Դեկտեմբեր 19-20, 2007ին Հայասատանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ, խնդիրներ եւ հեռանկարներ» նիւթով լսումներու շարք մը կազմակերպեց։ Նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին նաեւ 20 թուրք անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին համալսարանական դասախօսներ, հանրածանօթ մտաւորականներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծական տարբեր հիմնարկութիւններու տնօրէններ։ Թրքական կողմը, սակայն, պատրուակելով լսումներու թուականին զուգադիպումը իսլամական տօնի մը, ինչպէս նաեւ հրաւէրներու ուշ ստացումով, չմասնակցեցաւ միջոցառման։ Նշելի է, որ թուրք հրաւիրեալներու շարքին էին ոչ միայն հայկական տեսակէտին համակրողներ, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի առաջնորդ դէմքեր ի մասնաւորի «Թրքական պատմութեան» ընկերութեան նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու։
Այս հարցին անդրադառնալով իր Յունուար 11, 2008ի շաբաթօրեայ սիւնակին մէջ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր Յարութ Սասունեան քննադատական կեցուածք կը ցուցաբերէ Ազգային ժողովի նախաձեռնութեան նկատմամբ, դիտել տալով, որ Երեւան չերթալով թուրքերը ոսկի առիթ կորսնցուցին ե՛ւ Հայաստանի մէջ իսկ Ցեղասպանութեան ժխտումի իրենց թեզը պաշտպանելու եւ շատ հաւանաբար գայթակղութիւն առաջացնելու, ե՛ւ աշխարհին ցոյց տալու, թէ հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն, հայ-թրքական պաշտօնական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի։ Սասունեան կը գտնէ, որ եթէ Անգարա միջոցառումը փոխադարձէ, հայկական կողմը անոր չմասնակցելու պատճառ ունի ի դէմս թրքական մերժումին։ Սասունեան բառերը չի ծամեր ըսելու համար, որ հայկական կողմը նման միջոցառման համար Թուրքիա ոտք պէտք չէ կոխէ առնուազն մինչեւ որ թրքական քրէական յանցագիրքի տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածը պարզ եւ մեկին չջնջուի։
Սասունեան իր յօդուածի սկզբնաւորութեան քանի մը հարցադրումներ կ՚ընէ այս լսումներուն մասին, առանց հետագային անդրադառնալու անոնց։ Կ՚արժէ, սակայն, այդ հարցադրումեներէն առնուազն երկուքին վրայ կանգ առնել եւ, անգամ մը եւս, խորհրդածել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին Սփիւռքի տեսանկիւնէն։ Ինչո՞ւ այս պահուս, Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ տեղի ունեցան այս լսումները, եւ ինչո՞ւ վկայութիւն տալու համար Սփիւռքէն մասնագէտներ չէին հրաւիրուած, կը հարցնէ «Քուրիըր»ի խմբագիրը ի շարս այլ խնդրարկումներու, որոնք աւելի կը վերաբերին թրքական կողմի հրաւէրին եւ, հետեւաբար, անոնց պատասխանը կը կազմէ յօդուածը ինքնին։
Արդարեւ, հազիւ թէ զուգադիպութեան արդիւնք ըլլան այս լսումները նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, նկատի ունենալով, որ թեման ընտրապայքարի օրակարգին դրուեցաւ նախկին նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ։ Այս իմաստով, նախկին նախագահը շատ յստակօրէն կը վերահաստատէ իր, եւ ընդհանրապէս ՀՀՇական, քաղաքական ուղեգիծը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հեռանկարով՝ առանց ոչ մէկ ինքնաքննադատական կամ վերատեսութեան անհրաժեշտութիւնն զգալու։ Սպասելի է, անշուշտ, որ Տէր Պետրոսեան, որուն ընտրապայքարը կարծես կը հետապնդէ նաեւ իր նախագահական ժամանակաշրջանի ձեռքբերումներու հաստատագրման