Տարակուսանքէ վեր է, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին եօթը-ութ տարիները եղան մութի ու ցուրտի, անկումի եւ հիասթափութեան, աւերման ու աւարումի դառն եւ դաժան ժամանակներ։
Նոյնպէս անկասկած է, որ 1998ի իշխանափոխութեամբ Հայաստանի ու հայ իրականութեան մէջ սկսաւ պետական-քաղաքական եւ ընկերատնտեսական բարեկարգումներու հանգրուան մը, որ վաղուան բարգաւաճ օրուան նկատմամբ յոյսն ու հաւատքը վերադարձուց մեր ժողովուրդին։
Ընդհանուր արժեւորման եւ հաշուեկշռի այսպիսի՛ պաստառի մը վրայ, բնականաբար, մեծ է փորձութիւնը խտացնելու գոյները՝ անցեալը միայն սեւի, իսկ ներկան անբիծ սպիտակի երանգներով պատկերացնելու համար։
Բայց կեանքն ու իրականութիւնը միշտ աւելի բարդ ու բազմերանգ եղած են. այդ իմաստով ալ հայ իրականութեան լիարժէք ընկալման չ՚առաջնորդեր անցեալը միայն սեւ, իսկ ներկան միայն սպիտակ ներկայացնելու փորձութիւնը։
Մանաւանդ որ, բնութեան օրէնքովն իսկ, ներկան անառարկելի ժառանգորդն է անցեալին։ Ժամանակը ինքնաբերաբար իր հետ չի սրբեր-տանիր գործուած սխալներն ու արձանագրուած ձախողութիւնները։ Ընդհակառակն՝ այդ բոլորը ուղղակիօրէն կամ իրենց հետեւանքներով կը յամենան եւ կը վերապրին ներկային մէջ եւ միայն զանոնք սրբագրելով կամ անոնց հետեւանքները դարմանելով հնարաւոր կը դառնայ ձերբազատուիլ անցեալի բեռէն։
Տարբեր օրինաչափութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ, հետեւաբար, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի այսօրուան իրականութեան մէջ, բաղդատական արժեւորումը մէկ կողմէ անկախութեան առաջին տարիներու տէրպետրոսեանական անցեալին, իսկ միւս կողմէ վերջին տասնամեակի Քոչարեան-Սարգսեան երկեակի իշխանութեամբ հունաւորուած ներկային։ Որքան բացայայտ է անցեալին բաղդատաբար արձանագրուած յառաջխաղացքը, նոյնքան ակներեւ է, միաժամանակ, նոյն այդ անցեալէն ժառանգուած վրէպներու եւ չարաշահումներու յամեցումը, մինչեւ իսկ անոնց վերանորոգումը՝ հասարակական ընդհանուր զարգացման թափը ջլատող գործօնններու՝ քաղաքական եւ տնտեսական ստուերային ուժերու եւ առանձնաշնորհումներու նորովի յայտնութեամբ ու յաւելումով։ Այն աստիճան, որ անցեալին գործուած եւ ներկայիս շարունակուող սխալներու եւ յանցանքներու համար պատասխանատուներու փնտռտուքը, անաչառութեան պարագային, մեղսակիցներու մէկ եւ նոյն շրջանակի մը դէմ յանդիման կը հանէ հանրային կարծիքը։
Այսուհանդերձ՝ 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութեանց համար մղուող մրցապայքարը շատ կանուխէն եւ ուշագրաւ արագութեամբ գերին դարձաւ անցեալին ու ներկային միջեւ բեւեռացում առաջացնող եւ նոյն այդ հակադրութեան մաղձով սնանող քարոզարշաւի մը։ Մէկ կողմէ ՀՀ անդրանիկ նախագահը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անակնկալօրէն եւ ընտրապայքարի մեծ դռնէն մրցադաշտ մուտք գործեց եւ, ընդդիմադրութեան ամէնէն կարծր դիրքերը գրաւելով, իշխանութեանց այսօրուան ղեկավարները ծանրագոյն ամբաստանութեանց, իբրեւ «աւազակախումբ» եւ «բռնակալ» գործելու մեղադրանքին տակ առաւ։ Իսկ միւս կողմէ իշխանաւոր ճամբարը, նոյնինքն ՀՀ գործող նախագահի հակադարձ ելոյթներով, բայց մանաւանդ բացարձակ մեծամասնութեամբ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ազդեցութեան ոլորտին մէջ թաւալող զանգուածային լրատուութեան միջոցները շարժման մէջ դնելով՝ «անցեալը յիշեցնելու» եւ «յանցագործները մերկացնելու» համազարկով պատասխանեց տէրպետրոսեանական արշաւանքին…
