Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասպար Վելտքամփ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած առանձնազրոյց մը, ապա՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպումին օրակարգին վրայ էին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ մը՝ երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթի նիւթերով:
Միրզոյեան եւ Վելտքամփ ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիր մը։
Հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միրզոյեան յայտնեց, որ այսպիսով նոր փուլ մը կը թեւակոխեն, ինչ որ թէ՛ խորհրդանշական է, թէ՛ նոյն ատեն պարտաւորեցնող։
Վելտքամփ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներուն՝ շեշտելով, որ անոնք պէտք է պաշտպանուած ըլլան յաւոր պատշաճի եւ ըստ միջազգային չափանիշներուն։ «Ազատ եւ արդար դատավարութեան իրաւունքներ պէտք է ըլլան, կը խնդրեմ, վստահ եղէք, որ այս պարագային եւս Հոլանտա եւ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակեն հետապնդել այս հարցը։ Մենք մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք այս հարցին վրայ, նաեւ Պրիւքսէլի մէջ այս պարագան լուսարձակի տակ բերուած է»։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միրզոյեան անդրադարձաւ դրացիներուն հետ կապերուն: «Անշուշտ մենք չենք խուսափել նաեւ մեր տարածաշրջանային հարցերը քննարկելուց, ներկայացրել եմ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան օրակարգը, երկխօսութիւնը մեր հարեւանների հետ, Թուրքիայի հետ, Ադրբեջանի հետ բանակցային գործընթացը, նշել եմ նաեւ, որ համապատասխան կառուցողական վերաբերմունքի դէպքում մենք կարող ենք մօտ ապագայում շօշափելի յաջողութիւններ ունենալ այս ուղղութիւններով», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Մենք քննարկում ենք այնպիսի դրոյթներ, ինչպիսիք են միջազգային հարթակներում միմեանց դէմ վէճերից հրաժարում»։