
Չորեքշաբթի, 5 Մարտի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի «Կոմիտաս» պետական լարային քառեակի արուեստագէտներուն, որոնք՝ իբրեւ հին բարեկամներ, նախ շնորհաւորեցին Գեղամ արքեպիսկոպոսին՝ այս շրջանի հոգեւոր առաջնորդ ընտրութիւնը, ապա տեղեկացուցին, որ Լոս Անճելըս իրենց ժամանումը տեղի կ՛ունենայ քառեակի հիմնադրութեան 100ամեակի այցելութիւններու շրջածիրին մէջ եւ հրաւէրովը HI-AM բարեգործական կազմակերպութեան, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Նշան Աճէմեան, որ իբրեւ ընկերակիցը խումբին, իր կարգին շնորհաւորեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին ընտրութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին ծաւալեցաւ մտերիմ զրոյց մը, որուն ընթացքին սրբազանը վերապրեցաւ քառեակին եւ անոր արուեստագէտներուն կապ ունեցող մօտիկ եւ հեռաւոր յուշեր՝ Թեսաղոնիկէի մէջ գործող Համազգայինի տեղական աշխոյժ մասնաճիւղի գործունէութեան օրերուն, երբ քառեակը 1990ականներէն սկսեալ զանազան առիթներով հրաւիրուած է Թեսաղոնիկէ եւ Յունաստանի այլ քաղաքներ՝ հայ երաժշտութեան ու անոր հիմնադիր՝ մեծանուն Կոմիտաս վարդապետի փառքը պանծացուցած՝ հայ եւ օտար հանդիսատեսներու մատուցելով փառահեղ եւ անմոռանալի ելոյթներ:


Շնորհակալութիւն յայտնելԷ ետք այցելուներու բարի մաղթանքներուն համար՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ վերյիշեց Լիբանանի մէջ իր առաջնորդութեան վերջին տարուան (2013ին) ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, իր տնօրինումով լոյս տեսած արաբերէն, գունագեղ, նկարազարդ, մեծադիր, կոթողային եւ շքեղ հրատարակութեան՝ «Մեր Բանաստեղծները, Հայաստանի Փառքը Կերտողները» գիրքին շնորհանդէսը՝ դիտել տալով, որ այդ ձեռնարկին հրաւիրուած էր «Կոմիտաս» քառեակը, որուն հետ ծանօթացումը եւ անոնց հետ պարբերական հանդիպումները ծնունդ տուին մնայուն բարեկամութեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը արուեստագէտներուն ներկայ այցելութեան առիթով, սրբազանը իր խնդակցութիւնը յայտնեց այցելուներուն:
Փոխադարձաբար, կողմերը մէկզմէկու մաղթեցին առողջ կեցութիւն եւ առաքելութիւններու մէջ յաջողութիւն, իսկ առաջնորդը հանդիպումը եզրափակեց հայրական առատ օրհնութիւններով:
Հուսկ, հայրենի լարային քառեակի արուեստագէտները ընթրիքին հիւրը եղան Գեղամ արքեպիսկոպոսին եւ Ազգային վարչութեան: