
ՏՈՔԹ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 17 Յունիս 1945ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին՝ տոքթ. Սահակ Արսլանեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ռիթա Արսլանեան
Զաւակը՝ Յակոբ Արսլանեան
Դուստրը՝ Նայիրի Արսլանեան Նազարեան եւ Վարանդ Նազարեան
Դուստրը՝ Լօրի Արսլանեան Սարգիսեան եւ Սագօ Սարգիսեան եւ զաւակը՝ Ուիլեըմ
Եղբայրը՝ դոկտ. Յարութ եւ Լօրա Արսլանեաններ եւ դուստրերը՝ Թամար եւ Մարալ
Եւ համայն Հինտոյեան, Ուզունեան, Պարսումեան, Սայապալեան, Զարուկեան եւ Հալաճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (Ferrahian School, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316) կամ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան վարժարանին (AGBU Marie Manoogan School, 6844 Oakdale Ave, Winnetka, CA 91306):
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նաեւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, ժամը 5էն 10, հանգուցեալի բնակարանին մէջ։
Տոքթ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի տնօրէնութիւնը եւ խմբագրական կազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։