Պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Դարձեալ պնդեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար կան նախապայմաններ:
«Այսօրուան դրութեամբ, խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրը համաձայնեցուած է ամբողջութեամբ: Անիկա բաղկացած է 17 կէտերէ: Ոչ մէկ յաւելեալ նախապայման յառաջ կը քշէ Ատրպէյճան: Մեր նախապայմանները յայտնի են Հայաստանին. մենք երկար ժամանակէ ի վեր անոնց մասին կը խօսինք, սակայն մինչեւ այսօր Հայաստանէն որեւէ լուրջ պատասխան չենք ստացած: Ինչի մասին են այդ նախապայմանները: Նախ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը պէտք է լուծարուի: Երկրորդ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի Սահմանադրութեան: Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կայ յղում Անկախութեան հռչակագիրին, եւ անիկա կը հանդիսանայ Սահմանադրութեան բաղկացուցիչ մաս: Իսկ հոն կայ դրոյթ մը Ատրպէյճանի օրինական, պատմական տարածքը Հայաստանին միացնելու մասին, ինչ որ կը հանդիսանայ տարածքային պահանջ Ատրպէյճանի նկատմամբ: Այդ իսկ պատճառով, մեր օրինական իրաւունքն է այդ դրոյթը դուրս բերելը Հայաստանի Սահմանադրութենէն», շեշտեց Ալիեւ, որ վստահեցուց, թէ այդ երկու նախապայմաններու գործադրութենէն ետք խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար որեւէ խոչընդոտ պիտի չըլլայ: «Ինչպէս կ՛ըսեն` գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է: Եթէ Հայաստան իսկապէս կը փափաքի ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը, պէտք է ընդունի Ատրպէյճանի այդ երկու օրինական նախապայմանները», ըսաւ Ալիեւ:
Շթայնմայեր իր կարգին յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջապէս պիտի ստորագրուի, պարզապէս կարիքը կայ քաղաքական կամքի` փոխիջումներու միջոցով անոր հասնելու համար: «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը մեծ նշանակութիւն ունի: Նախորդ մէկ տարուան ընթացքին մեծ քայլեր առնուած են: 13 Մարտին յայտարարուեցաւ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի համաձայնեցման մասին: Եկած է ստորագրութեան հիանալի պահը: Կը հաւատամ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի: Մենք պէտք չէ կորսնցնենք այս պահը», յայտարարեց Շթայնմայեր։
Շթայնմայեր վերատեսութեան ենթարկեց Արցախի մասին իր մօտեցումը: Արդարեւ, օրեր առաջ «Ինսթակրամ»ի իր էջին վրայ տեղադրած Արցախի դրօշի լուսանկարը եւ հոն մեծամասնութեամբ հայերու ապրելուն մասին գրառումը՝ Պաքուի բողոքի ճնշումին տակ վերցնելէ ետք, Ալիեւի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Շթայնմայեր յայտարարեց. «Մենք գիտենք եւ կը ճանչնանք Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք»:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի մասին` Ալիեւ յայտնեց, թէ՝ «այսպէս կոչուած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ձեւակերպումը, որ մինչեւ Յունուար 2024 Հայաստան կը փորձէր ներառել խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ, գոյութիւն չունի»: «Անիկա գոյութիւն ունէր միայն Հայաստանի երազանքներուն մէջ: Կայ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան», եզրափակեց Ալիեւ:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ ԽՆԴՐԵՑ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուած ատեն՝ 1 Ապրիլին, Շթայնմայեր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած հաղորդագրութեան` նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ նախագահը Երեւանէն պիտի մեկնի Պաքու` Գարեգին Բ. կաթողիկոսը խնդրեց անկէ, որ Պաքուի մէջ բարձրաձայնէ Արցախի ժողովուրդի արդար իրաւունքներու, հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնահարցերը:
«Շտայնմայերը հաւաստիացրել է, որ իր միջնորդական ջանքերը կը գործադրի ի նպաստ տարածաշրջանում վերջնական խաղաղութեան հաստատման: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Գերմանիայի նախագահի հետ աղօթել են աշխարհում խաղաղութեան եւ մարդկութեան բարօր ու ապահով կեանքի համար, ապա Շտայնմայերը շրջել է Մայր տաճարում, ծանօթացել հիմնանորոգուած սրբավայրի պատմութեանը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: