Հայ Օգնութեան Միութիւնը դարձեալ մասնակցեցաւ նախաձեռնութիւններու, որոնք տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ ՄԱԿի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովին եւ «Պէյճինկ 30+» կազմակերպութեան, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ 10էն 21 Մարտին:
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: ՀՕՄը իբրեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, 1976էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, իսկ 1998էն ի վեր կ՛անդամակցի իբրեւ արձանագրուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC):
Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69րդ խորհրդաժողովի նիստերուն մասնակցող ՀՕՄի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթըն Տի.Սի.էն եւ Գանատայէն, ներկայ գտնուեցան տարեկան «Թաունհոլ» հանդիպումին՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի անդամ պետութիւններու եւ բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն ու իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող քննարկումներուն:
12 Մարտին, ՀՕՄը, համագործակցաբար Հայկական իրաւական կեդրոնին՝ կազմակերպեց նիստ մը՝ «Տոկունութիւն Եւ Ապաքինում. Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն Եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան Մէջ» խորագիրով՝ ՄԱԿի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։
ՀՕՄի նիստին բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան։ Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու Գօտիներու Մէջ Կիներու Դերակատարութեան Մասին» զեկոյցը, որուն յաջորդեց դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի զեկոյցը։ Ան անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան։ Ապա դոկտ. Լորգի Լիպարիտեան Հայաստանէն առցանց միացաւ եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին։ Վերջապէս դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ ՀՕՄի նախաձեռնութիւնները։ Ան նաեւ կատարեց նիստին համակարգողի պարտականութիւնը։
Սոյն նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաւական աշխոյժ բաժին մը, որուն մասնակցեցան անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, ՄԱԿի գործակալութիւններու, ոչ-կառավարական զանազան կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄի անդամներ։ Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ ՀՕՄի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել ՀՕՄի «Ֆէյսպուք»ի եւ «Ինսթակրամ»ի էջերուն վրայ:
Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը՝ տարբեր ծրագիրներու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հպարտ մասնակցողը եւ անդամն է ՄԱԿի Կանանց յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը՝ հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին։