Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի հարցին գծով աւելի կանուխ կատարած իր յայտարարութեան՝ յայտնեց, որ արցախցիներու հարցը բանակցային օրակարգին վրայ չի կրնայ ըլլալ, որովհետեւ Արցախի մէջ այլեւս հայութիւն չկայ:
«Փաստ է, որ բռնի տեղահանութիւնից յետոյ եւ յատկապէս եւ նաեւ իրենց ինքնալուծարման վերաբերեալ էդ հանրայայտ փաստաթղթից, հռչակումից յետոյ դա, էդ օրակարգը այլեւս չի կարող շարունակուել` էն պարզ պատճառով, որ էնտեղ մարդ չի ապրում, հայութիւն չկայ, որի իրաւունքների մասին խօսենք», ըսաւ Միրզոյեան:
Նախորդ օրերուն, «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Արցախի հարցը բանակցային օրակարգէն դուրս եկած է Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան եւ Արցախի լուծարման հրամանագիրի հրապարակումէն ետք: Այս յայտարարութիւնը վերլուծաբաններուն եւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ սուր քննադատութեան արժանացաւ:
Իբրեւ պատասխան իշխանութեան հասցէին հնչած քննադատութիւններուն` Միրզոյեան 16 Ապրիլին դարձեալ պնդեց, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրած է արցախցիներուն իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերը հասցէագրելու համար, սակայն՝ իբր թէ Արցախի այն ժամանակուան իշխանութիւնները հրաժարած են Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններէն, նաեւ, ըստ Միրզոյեանի, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան դրդումով:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, որ արդեօք խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հեռանկարը փակուա՞ծ կարելի է նկատել, այնքան ատեն որ Հայաստան չէ փոխած իր մայր օրէնքը, Մինսքի խումբի լուծարման չէ դիմած՝ Միրզոյեան ըսաւ, որ թէեւ ներկայիս վերջնական հանգուցալուծման կամ պայմանաւորուածութեան առկայութեան մասին խօսիլը չափազանցութիւն կրնայ ըլլալ, «բայց ես կարծում եմ, որ խօսակցութիւնը պէտք է շարունակել»։
Համաձայնութեան բացակայութեան մասին Միրզոյեան կը խօսի Անթալիայի մէջ ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ 4 օր առաջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք: «Մինսկի խմբի գոյութիւնն իսկապէս ոչ մի յաւելեալ արժէք չի տայ, հակառակը, կարող է նոյնիսկ հակառակ ազդեցութիւնը տալ ստորագրուած համաձայնագրի պարագայում: Այդ պատճառով մենք կողմ ենք ու բաց ենք ձեւաչափի լուծարման գործընթացին: Մենք ուղղակի կարծում ենք, որ մենք էդ գործընթացները կարող ենք, փաստաթղթերն առնուազն նոյն օրը ստորագրել, ինչ յաջորդականութիւն ուզում էք դրէք` մէկը խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ միւսը հակատեղ դիմումը ԵԱՀԿին` տեղեկացնելով էդ խմբի լուծարման գործընթաց սկսելու Հայաստանի ու Ադրբեջանի պատրաստակամութեան նախաձեռնութեան մասին», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Եթէ մտահոգութիւններն (Ատրպէյճանի) անկեղծ են, ապա համաձայնագիրը ստորագրելը բոլոր մտահոգութիւնները փարատելու ամենակարճ, ամենաարագ ու ամենաարդիւնաւէտ միջոցն է»:
Միրզոյեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջ չի պարունակեր։
Միրզոյեան 16 Ապրիլին հանդիպում ունեցաւ Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Թանիա Ֆայոնի հետ, որ մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին ողջունեց խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին շուրջ աշխատանքներու աւարտը եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ անոր պիտի յաջորդէ ստորագրութիւնը, եւ այդպիսով լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ պիտի նուազի:
Ըստ Ֆայոնի՝ Սլովենիան աջակցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն սատարելու առաջարկին: Ան ըսաւ, որ ասոր համար անհրաժեշտ է միաձայնութեամբ որոշում տալ: Սակայն Միրզոյեան եւ Ֆայոնի չպատասխանեցին հարցումին, որ՝ արդեօք կա՞յ այս օժանդակութեան ընդդիմացող երկիր:
Ֆայոն նաեւ յայտարարեց, թէ Սլովենինա կը սատարէ Երեւանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ զայն նկատելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շատ կարեւոր կարելիութիւն մը: