Ֆրանսիս պապը 23 Մարտի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնական ձեւաւորման շուրջ համաձայնութեան համար:
«Ուրախ եմ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնութեան եկան խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական տարբերակի գծով: Յոյս ունիմ, որ անիկա պիտի ստորագրուի որքան կարելի է շուտ եւ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման», իր մաղթանքին մէջ ըսաւ պապը։