
ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ հիմնադիր ընկեր մը կամ ընկերուհի մը կորսնցնենք՝ կ՛ափսոսանք եւ կը ցնցուինք, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր տեսիլքը, որ հաւաքական աշխատանքով, անվախ եւ աննկուն կամքով ծրագրեց ու գործադրեց՝ կազմելու, հաստատելու եւ հիմնելու մշակութային, կուսակցական, բարեսիրական, հոգեւորական կեդրոն, միութիւն, մասնաճիւղ մը կամ ընկերակցութիւն մը:
Վերջերս կորսնցուցինք շատ մը նուիրեալներ, իսկ 3 Յունուարին՝ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանը, որ Թորոնթոյի մեր գաղութին սիւներէն էր:
Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն կազմաւորման մէջ ալ մեծ եւ կարեւոր ներդրում ունեցած էր ընկերը: Դագաղը ծածկուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան դրօշակներով: Երկուքին ալ արդարօրէն արժանի էր՝ ինչպէս Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան ըսաւ. «Այս դրօշները յաղթանակի դափնեպսակներն են»:
Ժիրայր Յովհաննէսեան ծնած է Հալէպ: Վերապրող բալուցիներու զաւակն էր: Արհեստով մեքենագէտ, ինքնազարգացման վկայականով, կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւած՝ իր երգիծական ոգիով եւ աւելի լաւին ձգտելու աննահանջ կամքով: Քաջաբար ճաշակած է 60ական թուականներու Սուրիոյ կառավարութեան հալածանքները: Ամուսնացած է Սոնա Խումայեանի հետ եւ 1966ին, իր առաջին զաւակին՝ փոքրիկ Քրիսին հետ գաղթած են Գանատա, Սէնթ Քաթրինզ քաղաքը, ուր վարած է ՀՅԴի գործադիր մարմինի քարտուղարի պաշտօնը, ապա վերջնական կայք հաստատած է Թորոնթօ, 1968ին:
Յաջորդ տարին, Աբգարին, Շուշիկին, Վահէին եւ Ներսէսին հետ սկսաւ ծրագրել, ապա հիմնել Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղը: Ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ եւ ընտրուած Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ: Առաջին թատերական ներկայացումին՝ Շիրվանզադէի «Պատուոյ Համար»ին մէջ Սաղաթէլի կարեւոր դերը ստանձնած է, ապա բեմադրուած են Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ը, Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը Որքա՜ն Դժուար Է»ն, Ժագ Յակոբեանի «Կռունկը Կը Կանչէ»ն եւ այլ հետաքրքրական թատրերգութիւններ:

Անկարելի է վաթսուն տարիներու գործունէութիւնը տեղաւորել սեղմ տողերու մէջ: Այս բոլորին ընթացքին, Ժիրայրը իր սրամիտ եւ զուարթ քերթուածներով մեզի դրական մթնոլորտի մէջ պահած է, ըլլա՛յ այդ յանձնախումբերուն ուղղուած կամ՝ Գանատայի կեանքին: Չենք մոռնար անոր անգլերէն սորվելու ընթացքին, համր բաղաձայններուն մարտահրաւէրներու պատմութիւնը (knife & knee) կամ երթեւեկի ոստիկանին շուարեցնելը՝ իր իսկ շուարած վիճակով: Ընկերական հաւաքոյթներու հանդիսավարն էր ան: Իր գրաւիչ ձայնով՝ երկար տարիներ մասնակցած է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի ելոյթներուն:
Իր զաւակները՝ Քրիսը եւ Սալբին, հարսը՝ Քրիստինը, փեսան՝ Թորսթընը, թոռները՝ Միան եւ Իննան, ներկայացուցին իրենց հայրը եւ մեծ հայրը՝ հոգածու եւ սիրալիր բնաւորութեամբ: Բացայայտ էր փոխադարձ սէրը: Կեանքի խոհեմ դասերը եւ ոգեւորող հոգին միշտ իրենց հետ պիտի մնան:
Ընկերուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեան՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամը, յուզիչ եւ տպաւորիչ կերպով երկլեզու ներկայացուց ընկեր Ժիրայրը եւ անոր ներդրումը: «Թորոնթոհայ»ը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակէ զայն:
Սեւան Հաճիարթինեան փոխանցեց հետեւեալը. «Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատեմ, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցական, գաղափարական հաւատամքին, քաղաքական ուղիին հաւատարիմ եւ ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը»: Սեւան Հաճիարթինեան իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց տիկնոջ՝ ընկերուհի Սոնային, զաւակներուն եւ թոռներուն, հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած եւ գործակցած են ընկեր Ժիրայրին հետ: Աւարտին, հրաժեշտ տալով՝ ընկերուհին ըսաւ. «Երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր: Հոգիիդ ճախրանքը յաւերժանայ, ընկե՛ր»:


Ընկեր Յովհաննէսեանի ընտանիքի անդամները եւ հարազատները շատ լաւ կազմակերպած էին թաղումը եւ հոգեճաշը: Դուստրը՝ Սալբին, նախապէս տեսերիզի վրայ արձանագրած էր հօր կեանքին կարեւոր անդրադարձները, ինչպէս իր ծանօթացումը Սոնային հետ, առաջին գործը Գանատայի մէջ եւ այլ զուարթ եւ հաճելի կեանքի փորձառութենէն դրուագներ:
Անոր ընտանիքը «կեանքի տօնախմբութիւն» անուանած էր հոգեճաշը: Արդարեւ, բոլոր լուսանկարները եւ մեր յիշատակները այդ ցոյց կու տան:
Երեսուն տարիներ առաջ, Ժիրայրը շատ լուրջ գործողութեան մը ենթարկուեցաւ: Այդ ժամանակ բժիշկները առաւելագոյնը տասը տարի կեանք տուին, բայց ապրեցաւ երեսուն տարի. այդ կը պարտինք իր կնոջը՝ Սոնային, որ աչալրջօրէն հսկեց Ժիրայրի առողջութեան: Իսկ ինք՝ Ժիրայրը, ամբողջ իր կեանքին ընթացքին մեծ համարում, յարգանք եւ սէր ունէր իր կնոջ հանդէպ: Երբեք արգելք չեղաւ Սոնային գրական տաղանդներուն, այլ՝ քաջալերեց եւ գովեց:
Ընկեր Ժիրայրը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն եւ հոգաբարձութեան անդամներէն ստացած եկեղեցւոյ 40ամեակին կազմակերպուած «Մտերմիկ երեկոյ»ի մը հրաւէրին առթիւ ըսած էռ հետեւեալը. «Ամէն սերունդի չի վիճակուիր գաղութ հիմնել զեռոյէն: Վաթսուն տարիներ առաջ այսօրուան Թորոնթոյի գաղութը «չհերկուած արտ» էր, մենք ալ Միջին Արեւելքէն ներգաղթած բուռ մը անփորձ երիտասարդներ, որոնց վիճակուեցաւ հերկել, ցանել, ջրել, բերք աճեցնել, հոգեւոր հաց թխել եւ ազգային սովէ փրկել…: Ինչ որ կայ այսօր, արդիւնքն է անցեալի անգնահատելի Զոհողութեան, անմնացորդ Նուիրումին եւ անշեղ Հաւատքին: Փառք Աստուծոյ, որ նուիրական դրօշարշաւը կանգ չէ առած եւ կը շարունակէ իր մարաթոնական վազքը»:
Արդարեւ, մենք շատ բան կը պարտինք մեր հիմնադիր սերունդին, որ առանց գործի, եկամուտի եւ բնակարան ունենալու ապահովութեան, նետուեցաւ գաղութաշինութեան, եւ այժմ նոր սերունդը ստանձնած է իրեն յանձնուած յանձնառութիւնը:
Այո՛, երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր Յովհաննէսեան:
«Թորոնթոհայ»