

Մարտ 8ն գարնանային եւ ծաղկեփունջերով նշուած տօն մըն է, երբ աղջիկներն ու կանայք կը ստանան ծաղիկներ եւ շնորհաւորանքներ՝ տօնելու համար Կանանց Միջազգային Օրը:
Մարտ 8ն կը խորհրդանշէ նաեւ կանանց անկախութեան եւ տղամարդկանց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալու օրը:
1909ի Փետրուարին, Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուեցաւ «Կանանց օր»ը, երբ աւելի քան 15,000 կանայք պահանջեցին կրճատել աշխատանքային օրը եւ տղամարդկանց հետ հաւասարաչափ աշխատավարձ ստանալ։ Բացի այդ, անոնք պահանջեցին ընտրութիւններու մասնակցելու իրաւունք։
Հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ Հայաստանն ու Ռուսիան աւելի յառաջադէմ գտնուեցան քուէարկութեան գաղափարի հանդէպ։
Հայ կինը քուէարկելու իրաւունք ստացաւ 1919ին, Առաջին Հանրապետութեան օրերուն: Ռուսիոյ մէջ այդ իրաւունքը ստացան1917ին, Գերմանիոյ մէջ՝ 1918ին, Ամերիկայի մէջ՝ 1920ին, Անգլիոյ մէջ՝ 1928ին, Ֆրանսայի մէջ՝ 1944ին, իսկ Զուիցերիոյ մէջ՝ 1971ին:


1910ին, Դանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աշխատաւոր կանանց միջազգային երկրորդ համաժողովը, որուն ընթացքին Գերմանիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան կանանց խումբի առաջնորդ՝ Քլարա Զեթքին մէջտեղ բերաւ Կանանց Միջազգային Օրուան տօնի գաղափարը: Ան առաջարկեց կանանց տօնը բոլոր երկիրներու մէջ նշել Մարտ 8ին: Սակայն կայ նաեւ կարծիք մը, որուն համաձայն 1857ի Մարտ 8ին Նիւ Եորքի մէջ կայացած առաջին «Դատարկ Կաթսաներու Երթ»ը Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութեան հիմը հանդիսացաւ:

1914ին վեց պետութիւններու մէջ՝ Աւստրիա, Դանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Ռուսիա եւ Զուիցերիա, կը նշէին Մարտ 8ը։ 1922էն սկսեալ, Մարտ 8ը սկսաւ նշուիլ նաեւ Չինաստանի մէջ։
Մինչեւ 1967, Մարտ 8ը նշելը կը համարուէր համայնավարական տօն։ 1970ական եւ 1980ական թուականներուն կանանց շարժումներուն միացան նաեւ ձախակողմեաններն ու աշխատաւորական կազմակերպութիւնները՝ պահանջելով կանանց ի նպաստ իրաւական հաւասարութիւն եւ կանանց հանդէպ բռնութիւններու կանխարգելում։
1975ին, ՄԱԿը Մարտ 8ը սկսաւ նշել Կանանց Միջազգային Տարուան ընթացքին։ Երկու տարի յետոյ` 1977ին, ՄԱԿի գլխաւոր անդամ պետութիւններուն առաջարկուեցաւ Մարտ 8ը սահմանել որպէս կանանց իրաւունքներու եւ աշխարհի խաղաղութեան oր:
Այդ օրուընէ ետք, Մարտ 8ը կը նշուի որպէս Կանանց Միջազգային Օր։ Սակայն այս տօնը, այլեւս նպատակ չունի հաստատելու կանանց հաւասարութիւնը, այլ անիկա կը համարուի գարնան, կանացի գեղեցկութեան եւ կնոջ նկատմամբ ուշադրութեան օր:
Թող գեղեցկութիւնը եւ յաջողութիւնը միշտ ուղեկցին կանանց։ Հիանալի է Մարտ 8ի գաղափարը երբ կանանց ծանրաբեռնուած աշխատանքները կը գնահատուին։ Բայց աւելի եւս հիանալին են այն կանայք, որոնք տեսնելով զաւակներու կրթութիւնն ու ընտանեկան սրբութիւններու առաջնահերթութիւնը, իրենց եսը երկրորդական կը դասեն։ Անոնք արժանի են ո՛չ միայն ծաղիկներու այլ դիտուելու որպէս օրինակելի տիպարներ։