Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան բանբեր Օմեր Չելիք խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին վերաբերեալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը գոհացուցիչ համարեց ։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ ան նոյն ատեն ընդգծեց, որ Երեւանի կողմէ Պաքուի պահանջներու գործադրութիւնը կարեւոր է՝ «հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր թափ հաղորդելու համար»:
«Հայաստանի համար կարեւոր պիտի ըլլայ փոխել որոշ օրէնքներ կամ սահմանադրական յօդուածներ, որոնք Ատրպէյճանի դէմ են: Ժամանակն է լուծարելու ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, անոնք այլեւս ընելիք չունին, անոնք չեն նպաստեր հարցի լուծման: Երբ այս բոլորը կատարուին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նոր թափ պիտի ստանայ», ըսաւ Չելիք: