Պատուարժան խմբագրութիւն «Ասպարէզ» հայկական ազգային օրաթերթի,
Յարգելի տիարք,
Այս տարուան բաժանորդագրութեան սակագինին հետ կ՛ուզեմ աւելցնել հետեւեալը.
Հաճոյք է մեզի համար մեծ հետաքրքրութեամբ կարդալ «Ասպարէզ»ի ճոխ լուրերը։ Կը գնահատենք «Ասպարէզ»ի բոլորանուէր ու թանկագին աշխատակիցները իրենց նուիրեալ ծառայութեանց համար՝ մեր հայ ժողովուրդին եւ ի սպաս մեր հայրենիքի վերելքին ու բարօրութեան։
Մնամ միշտ յարգանօք՝
Մինաս Վայէճեան
Քոլորատօ
8 Մարտ 2025