թիւով երիտասարդներ:
Ընկերային ջերմ եւ մտերմիկ պահէն ետք, Գրական միաւորի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան սիրալիր ողջոյններով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անհուն ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ի տես մշակութասէր հոծ բազմութեան, արտասանելով ժողովրդական մեր հարազատ հայկական ասոյթը՝ «Մեր տեղը նեղ, սիրտերը լայն»: Ապա ան իր հայաշունչ ոգիով եւ ջերմ խօսքերով ուժ եւ կորով ներշնչեց ներկաներուն՝ յորդորելով սատար հանդիսանալ հայ մշակոյթի պահպանման։


Մշակոյթի սեփական կեդրոնին առթած ուրախութիւնը ակներեւ էր եւ կրկնակի․ հոն տեղի կ՛ունենար գեղարուեստական առաջին ձեռնարկը՝ իբրեւ նախերգանք գալիք ձեռնարկներու։ «Ամէնուրեք, օդին մէջ սէր կայ» Ռուբէն Սեւակի («Սիրոյ Նամակ») խօսքով Մատարեան ներկաները իրազեկ դարձուց յայտագիրի գործադրութեան ձեւին։
Յայտագիրը համադրուած էր մշակոյթի զանազան երանգներով (երաժշտութիւն, երգ, պար, ասմունք, նուագ եւ սիրոյ նամակներ), որոնք յաջորդաբար ներկայացուեցան Գրական միաւորիս անդամներուն եւ մասնակցող երիտասարդներու կողմէ:
Յայտագիրին գլխաւոր բաժինը կազմեց՝ Աւետիք Իսահակեանի «Լիլիթ» արձակ բանաստեղծութիւնը, որ կը նկարագրէ Աստուծոյ արարչագործութիւնը։
Գրական միաւորիս անդամ Սեդա Մարթիր գեղեցիկ յղացումով մը եւ ամենայն բծախնդրութեամբ ու պահելով գործին էութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, «Լիլիթ»ը կատարելապէս բեմականացուեցաւ։
Միաւորէս Մարթիր, Անահիտ Ասատուրեան, Ռուբինա Սերոբեան եւ Արթիւր Սիրքէճեան, գեղեցկօրէն հրամցուցին «Լիլիթ»ը։ Անոնք ապրեցուցին Ադամը եւ Եւան, բացին դրախտի դռները եւ ներկաները առաջնորդեցին դէպի «դրախտային գեղեցկութիւն», ներկաները մասնակից դարձուցին Ադամին սիրոյ տանջանքին եւ Եւան «Լիլիթ»ին նազանքին եւ «չեմուչեմ»ին։
Ներկաները հրապուրուած եւ հմայուած էին «Լիլիթ»ով։
Յայտագիրին աւարտին, Մատարեան բեմ հրաւիրեց ատենապետ Չուխաճեանը եւ ներկայ անդամուհիները, որոնք իրենց սրտի խօսքը եւ շնորհաւորանքը փոխանցեցին յաջող ձեռնարկին առիթով։
Ապա Մատարեան Գրական միաւորիս անունով հայոց այբուբենի ոսկեղինիկ տառերով գունազարդ յուշանուէր մը յանձնեց Չուխաճեանին՝ իբրեւ շնորհաւորանք Համազգայինի մեծ ընտանիքի մշակութային սեփական տան, որ գեղեցկօրէն կը զուգադիպէր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ «գիրք նուիրել»ու տօներուն, ինչպէս նաեւ Մայրենիի օրուան:
Ներկաները ձեռնարկին աւարտին հիւրասիրութեամբ եւ զրոյցներով անցուցին ընկերային թովիչ պահ մը։
Գրասէր եւ արուեստասէր ներկաները սրահէն հեռացան «Սիրոյ Մեղեդի»ի թրթիռներով։