Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյեն յոյս ունի, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործութեան: Այս մասին Ֆոն Տեր Լէյեն խօեցաւ Իւզպեքիստանի Սամարկանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու առաջին գագաթնաժողովին ընթացքին:
«Սեւ ծով հասնելու համար նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ սահուն սահմանը կարեւոր է: Երեք տասնամեակ փակ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն բացումը պիտի փոխէ խաղի կանոնները: Ասիկա Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մօտեցնէ աւելի քան երբեք», յայտարարեց Ֆոն Տեր Լէյեն: