
5 Մարտին Ազգային ժողովը 64 թեր, 5 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով 2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը քուէարկութեան չմասնակցեցաւ: Խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան վարման կարգով յայտարարեց, որ հետագային հանդէս պիտի գան նոր փոփոխութիւններու նախագիծով մը:
Քայլերգին վերջին քառատողը այսպիսով դարձաւ երկրորդ, ապա երկրորդ եւ երրորդ քառատողերը, համապատասխանաբար, դարձան երրորդ եւ չորրորդ: Քայլերը կը փակուի հետեւեալ տողերով.
«Նայիր նրան երեք գոյնով
Նուիրական մէկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան»: