
10 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի մամլոյ ասուլիսը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ` Յակոբ Բագրատունիի եւ Լիլիթ Գալստեանի մասնակցութեամբ:
Լիլիթ Գալստեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին մէջ կնոջ ներկայութեան արժեւորման համար` յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ ինք կ՛արդարացնէ այս պատասխանատուութիւնը, ապա ընթերցեց ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովի յայտարարութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ վերջին երեք տարիներուն Հայաստանը պատուհասած կործանարար ընթացքը իսկապէս նոր կորուստներ պատճառեց, եւ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի շրջանի մը մէջ, որ նախապէս կուսակցութեան նախանշած բոլոր սպառնալիքները եւ վտանգները աւելիով հաստատեցին իրենց կենսունակութիւնը՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութեան մը, որ գործադրուեցաւ Արցախի մէջ եւ Արցախը հայաթափուեցաւ:
Ըստ անոր՝ այս իշխանութիւններուն օրով Հայաստան բռնած է ուղի մը, որ կը տանի դէպի թրքացում: «Մեր այդ կանխատեսումները, դժբախտաբար, այս իշխանութիւնների թեթեւ ձեռքով իրականանում են: Մեր հիմնական խնդիրն այն էր, որ այս փուլում գնահատուեց ստեղծուած իրավիճակի լրջութիւնը, սպառնալիքները, որոնք այսօր կանգնած են հայութեան առաջ: Այս վարչախմբի գործելաոճը պարտուողականութիւնն ու զիջողականութիւնն է` յանուն կարծեցեալ խաղաղութեան, որի «երաշխաւորը» հանդիսանալու է թուրք-ադրբեջանական տանդեմը (լծակից զոյգը): Սա են հանրութիւնից փորձում թաքցնել: Մեր խաղաղութեան «երաշխաւորները» լինելու են ցեղասպան Թուրքիան ու Ադրբեջանը», ըսաւ Ռուստամեան, որ նաեւ նշեց, թէ երկիրը պէտք է փոխէ իր արտաքին քաղաքականութեան ընթացքը: Ըստ անոր՝ Հայաստան ոչ թէ պէտք է կորսնցնէ իր բարեկամները, այլ բազմապատկէ անոնց թիւը: «Փոխանակ բարեկամ երկրների քանակն աւելացնենք, մենք նրանցից թշնամիներ ենք ստեղծում: Այս իրավիճակը պէտք է կտրուկ փոխուի», շեշտեց ան։
Կարեւոր նկատելով Ռուսիոյ հետ ռազմավարական ու դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը` Ռուստամեան անհրաժեշտ նկատեց ստեղծելը երկկողմ երաշխաւորուած պաշտպանութեան համակարգ մը, որ պիտի գործէ հնարաւոր յարձակումներու պարագային: «Մնացած բոլոր միջազգային կենտրոնների հետ պէտք է գործենք փոխլրացման տրամաբանութեամբ` պաշտպանելով մեր ազգային շահերը», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի ճակատագիրին՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Մեր ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը բանտարկուած է Ադրբեջանում: Լուրեր ունենք, որ իր առողջական վիճակի հետ կապուած խնդիրներ կան: Բաքւում պահուող հայ գերիների ու պատանդների ազատ արձակման մասով որոշակի գործընթացներ են իրականացւում: ՀՅԴի համար սա գլխաւոր հարցերից մէկն է: Հայ Դատի գրասենեակներն ու ՀՅԴ կառոյցներն ամէն ինչ անում են ու անելու են, որպէսզի օր առաջ ռազմագերիները վերադարձուեն: ՀՅԴում այս առումով իրաւական, քաղաքական աշխատանքների բաժանում է արուել, որպէսզի հարցը հնարաւորինս արագ լուծում ստանայ»: Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովին Դաւիթ Իշխանեանի վերաբերեալ առանձին եւ միաձայն որոշում տրուեցաւ, որ ան պիտի շարունակէ մնալ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Ըստ Ռուստամեանի՝ գրեթէ ամբողջութեամբ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ կառոյցը նոյնպէս կը պահպանուին:
«Աշխարհում իրավիճակ է փոխուել եւ դա մեզ տալիս է հնարաւորութիւն, որ կարողանանք փոխլրացման տրամաբանութեամբ գերտէրութիւնների հետ աշխատել եւ մեր շահերը պաշտպանել: Սա յստակ օրակարգ է, եւ այս յստակ օրակարգի շուրջ Դաշնակցութիւնը արտայայտում է իր պատրաստակամութիւնը արդէն նաեւ մեր բարձրագոյն ժողովի մակարդակով համագործակցել բոլոր այն ուժերի հետ, որոնք կիսում են այս օրակարգը եւ պատրաստ են որպէս անհրաժեշտ պայման իշխանափոխութիւն իրականացնել, որպէսզի հնարաւոր լինի փոխել այս ապազգային ուղեգիծը», ըսաւ Ռուստամեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ այժմու ճգնաժամային իրավիճակին, որ բնականաբար, իր անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հայկական համայնքներուն վրայ։
Ըստ անոր՝ տեղական մարմինները, մեր կառոյցները, ազգային զանազան հաստատութիւնները եւ եկեղեցին իրենց առաւելագոյն ճիգը կը գործադրեն մեր համայնքի թէ՛ ֆիզիքական գոյութեան, թէ՛ իրաւական, տնտեսական ու մշակութային պաշտպանութեան համար:
Դաշնակցութեան եւ ազգային զանազան կառոյցներ՝ մշակութային միութիւններ, կրթական, բարեսիրական, մարզական եւ այլ միաւորներ, իրենք եւս ունին պահպանման հարց: Այս իմաստով նաեւ Ընդհանուր ժողովը անդրադարձաւ այս հարցերուն: «Միջին Արեւելքի հայութեան պահպանումը պարզապէս Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու պահպանում չէ, այլ Հայաստանի եւ մեր ընդհանրական նպատակներու իրականացումն է», շեշտեց Բագրատունի:
Ասուլիսին աւարտին ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատասխանեցին լրագրողներու բազմաթիւ հարցումներուն: