
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան» պայմանագիրին վերաբերեալ շրջան ընող վաղաժամ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը ձգտի իրական խաղաղութեան՝ արդար եւ տեւական խաղաղութեան, որ կը յարգէ հայ ազգին իրաւունքները եւ կ՛ապահովէ հայերու վերադարձը Արցախ՝ եւ ոչ թէ կեղծ «խաղաղութեան»՝ Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան միակողմանի զիջումով, որ Երեւանին պարտադրուած է զէնքի սպառնալիքով»։
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են եւ երկու կառավարութիւնները յայտնած են, որ պատրաստ են ստորագրելու տակաւին չյայտարարուած պայմանագիրը։ Ըստ հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն՝ այս համաձայնագիրը նպատակ ունի պաշտօնականացնելու երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները՝ անտեսելով Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, հայ ռազմագերիներու անօրէն բանտարկութիւնը եւ խոշտանգումները, Հայաստանի դէմ շարունակուող գոյութենական սպառնալիքները, Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Արցախի հայերուն հաւաքական, պաշտպանուած եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը խափանելը։ 2020ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով, Ատրպէյճան իրականացուց 10 ամիսներու դաժան շրջափակում մը, որ աւարտեցաւ Արցախի ցեղային զտումով. Սեպտեմբեր 2023ի յարձակումներէն ետք, 120,000 հայ քրիստոնեաներ բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն։
Կանխահաս նկատուող յայտարարութեամբ մը, նկատի ունենալով արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան բազմաթիւ խոչընդոտները՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։ Ասիկա առիթ մըն է երկու երկիրներուն համար՝ շրջելու տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան էջը՝ ըստ նախագահ Թրամփի տեսլականին՝ աւելի խաղաղ աշխարհ մը ստեղծելու համար։ Հիմա ժամանակն է նուիրուելու խաղաղութեան, ստորագրելու ու վաւերացնելու պայմանագիրը՝ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար նոր բարեկեցիկ ժամանակաշրջան մը բերելու նպատակով»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ պաշտպանել այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ պիտի խթանէ Հայաստանի ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, պիտի պահպանէ անոր սահմանադրական անեղծութիւնը եւ պիտի վստահեցնէ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը իրենց պատմական հայրենիքը՝ Արցախ։