

Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչները 16 Ապրիլին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած վրանին տակ ընդունեցին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Նիքոլա Պէյը եւ Նոր Քալետոնիայէն Նիքոլա Մեցտորֆը:
Արցախցիները հիւրերուն ներկայացուցին Արցախի ժողովուրդի հիմնահարցերը եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ջանքերը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ սրտացաւութեան համար:
Պատգամաւորները ընդգծեցին հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է ներառէ նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու երաշխաւորումը: Անոնք յատուկ կերպով անդրադարձան Ատրպէյճանը պատժելու անհրաժեշտութեան՝ միջազգային յանցագործութիւններու պատճառով, շեշտելով, որ գործող անպատժելիութիւնը պատճառ դարձած է նոր ոտնձգութիւններու նոյնիսկ Ֆրանսայի հանդէպ:
Պէյ եւ Մեցտորֆ ընդգծեցին իրենց շարունակական աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդլայնել զայն՝ այցելութեան արդիւնքներու հիման վրայ:
Մեցտորֆ նաեւ այցելեց Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին։ «Շատ ուրախ եմ այսօր Հայաստանի մէջ գտնուելուս համար: Ես կրցայ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունենալ Արցախի վտարանդի նախագահին հետ։ Ատրպէյճան այս տարածաշրջանին մէջ ցեղային զտումներ կատարած է հայերու նկատմամբ: Ֆրանսա պէտք է ոչ մէկ բան արտօնէ՝ ի դէմս այս բռնապետութեան, որ կ՛ապակայունացնէ մեր տարածքները ամբողջ աշխարհի մէջ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Մեցտորֆ: