Քանի մը օր առաջ, «լուսանցքային» լուր մը սպրդեցաւ մամուլի կարգ մը «պատուհաններ»էն. Ուաշինկթըն որոշած է 2 միլիառ տոլարի զինական օժանդակութիւն տրամադրել Փաքիստանի։
Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, Փաքիստանի եղելութիւնները աշխարհը շնչասպառ ըրին։ Նախ ականատես եղանք նախագահ Մուշարրաֆը զինուորական տարազէ մերկացնելու բեմադրութեան, ապա տեղի ունեցաւ Պենազիր Պութոյի սպանութիւնը։ Այդ իրադարձութիւնները բռնեցին միջազգային, ներառեալ ամերիկեան մամուլին գլխաւոր էջերն ու լրատուական ժամերը։
Հիմա, այդ բոլորը արդէն յետին բեմ ղրկուած են, Փաքիստանին տրամադրուած օժանդակութեան մասին լուրը կը տրուի «ջերմաստիճանը այսօր ելեւէջներ պիտի ունենայ»ի տրամաբանութեամբ։
Տնտեսագէտ-քաղաքագէտը կրնայ մտածել. «Ի՞նչ կայ որ… քանի մը շաբաթ առաջ, արաբական երկիրներու հետ զինական վաճառքի բազմատասնեակ միլիառ տոլարի համաձայնագիրներ կնքուեցան. անկէ փշուր մըն ալ՝ Փաքիստան դաշնակիցին…»։
Ի վերջոյ, դաշնակից կոչումը ո՛չ միայն իրաւունք կու տայ անարդարութեան ճամբուն մէջ շարունակելու, այլ նաեւ՝ նման նուէրներ ստանալու։ Կազայի պաշարումն ալ նոյն աղբիւրէն չի՞ սնանիր, ինչպէս քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ յարձակումները…