Փոխադարձ մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու այսօրինակ քաշքշուքի
մը դէմ յանդիման, մեր ժողովուրդի լայն ընտրազանգուածին համար, բնականաբար, մեծ եղաւ փորձութիւնը իյնալու կեղծ երկընտրանքի՝ խտացած գոյներով հրամցուող անցեալին եւ ներկային միջեւ կողմնորոշուելու ծուղակին մէջ։
Տէրպետրոսեանական իշխանութեանց անցեալի դառն բաժակը ցմրուր ճաշակած եւ ետդարձի ամէն դուռ վերջնականապէս փակած ընտրազանգուածը, հասկնալիօրէն, իր կարգին լուրջ մտավախութեամբ եւ անձկութեամբ հակազդեց երէկի փորձուած եւ ձախողած իշխանաւորի դարձեալ նախագահ դառնալու թեկնածութեան։ Բայց նման վերադարձ մը մերժող ընտրազանգուածն անգամ խոր երկմտանք ապրեցաւ, երբ անցեալը յիշեցնող ու երէկի յանցագործութիւնները մերկացնող այսօրուան իշխանութեանց մօտ շօշափեց ինքնարդարացման ծառայող պատեհապաշտութեան ճիգ մը՝ քուէարկողը անցեալի ուրուականով սարսափեցնելու եւ ներկայի արատաւոր երեւոյթներուն նկատմամբ համակերպումի մղելու յետին հաշիւներով։
Նոյնպիսի երկմտանքի մատնուեցաւ նաեւ այն ընտրազանգուածը, որ Քոչարեան-Սարգսեան երկեակի իշխանութեանց օրով իրեն բաժին հանուած անիրաւութեանց եւ ընչազրկումին դէմ, բնականաբար, սրտամօտ ընդունեց անցեալի իշխանաւորին արձակած ու խարազանող մեղադրանքները։ Բայց իր կարգին մատնուեցաւ խորագոյն անձկութիւն եւ մտահոգութիւն պատճառող երկմտանքի, երբ հաստատեց, որ սեփական թեկնածութեան ի նպաստ աջակցութիւն եւ իշխանութեան վերադառնալու համար վստահութեան քուէ աղերսող Լեւոն Տէր Պետրոսեան ոչ միայն տրամադրութիւն չունի անցեալի իր մեղքերուն հաշւոյն ներողութիւն խնդրելու, այլեւ պատրաստ չէ անցեալին գործուած սխալները չկրկնելու յանձնառութեան։
Մեր ժողովուրդն ու ընտրազանգուածը, անշուշտ, ամէն առումներով, դատապարտուած չեն նման կեղծ երկընտրանքի մը պատանդը դառնալու ճակատագրին։ Ընդհակառակն՝ արժանի են անցեալի էջը մէկանգամընդմիշտ փակող եւ ներկայի սխալներուն ու բացերուն յաղթահարման առջեւ ուղի հարթող իրաւ ընտրութեան։
Մեր ժողովուրդին ու ընտրազանգուածին արժանի այդ ընտրանքին հնարաւորութիւնը ապահովելու հաստատակամութեամբ զինուած է որոշապէս Դաշնակցութիւնը, որ նախագահական ընտրապայքարի խմորման առաջին իսկ պահէն ԱՊԱԳԱՆ ընտրելու դրօշ պարզեց։ ԱՆՑԵԱԼԻՆ եւ ՆԵՐԿԱՅԻՆ միջեւ բեւեռացման եւ կեղծ երկընտրանքին փոխարէն՝ մեր ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդութիւնը ամէն իրաւունք ունի անցեալի բեռը թօթափած եւ ներկայի արատներէն ձերբազատուած ապագան նուաճող ընտրութեանց։
Առանձին անդրադարձի արժանի է, հետեւաբար, Դաշնակցութեան ընտրած ընտրապայքարի ուղին։