Երկուշաբթի, 28 Յունուարի երեկոյեան, ամերիկեան խորհրդարանին մէջ նախագահ Ճորճ Պուշի ճառը, մանաւանդ այն՝ ինչ որ կը վերաբերէր Իրաքի պատերազմին ու երկրի տնտեսութեան կացութեան մասին լաւատես արտայայտութիւններուն, անմիջական արձագանգներ գտաւ քաղաքական ու մամլոյ մարդոց մօտ։ Ըսուեցաւ, որ նախագահը կա՛մ ինքզինք անջատած է դառն իրականութիւններէն, կամ ալ կը փորձէ իրականութիւնները ներկայացնել այն ծուռ հայելով, զորս բազմիցս գործածած է 2001ի Սեպտեմբեր 11ի ծանօթ դէպքերէն ասդին։
Եթէ պահ մը առանձնացնենք միայն տնտեսական կացութեան պարագան, մեկնաբաններու վերոյիշեալ հաստատումը արդար է բազմաթիւ պատճառներով։
Փաստօրէն, վերջին քանի մը ամիսներուն, տնտեսութեան մարզին մէջ արձանագրուած են այնպիսի «յեղաշրջումներ», որոնք կը սասանեն նախագահին ամէնէն լաւատես մատնանշումներուն հիմերն անգամ։ Անկախ ամերիկեան դրամանիշին գնողական արժէքին մեծ անկումէն, կալուածային փոխառութեանց մարզին մէջ արձանագրուած տագնապը, սղաճը, ապրուստի սղութիւնը (եւ ասոնք իրարմէ տարբեր բաներ են, թէեւ իրարու խնամի) աղաղակող ապացոյցներ են, որ Միացեալ Նահանգները կ՚ապրի տնտեսական նահանջ մը, որ պատմական տարողութիւն ունի. կարգ մը տնտեսագէտներ չեն վարանիր անկումը համեմատել այն նահանջին, որ արձանագրուած էր անցեալ դարու 30ական տարիներուն…։
Տնտեսական նահանջը միայն Միացեալ Նահանգներու «մենաշնորհը» չէ. փաստօրէն, նախագահին ճառէն շաբաթ մը առաջ, Ծայրագոյն Արեւլքէն մինչեւ Եւրոպա, սակարանները պատմական անկումներ արձանագրեցին։ Նոյնը պատահեցաւ ամերիկեան սակարանին մէջ, ուր դիմուեցաւ հակակշռումի անմիջական քայլերու. իբրեւ անմիջական միջոցառում՝ տոկոսներու նուազում տեղի ունեցաւ, կ՚ըսուի, թէ նոր կրճատումներ ճամբու վրայ են ու կրնան յայտարարուիլ որեւէ պահու։
Այս բոլորը բնականաբար կը մտահոգեն սահմանափակ եկամուտով սպառողները. եւ իբրեւ ողոքիչ միջոցառում, իշխանութիւնները շուտով հրապարակ նետեցին հատուցման ծրագիր մը. նոյնինքն նախագահը, ճառէն օրեր առաջ խորհրդարան հասցուցած էր շուրջ 150 միլիառ տոլարի նախագիծ մը, որ կը խոստանայ փոխհատուցում կատարել սահմանափակ եկամուտով աշխատողներուն։ Ներկայացուցիչներու տունը նախագահին ճառէն օր մը ետք վաւերացուց ծրագիրը եւ զայն դրաւ Ծերակոյտի տրամադրութեան տակ, յուսալով, որ ան ալ իր կարգին ծրագիրը վաւերացնէ մինչեւ Փետրուար 15։
Ամէնէն պարզ բացատրութեամբ, յիշեալ ծրագիրը կը նպատակադրէ դրամական «նուէրներ» տալ ամերիկացի աշխատողներուն, վերադարձնելով շահատուրքէն բաժին մը. աշխատաւորը կրնայ 300էն 600 տոլարի «նուէր» մը ստանալ, իսկ եթէ ամոլ մըն է՝ նուէր կրնայ հասնիլ մինչեւ 1200 տոլարի. ընտանիքներու պարագային, նուէրը կրնայ ըլլալ յաւելեալ 300 տոլար իւրաքանչիւր անչափահաս զաւակի համար (եւայլն)։ Ի դէպ, Ծերակոյտը կ՚ուզէ յաւելեալ միլիառներ տրամադրել այս ծրագիրին, որպէսզի անկարողներ ու հանգստեան թոշակ ստացողներ եւս օգտուին անկէ։
Առաջին ակնարկով, գեղեցիկ ծրագիր է. հետեւեալ պատգամը կը փոխանցուի սպառող-ծախսողին. «Կը գանգատի՞ս, որ ապրուստդ սղած է. ահա քեզի գումար մը, գնա՛, ծախսէ՛ եւ ա՛լ մի գանգատիր…»
Պուտ մը խորացումով, կարելի է տեսնել, թէ այս հատուցումն ալ խաբկանք մըն է, ինչպէս իշխանութիւններուն բազմաթիւ այլ խաբկանքները։
Որովհետեւ՝ «վերադարձուող» այս գումարը իրականութեան մէջ շահող-սպառողէն խլուած է վաղուց, «օրինական» կերպով կիրարկուող կողոպուտին մէկ մասնիկն է լոկ։ (Եթէ այս դրութիւնը կիրարկուի որոշ հերթականութեամբ, թերեւս կ՚արդարանայ, բայց ատիկա երազ է)։ Կ՚արժէ միայն յիշել, թէ սպառողը հիմա ամէն օր, ամէն շաբաթ, ամէն ամիս որքա՛ն աւելի կը վճարէ իր ինքնաշարժի վառելանիւթին, սննդանիւթին ու տարրական սպառումի այնպիսի մթերքներու համար, որոնցմէ խուսափում չունի ան։ Արագ հաշիւ մը ցոյց պիտի տայ, թէ քանի մը տարի առաջ իր վճարածին առ նուազն եռապատիկը կը վճարէ ան, առանց որ իր եկամուտը նկատառելի յաւելում արձանագրած ըլլայ։ Դեռ չենք խօսիր «գաղտագողի» փրցուած գումարներուն մասին, որոնք կը վճարուին երբեմն անզգալաբար (տեղեկագրական յօդուած մը վերջերս ցանկագրած էր դրամատուներու եւ վարկաքարտերու ընկերութեանց կողմէ կատարուող անձայն կողոպուտէն քանի մը իրողութիւններ, որոնց ճամբով, այդ ընկերութիւնները տարեկան աւելի քան 210 միլիառ տոլար կ՚ապահովեն հասարակ մահկանացուներէն)։
Այլ խօսքով, զանգուածներուն աչքին դարձեալ փոշի կը նետուի. չենք ուզեր գործածել աւելի վարկաբեկող պատկեր մը…
Մինչդեռ, սպասուածը տնտեսութեան անկումին իսկական դարմաններու որոնումն է, նահանջին կանխարգիլումը, ինչպէս կ՚ընեն՝ պէ՛տք է ընեն, տնտեսական նահանջ ապրող երկիրներ. այսինքն՝ կարողականութեանց ու տնտեսութեան հիմերուն մսխումի դադրեցումը, մսխում՝ որ հետեւանք է հսկայածաւալ գումարներու պատրերազմներու մէջ այրումին (չենք ցատկեր այդ գումարներուն միջոցով զինական ճարտարարուեստի տէրերուն հարստացումին վրայէն) եւ դեռ շատ մը ուրիշ իրողութեանց, որոնց իրազեկ ըլլալու համար, մասնագէտ տնտեսագէտ ըլլալը պայման չէ։