նպատակ, ներառեալ հայկական իրականութեան մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն որպէս թէ «նոր» մօտեցման մը բանաձեւում, պահէ քաղաքական-գաղափարախօսական այն ուղեգիծը, որ, փաստօրէն, զինք եւ իր իշանութեան տարիները յատկանշեց։ Ի դէպ, նախկին նախագահը, ի պատիւ իրեն, ընդհանրապէս ցոյց տուած է իր սկզբունքներուն հաւատարմութիւն, ինչ որ, անշուշտ, ողջունելի է։ Սակայն, անկախ որ այդ սկզբունքները եւ քաղաքական արեւելումը ընդունելի ըլլան թէ ոչ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բոլոր ելոյթները ենթադրել կու տան, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ կարծես ժամանակը կանգ առած է տասնամեակ մը առաջ եւ այդ կէտին վերադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի յաջողի նոյն այդ խնդրով արձանագրել այն յաջողութիւնը, կամ յառաջխաղացքը, որ 1991էն 1998 չիրականացաւ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հարցի ամբողջ հանգուցալուծումը կը կապէ ղարաբաղեան խնդրի լուծման եւ կ՚անտեսէ, որ Անգարա երկու այլ պայմաններ առաջ կը քաշէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար՝ հայ-թրքական սահմանի օրինակագրում եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի հետապնդումէ հրաժարում։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան լուռ կը մնայ այս պայմաններուն նկատմամբ այն համոզումով, որ արցախեան հակամարտութեան լուծումը ինքնաբերաբար կը չէզոքացնէ այս պայմանները։
Դէմ յանդիման այս կեցուածքին, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը, որուն շարունակման յանձնառութիւնը վերցուցած է Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու վարչապետ Սերժ Սարգսեան, կ՚ուզէ յատկանշուիլ իր գործնապաշտութեամբ։ Այսինքն՝ Երեւանի կողմէ հարց չկայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը օրակարգէ հանելու, իմա՝ տեղի տալու թրքական մէկ պահանջին, բայց կը վերահաստատուի առանց պայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութիւնը։ Այս բանաձեւումը, որ ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Ազգային ժողովի լսումներու նիստին, ճիշդ է, կը յատկանշուի իր էապէս դիւանագիտական բնոյթով։ Նման դիւանագիտական բնոյթի բանաձեւում կրնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ինչ-որ ճկունութիւն տալ եւ երեւան հանել թրքական կողմի անհանդուրժողականութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ներազգային ճակատի վրայ կը շարունակէ շփոթ առաջացնել։ Յստակ չէ, որ եթէ Անգարա համաձայնի առանց պայմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնել, Երեւան պիտի ուզէ՞ արծարծել Ցեղասպանութեան հարցը երկկողմանի յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, թէ՞ այն պիտի մնայ օրակարգի երկրորդական հարցերու շարքին եւ, հետեւաբար, այս անգամ պաշտօնապէս դատապարտուի յաւերժական յետաձգումի ու մոռացման։ Յստակ չէ, ի մասնաւորի, եթէ նման գործնապաշտութեան ներհակ է թրքական սպառնալիքի շարունակումը եւ Ցեղասպանութեան ճամաչումը ազգային անվտանգութեան անհրաժեշտութեան ռազմավարական հարթակին տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս քանի մը առիթներով նշուեցաւ անցնող տարուան ընթացքին նախագահ Քոչարեանի կողմէ։
Հետեւաբար, Ազգային ժողովի այս լսումները առաջին հերթին ներազգային խնդիր է որ կ՚արծարծեն, եւ այս իմաստով աւելի քան դրական է, որ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պատգամաւորները իրենք ըլլան նախաձեռնողը եւ երկրի ամենաներկայացուցչական ոլորտը՝ խորհրդարանը ըլլայ այն բեմը, ուր նման էական հարց արծարծուի։ Ողջունելի է մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ խորհրդարանի ճամբով առիթ կը ստեղծուի հայ քաղաքական մտածողութեան վերանորոգման եւ նոր ուղիներու որոնումին, որոնց կարգին՝ Սեւրի դաշնագրի վերարժեւորումը եւ Ցեղասպանութեան հարցի ընկալումը որպէս ազգային անվտանգութեան որոշիչ։
Եւ որովհետեւ այս լսումներու արծարծած խնդիրը առաջնահերթօրէն ներազգային բնոյթի է, իր կարեւորութիւնը կը ստանայ նաեւ Սփիւռքի մասնակցութեան հարցը։ Պարզ է, որ խօսք չի կրնար ըլլալ Սփիւռքի ներկայացուցչութեան մը մասին, եւ թերեւս աւելի լաւ, որպէսզի թրքական կողմը նուազ պատրուակ ունենայ Հայաստան/Սփիւռք որպէս թէ պառակտումի երեւոյթին վրայ գրաւ դնել կամ այն օգտագործել իր տեսակէտի բանաձեւման համար։ Սփիւռքի ներկայութիւնը այս լսումներուն կարելի է տեսականօրէն ձեւաւորել երկու ուղղութեամբ։ Առաջինը ուղղակի Սփիւռքէն մասնագէտներու հրաւիրման ճամբով, տարբերակ մը, ուր շատ հաւանաբար անձերու ընտրութիւնը պիտի վերապահուի Ազգային ժողովի մէկ մարմնի ճշդած չափանիշներուն, սակայն այնքան ատեն, որ անոնք ներկայացուին որպէս Սփիւռքէն մասնագէտներ եւ իրենց տեսակէտը նկատի առնուի որպէս այդպիսին եւ ի սկզբանէ բացառուի անոր հաւաքական ներկայացուցչական բնոյթը, Սփիւռքէն տեսակէտներ իրենց տեղը պիտի ունենան այս լսումներուն մէջ։ Սփիւռքի մասնակցութեան երկրորդ տարբերակը լսումներուն մէջ Սփիւռքի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումներու ուղղութեամբ տարուած գործունէութեան ընդգրկումն է զեկոյցներուն մէջ։ Այդ մէկը կ՚ըլլայ որպէս բացառութիւն, շատ հաւանաբար որպէս կանխազգուշութիւն՝ միջպետական իրաւական յարաբերութիւններու խախտումներէ խուսափելու համար։ Նման կանխազգուշութիւն հասկնալի է, որովհետեւ հակառակ տեղի ունեցած յառաջընթացին, իմա՝ Սփիւռքին քաղաքացիութիւն տալու օրէնքի որդեգրման, դեռեւս համահայկական պետութեան հասկացողութիւնը չէ արմատաւորուած Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան մէկ կարեւոր հատուածին մտքին մէջ։ Փաստօրէն 2007ը աւարտեցաւ եւ դեռ օրէնքի կիրարկումի ընթացակարգ չկայ, ոչ ալ այդ ուղղութեամբ ակտիւ քաղաքականութիւն։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին լսումները տեղի ունեցան «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ։ Իրողութիւնը վստահաբար զուգադիպութիւն է միայն։ Այդուհանդերձ, հիմա, որ այդ տարելիցը նշուեցաւ եւ դատական գործին մէջ շօշափելի ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է ցարդ, անհրաժեշտ է երեւոյթը տեղադրել հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համապարփակ ծիրին մէջ։ Այսինքն՝ թէ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման անկեղծ յանձնառուները Տինքի սպանութիւնը կ՚ուզեն տեղադրել տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածի վերացման պայքարի տրամաբանութեան մէջ, աւելի քան ողջունելի է։ Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու առաջընթացին։ Բայց այդ մէկը պէտք չէ երկրորդական մակարդակի ձգէ թրքական ազգայնամոլութեան էապէս հակահայ բնոյթի գնահատումը հայոց ազգային անվտանգութեան նկատառման ժամանակ։