Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը միջազգային փոթորիկ մը յառաջացուց, երբ իր օրակարգին վրայ դրաւ օսմանցի թուրքերուն կողմէ հայերուն սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» համարող օրինագիծ մը։ Սակայն այդ օրինագիծը կասեցուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ՝ շրջանցելով Միացեալ Նահանգներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական տագնապ մը։
Այդ դէպքը լուսարձակի տակ առաւ բարդութիւնը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, որոնք ծանրաբեռնուած են երկար ատենէ ի վեր արդարութեան կոչերով։ 1915ին երկու միլիոն հայեր կը բնակէին այն տարածքներուն վրայ, որոնք ներկայիս Թուրքիոյ կը պատկանին։ Մինչեւ 1925 առնուազն մէկ միլիոն հայեր սպաննուած էին եւ մնացեալներուն մեծ մասը փախուստ տուած էր։ Այդ «անհետացման» պատճառը դառն բանավէճի մը առարկան է, որ արձագանգած է մինչեւ Քոնկրէս, շուրջ մէկ դար ետք։
Շարք մը ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, թէ հայերը զոհն էին քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։ Սակայն օսմանցիներէն սերած թուրքերուն մեծ մասը համաձայն չէ ատոր։ Անոնց պատմաբանները կ՚ըսեն, թէ հայերը զոհն էին Ա. Աշխարհամարտի պայմաններուն եւ ոչ՝ ցեղասպանութեան։
Մինչ Քոնկրէսը կը քննարկէր օրինագիծը, թուրքերը բուռն եւ արագ ընդդիմութիւն ցուցաբերեցին։ Բողոքողներ ցոյցեր կազմակերպեցին հայկական դեսպանատուներու դիմաց, մինչ Թուրքիա, որ ՆԱԹՕի անդամ է, զգուշացուց, թէ օրինագիծին վաւերացումը յաւերժօրէն պիտի փոխէ Միացեալ Նահանգներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնը։
Այսօր բարգաւաճ հայկական համայնքներ գոյութիւն ունին աշխարհի չորս կողմը. անոնց հաւանաբար կէս միլիոնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի։ 1991ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղաւորուած է շրջանային հսկաներու՝ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ։ Սակայն միայն եօթանասուն հազար հայ քրիստոնեաներ կը գոյատեւեն Թուրքիոյ մէջ, ուրկէ ծագում առած է հայկական ինքնութիւնը՝ շուրջ հինգ հազար տարի առաջ։ Հոն է, որ հիմնուած է Հայկական Առաքելական եկեղեցին, 301 թուականին։
Թուրքիոյ հայկական եկեղեցւոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան դէմ է Ցեղասպանութեան օրինագիծին՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ անիկա կրնայ հակազդեցութիւն մը գրգռել Թուրքիոյ մէջ։ «Ո՞վ աւելի խոցելի դիրքի մէջ է: Ներսի փոքրամասնութիւնները։ Այդ մէկը կը վնասէ երկրին մեծամասնութեան հետ մեր յարաբերութիւններուն», կը բացատրէ ան։
Թուրքերն ու հայերը դժուար գոյակցութիւն մը ունին։ Թուրքիոյ հայկական եկեղեցին շուրջ քառասուն հազար կանոնաւոր յաճախողներ ունի, եւ թրքահայերը արժանաբար կը վայելեն աշխարհի ամէնէն շատ եկեղեցի յաճախող համայնքը ըլլալու համբաւը։ Սակայն հոն գոյութիւն ունին միայն քառասունութ եկեղեցիներ եւ քսանհինգ քահանաներ։ 1969ին կառավարութիւնը փակել տուաւ բոլոր քրիստոնեայ դպրեվանքերը։
Կառավարութիւնը նաեւ կը վերցնէ Ա. Աշխարհամարտին հայերէ պարպուած վայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական մշակութային հետքերը։ Այդ մէկը նաեւ պատճառ դարձած է հայկական եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուներու կործանման։ Անցեալ տարի մեծ աղմուկով վերանորոգուեցաւ հայկական եկեղեցի մը՝ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ, բայց անոնց չարտօնուեցաւ խաչ դնել եկեղեցիին գմբէթին վրայ կամ արարողութիւններ կատարել հոն։
Ապահովութիւնը մնայուն մտահոգութիւն մըն է։ Մութաֆեան բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացած է։ Եկեղեցին ապահովական ուժեր կը վարձէ՝ պաշտպանելու համար իր քսան նախակրթարանները։
«Թուրքերը ընդհանրապէս հիւրասէր ժողովուրդ են, սակայն Թուրքիոյ մէջ ընթացք առած է գերազգայնականութիւնը, եւ շատեր մտահոգ են, որ փոքրամասնութիւնները կրնան թիրախ դառնալ», կ’ըսէ պատրիարքը։
Յիսունմէկամեայ պատրիարք Մութաֆեան լայն թիկունքով եւ կարճ, կոկիկ, սպիտակող մօրուքով անձնաւորութիւն մըն է։ Հայկական համայնքի հոգեւոր պետը հեղինակութիւն եւ ջերմութիւն կ՚արտացոլացնէ մէկ նայուածքի մէջ։ Յաճախ անկէ մէջբերումներ կը կատարուին թրքական մամուլին մէջ. ան սակաւախօս եւ զգուշօրէն ընտրուած բառերով արտայայտուող է։
Մութաֆեան իր հիւրերը կ՚ընդունի Պոլիսէն դուրս գտնուող կղզիի մը վրայ։ Ան մեզի յայտնեց, թէ իր համալսարանական պսակաւորի վկայականը ստացած է Մեմֆիսէն։ «Հոն կան քրիստոնեաներ, որոնք նոյնիսկ «Քոքա-Քոլա» չեն խմեր», կատակեց ան եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ մեր անձնակազմէն ոչ ոք Մեմֆիսէն է, «Քոք» ապսպրեց բոլորիս համար։
Սակայն անոր դէմքը կը խոժոռի, մինչ ան կը դիտէ վայրագութեան ենթարկուած եկեղեցւոյ մը նոր լուսանկարները։ Կառոյցներէ աւելի, անոր առաջնահերթութիւնը իր հօտին հոգեւոր զարգացումն է։ Ան երկար ժամանակ կը տրամադրէ եկեղեցիներ նորոգելու եւ կրօնական դասընթացքներ արտօնելու համար կառավարութեան դիմումներ ներկայացնելով։
Մութաֆեան կրօնական առանցքային փորձառութիւն մը ունեցած է պատանութեան տարիներուն։ Ան մեծապէս ազդուած է իր հօրմէն, որ ջերմեռանդ հաւատացեալ մը եղած է։ Երիտասարդ Մութաֆեան ընտրած է կուսակրօնութիւնը, ինչ որ պարտադիր չէ հայ կղերին համար, եւ ինքզինք նուիրած է ծառայութեան։ Նախկին պատրիարք Գալուստեանին օրերուն տակաւին եպիսկոպոս Մութաֆեան աղօթքի եւ Աւետարանի սերտողութեան պահեր սկսած է շուրջ քսան տարի առաջ։
Մութաֆեան կը մերժէ այն ամբաստանութիւնները, թէ ինք Ցեղասպանութեան հարցին շուրջը կը դառնայ։ «Ես շատ անգամներ ըսած եմ, որ օրուան Միութիւն եւ յառաջ-դիմութիւն կուսակցութիւնը սխալ որոշում տուաւ պատժելու Օսմանեան կայսրութեան բոլոր հայերը», կ՚ըսէ Մութաֆեան։ «Շատեր մահացան սուրիական անապատին մէջ», կ՚աւելցնէ ան։ Ան կը հաւատայ, որ նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վարմունքը փոխելը։ «Կը յուսամ, որ թուրքերը եւ հայերը կը փորձեն աւելի կարեկցող ըլլալ իրարու նկատմամբ, դիտել կու տայ ան։
Այդ մէկը փոքր սկիզբ մը կրնայ ըլլալ։ Մինչ այդ Թուրքիոյ հայերը պիտի շարունակեն կրել միջազգային բեմերուն վրայ կատարուած հանրային յայտարարութիւններուն հետեւանքները։
«Քրիսչիյէնիթի Թուտէյ»