
Զանազան երկիրներ եւ միջազգային կառոյցներ արձագանգեցին եւ իրենց դրական մօտեցումը յայտնեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին գծով։
– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուսպիօ հաղորդագրութեան մը միջոցով ողջունեց «խաղաղութեան պատմական պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը»։
«Ասիկա կարելիութիւն է, որ երկու երկիրները շրջեն տասնամեակներու հակամարտութեան էջը՝ ըստ աւելի խաղաղ աշխարհի մը՝ նախագահ Թրամփի տեսլականին։ Այժմ խաղաղութեան յանձնառութեան, պայմանագիրի ստորագրութեան եւ վաւերացման, Հարաւային Կովկասի բնակիչներուն համար բարգաւաճման դարաշրջանի հռչակման ժամանակն է», յայտարարեց Ուաշինկթըն։
– Քրեմլին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ 14 Մարտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ: «Ռուսիա միշտ աջակցած է եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման` ի շահ Անդրկովկասի տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան, կայունութեան եւ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման: Այս նպատակներուն հասնելու համար թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան միշտ կրնան յոյս դնել ռուսական կողմէ որեւէ հնարաւոր օգնութեան վրայ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ հայկական կողմին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահը տեղեկացուց «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրի նախագծի տեքստի (բնագիրի) համաձայնեցման եւ նախագծի տեքստի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի մասին: Քննարկուել են նաեւ տարածաշրջանային եւ երկկողմ յարաբերութիւններին վերաբերող այլ հարցեր»:
– Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց հետեւեալը. «Մենք կ՛ողջունենք կողմերը վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին այս ուղղութեամբ իրենց յամառ աշխատանքին համար, թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով եւ թէ միջազգային ընտանիքին ներգրաւումով։ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանը, որ ճամբայ կը հարթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վերջնականացման համար։ Յայտարարութիւնները վճռական քայլ են շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան ուղղութեամբ։ Երկու կողմերէն այս թափը պահպանելը եւ այս հոլովոյթին սահուն աւարտը նոյն հեռանկարային եւ փոխզիջումային մօտեցումներով ապահովելը կարեւոր են։ Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին կ՛աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ պատրաստ է յաւելեալ աջակցութիւն եւ փորձագիտական օգնութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը դիմեն»։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Աթոնիու Քոշթա «Էքս»ի վրայ գրառում մը կատարելով՝ շնորհաւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իլհամ Ալիեւը՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին համար։ «Ես ձեզ կը քաջալերեմ յառաջ շարժիլ՝ շուտափոյթ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը», գրած է ան՝ աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող բոլոր քայլերուն։
Եւրոպական խորհուրդը հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտնեց, որ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսըն կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յայտարարութիւնները՝ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու պայմանագիրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններու վերջնականացման վերաբերեալ։
«2001ին անդամակցելով Եւրոպական խորհուրդին` երկու երկիրները յանձն առին աշխատիլ խաղաղ համագործակցութեան ուղղութեամբ: Այս համաձայնագիրի նախագիծը այդ ներուժը իրականացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն ու տեւական խաղաղութիւն կառուցելու` երկու երկիրներուն կամքին ապացոյցն է: Այժմ, այս ընթացքը պահպանելը եւ գործընթացին սահուն աւարտը ապահովելը կարեւոր են՝ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ոգիով եւ երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ամբողջական յարգանքով», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Եւրոպական խորհուրդը բոլորովին կը սատարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ պիտի շարունակէ աջակցութիւնը երկու անդամ երկիրներուն` յատկապէս մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերիշխանութեան նկատմամբ ամբողջական յարգանք ապահովելու նպատակով:
– ՀԱՊԿը եւս ողջունեց բանակցութիւններուն աւարտը եւ յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ փաստաթուղթը կարելի եղածին չափ շուտ կը ստորագրուի: «Կ՛ակնկալենք, որ անոր իրականացումը ճամբայ պիտի հարթէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար՝ ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան ամէնէն կարեւոր ոլորտներէն մէկուն մէջ», յայտնեց ՀԱՊԿը։
– ՆԱԹՕն եւս ողջունեց եւ յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ պայմանագիրը շուտով պիտի ստորագրուի եւ պիտի վաւերացուի: ՆԱԹՕի բանբեր Էլիսոն Հարթի դաշինքի «Էքս»ի էջին վրայ գրած է այս մասին՝ ըսելով. «Ասիկա նշանակալի քայլ է կարգաւորման գործընթացին մէջ եւ կարեւոր նպաստ՝ տարածաշրջանային ապահովութեան ամրապնդման մէջ»:
– Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով ողջունեց եւ յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնը պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ վերջնական համաձայնագիրի մը կնքման։ «Սպանիա կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
– «Երկար բանակցութիւններէ ետք Հայաստանի համարձակ զիջումները կարելի դարձուցին վերջին քայլը այն ճամբուն, որուն վրայ մենք ընկերակցած ենք Երեւանին ու Պաքուին», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք ։
– «Յոյս կը ներշնչէ այն լուրը, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ։ Տասնամեակներ տեւած թշնամութենէն եւ պատերազմէն ետք այն փաստը, որ տեւական խաղաղութիւնը այժմ հասանելի է շրջանին համար եւ անկէ դուրս կարեւոր է։ Երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը», կ՛ըսուի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ։
– Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ համաձայնագիրը շուտով պիտի ստորագրուի։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ յարգելով երկու պետութիւններուն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, պէտք է Հարաւային Կովկասին արտօնէ դառնալ խաղաղութեան, համարկման եւ համագործակցութեան գօտի՝ բաց սահմաններով, ի շահ շրջանի բնակչութեան»։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Էքս»ի վրայ գրառում մը կատարելով՝ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։
«Հիմա այլեւս խոչընդոտներ չկան ստորագրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը, որ պէտք է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար ճամբայ հարթէ», գրած է Մաքրոն։
– Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի ողջունեց եւ արձանագրուածը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ անհրաժեշտ եւ կարեւոր քայլ նկատեց։
– Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ յայտնելով. «Ասիկա պատմական քայլ է շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ»։
– «Չինաստան յոյս ունի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի լուծեն փոխադարձ հակասութիւնները եւ տարակարծութիւնները երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով ու պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման ապահովման», ըսաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին` մեկնաբանելով համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը: Ան դիտել տուաւ, որ Չինաստան դրական կը նկատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ յառաջընթացը: Ան Երեւանը ու Պաքուն կոչեց «Չինաստանի լաւ բարեկամներ եւ գործընկերներ»: