
Ատրպէյճանցիները քանդած են բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը: Այս մասին տեղեկութիւն եւ տեսանիւթ հրապարակուած է «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ։
Ամիսներ առաջ, անոնք կառավարութեան շէնքին վրայէն հեռացուցած էին Արցախի զինանշանը:
Աւելի կանուխ, անոնք քանդած էին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը, այլ շէնք-շինութիւններ եւ բնակելի թաղամասեր: